Անժամանակ մահը՝ պա­րու­սոյց Նելլի Աբովեանի

Հայաս­տա­նի պե­տական ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րանի «Պա­րարո­ւես­տի Ման­կա­վար­ժութիւն» ամ­պիոնը վեր­ջերս ու­նե­ցաւ ցա­ւալի կո­րուստ մը։ Կեան­քէն ան­ժա­մանակ հե­ռացաւ ամ­պիոնի եր­կա­րամեայ դա­սախօս, հան­րա­ծանօթ ու սի­րուած պա­րու­սոյց եւ ման­կա­վարժ՝ Նել­լի Աբո­վեան։

Նել­լի Աբո­վեան հա­մալ­սա­րանի իր եր­կա­րամեայ գոր­ծունէու­թեան պատ­ճա­ռաւ ար­ժա­նացած էր պե­տական ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րանի «Խաչատուր Աբովեանի» անո­ւան ոս­կի մե­տայ­լի եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թեան պա­տուա­գիրին։

2018-ի ամա­ռը՝ Գնալը կղզիի մէջ Նել­լի Աբո­վեան ծա­նօթա­ցաւ Պոլ­սա­հայու­թեան հետ երբ որ­պէս պա­րու­սոյց հիւ­րը եղաւ Յա­կոբ Կիւ­լէ­չի հիմ­նած «Աւան­դա­կան» պա­րախումբին։ Նոյն տա­րին Հա­յաս­տա­նէն ժա­մանած էր նաեւ «Լապ­տերներ» ման­կա­կան նո­ւագա­խումբը եւ «Աւան­դա­կան» ու «Մեր Տա­նիք» խումբե­րու կազ­մա­կեր­պութեամբ ու Նել­լի Աբո­վեանի աջակ­ցութեամբ կղզիի մէջ իրա­կանա­ցած էր շարք մը հա­մերգներ, որոնք մեծ խան­դա­վառու­թիւն ստեղ­ծած էին Պոլ­սա­հայու­թեան քով։

Յա­կոբ Կիւ­լէչ երբ Երե­ւանի մէջ պա­րի մաս­նա­գիտու­թեան ու­սում կը ստա­նար ծա­նօթա­ցած էր Նել­լի Աբո­վեանի հետ։ Ան իր յի­շատակ­նե­րը կ՚ամ­փո­փէ սա­պէս. «2017-ին իմ յա­ճախած Ման­կա­վար­ժա­կան Հա­մալ­սա­րանը ծա­նօթա­ցայ իրեն հետ։ Ան իս­կա­կան ման­կա­վարժ ու­սուցչու­հի մըն էր։ Կը խոր­հիմ որ իր շուրջին­նե­րուն վրայ շա­րու­նակ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած է։ Երբ ամա­ռը Պո­լիս գալ ծրագ­րեց ես ալ ու­զե­ցի իմ պա­րախումբի ան­դամնե­րը իրեն հետ ծա­նօթաց­նել՝ վստահ գիտ­նա­լով, որ լաւ ու տպա­ւորիչ ազ­դե­ցու­թիւն մը պի­տի ձգէր բո­լորին վրայ։ Ան նախ­քան գալը ար­դէն ան­մի­ջապէս ծրագ­րած էր իր աշ­խա­տու­թիւննե­րը։

Ան­ցեալ շա­բաթ՝ Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի դաշ­տապտոյ­տի ըն­թացքին աղ­ջիկս՝ Նա­րէն երբ ըն­կերնե­րուն հետ «Նին­նօ» եր­գով կը պա­րէր, յի­շեր է ըն­կեր Աբո­վեանը եւ թար­մա­ցեր են այդ ամա­ռուան յու­շե­րը։

Լաւ որ ճանչցեր ենք զին­քը եւ լաւ որ խա­չաձե­ւուեր են մեր ճամ­բա­ները անոր հետ։ Ան­մո­ռանա­լի յի­շատակ­ներ ձգեց մե­զի։ Հո­ղը թե­թեւ ըլ­լայ, Աս­տո­ւած հո­գին լու­սա­ւորէ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ