Ծրագիր

«Ով յամառ կրքով քար է կրծում,

յաջողեցնում է ատամները
միայն ջարդել»։

Լ.Պ. Ժիւսյօ

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Մեր աւե­տեաց երկրին քա­ղաքա­կան դաշ­տը բազ­մա­բեւեռ է, ուր ներ­կայ են տա­րատե­սակ ընդդի­մադիր խմբեր, որ կու­սակցու­թիւն հա­մարել տե­ղին չէ։ Աներկբայ է, որ գա­ղափա­րախօ­սական հի­մունքնե­րով պայ­քա­րը բա­ցակայ է, երբ այդ խմբե­րը կամ գրպա­նային կու­սակցու­թիւննե­րը աս­պա­րէզ կը մտնեն առանց ստոյգ գա­ղափա­րի կամ ծրագ­րի եւ իրար մի­ջեւ ներ­քա­ղաքա­կան պայ­քա­րը կը վե­րածո­ւի իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լու եզա­կի ձգտու­մի։

Ընդդի­մու­թիւնը իր ձա­խողու­մը կը վե­րագ­րէ իշ­խա­նու­թիւննե­րու ապի­կարու­թեան եւ հա­սարա­կու­թեան կրա­ւորա­կանու­թեան, մինչդեռ իրենց միակ ակնյայտ գոր­ծը փո­ղոցը լու­տանքնե­րով յա­գեցած ցոյ­ցերն են եւ ԱԺ-ի նիս­տե­րու խա­փանու­մը, մին­չեւ իսկ ինքնա­բաւ նշե­լով, որ իրենք են կա­ցու­թեան փրկիչ­նե­րը, ան­յայտ է թէ ինչպէ՞ս, իսկ միւսնե­րը հե­ռու են բա­նակա­նու­թե­նէն եւ առա­ւել հե­տաքրքրո­ւած են նիւ­թա­կանով։

Հա­կաիշ­խա­նական այդ ամ­բո­խը յստա­կօրէն դեռ չէ հասկցած, թէ իրենք դէմ են վար­չա­պետի ան­ձի՞ն, թէ՞ անոր վա­րած աշ­խա­տաձե­ւին։ Պար­զէն պարզ է, որ առա­ջին դէպ­քին պի­տի ներ­կա­յաց­նեն թեկ­նա­ծու, որ դե­ռեւս ան­յայտ է (մո­ռանանք Մա­նու­կեան Վազ­գէ­նի եւ ինչ որ բարձր հո­գեւո­րակա­նի խրտո­ւիլակ վար­կա­ծը), իսկ երկրորդ պա­րագա­յին որե­ւէ մօ­տաւոր ծրագ­րի նշոյլ ան­գամ չկայ։

«Թող Նի­կոլը հե­ռանայ, մենք գի­տենք, թէ ի՛նչ ենք անե­լու» բա­նաձե­ւը այնքան սնան­կա­ցած է, որ ու­շադրու­թեան չ՚արժանանար, իսկ բազ­մա­թիւ ընդդի­մադիր խմբակ­ներ ստոյգ չգի­տեն, թէ ո՞ւմ կը ցան­կա­նան վար­չա­պետի աթո­ռին եւ ի՞նչ ընե­լու, քան­զի նախ­կիննե­րու հիմ­նա­կան նպա­տակը աներկբայ՝ աւա­րը պա­հել ու պահ­պա­նելն է, իսկ գա­ղափա­րի առու­մով որե­ւէ նո­րու­թիւն դեռ չու­նին, իսկ կ՝ու­նե­նա՞ն։

44-օրեայ ան­խուսա­փելի պար­տութիւ­նը ինչ խօսք, որ պատ­ճառ էր ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւննե­րու վար­կա­նիշի անկման, բայց ցա­ւալի է, որ հա­սարա­կու­թեան մի հա­տուա­ծի մէջ ստեղ­ծո­ւած է կա­ռավա­րու­թեան եւ ան­ձի իրար միաւո­րելով ան­հա­տակա­նաց­ման գա­ղափա­րը։ Անոնք յա­ճախ կը մո­ռանան պե­տական շա­հերը գե­րակա­յու­թեան անհրա­ժեշ­տութիւ­նը, որ կար­ծեմ, բա­ցակայ եղած է եր­կար ժա­մանակ։

Ան­կա­րելի է ար­դի վի­ճակէն ել­նե­լով վար­չա­պետի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան աս­տի­ճանը եւ ծա­ւալը որա­կաւո­րել, միայն թէ ճիշդ չէ նաեւ, ամէն ինչ, որ թե­րի է՝ փա­թաթել անոր վզին, չմո­ռանա­լով՝ բա­զում են, որ անոր հետ ու­նին իրենց պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան բա­ժինը, բայց շատ դժո­ւար է ըն­դունիլ սե­փական սխա­լը։

Ի վեր­ջոյ, իրար նկատ­մամբ առա­տօրէն ստոր լու­տանքներ ուղղե­լու փո­խարէն՝ որ­քան շա­հաւէտ կ՚ըլ­լան եր­կի­րը, եթէ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու, առանց բա­ցառու­թեան, ողջ հա­սարա­կու­թեան հետ միասին, ու­նե­նային բա­րեկիրթ կե­ցուածք, որ կը յա­րիրէ մեր հա­զարա­մեայ բար­քե­րուն։

Մեր գո­յատեւ­ման, ար­դի գլխա­ւոր եւ պար­տա­դիր խնդիր­նե­րէն մէկն է մեր դրա­ցի երկրնե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մա­կար­դա­կը եւ որա­կը։ Սահ­մա­նային ամե­նօրեայ կրա­կոց­նե­րը չեն կրնար յաւերժանալ եւ բա­նակ­ցե­լով է, որ պի­տի կա­րողա­նանք այն կա­սեց­նել։ Որո՞ւ հա­մար է գաղտնիք, որ ազե­րինե­րի կող­մէն դի­ւանա­գիտու­թեան պար­տա­ւորու­թիւննե­րու եւ սկզբունքնե­րու խախ­տումնե­րու նպա­տակն է՝ որ­քան կա­րելի է, բա­նակ­ցութիւննե­րու ըն­թացքին, շատ պա­հանջներ ներ­կա­յաց­նել, որ էակա­նին պար­տադրո­ւող բնոյ­թի է, այ­սինքն կի­րառել եւ ուժ եւ դի­ւանա­գիտու­թիւն։

Ար­ցա­խի վի­ճակը կը մնայ հիմ­նա­կան առանցքա­յին հարց, որու լուծման բա­նալի­ները մեր ձեռ­քին չեն։ Հասկնա­լի է, որ Ատրպէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնը ճանչնա­լը Երե­ւանը կ՚ընէ մի­ջազ­գա­յին ակնյայտ որո­շակի ճնշման տակ, որոնց հա­մար չկայ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան գա­ղափար։ Պարզ է, որ որե­ւէ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն, եր­բեք չի հրա­ժարո­ւի Ղա­րաբա­ղի ժո­ղովրդէն, միայն հարց է թէ ինչպի­սի երաշ­խիքներ կը տրո­ւին Ար­ցա­խին։ Աներկբայ է նաեւ, որ տե­ղի ար­դի իշ­խա­նաւոր­նե­րը գո­վելի յա­մառ ցան­կութիւն ու­նին, ինչ գնով որ այն ըլ­լայ պահ­պա­նել ան­կա­խու­թիւնը, որ հիմ­նա­կան որո­շիչ դրոյթ է, քան­զի Պա­քուին անոնք չեն վստա­հեր, իսկ ի՞նչ մի­ջազ­գա­յին ներ­կա­յու­թիւն կը տրո­ւի ան­յայտ է, եւ ցա­ւօք ներ­քին տի­րող կար­ծիքնե­րը հա­կադիր են, երբ ոմանք այն մտքի են թէ կա­րող են ատրպէյ­ճանցի­ներու հետ գոր­ծարք ընել, հա­շուի առ­նե­լով որ ան ռազ­մա­կան, քա­ղաքա­կան, աշ­խարհագ­րա­կան առու­մով գե­րիշ­խող է, ուստի կը վե­րահսկէ բո­լոր շրջան­նե­րը։ Ազե­րինե­րը ար­դի պայ­մաննե­րով թե­լադ­րո­ղի վի­ճակին են։ Այս փաս­տե­րը եթէ հա­սանե­լի ըլ­լան մեր աղմկա­րար­ներ ան­միտնե­րէն ոմանց, ապա կը հրա­ժարո­ւին ափեղցփեղ հայ­հո­յանքնե­րէն եւ փո­խարէ­նը կը լծո­ւին ինչպէս վա­րուե­լու տար­բեր ծրագ­րեր մշա­կել։

(Սեն-Ռա­ֆայէլ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ