Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութենէն ետք Վանի մէջ հայերու պատմութիւնն ու մշակոյթը արտացոլող շինութիւններուն մեծ մասը աւերուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ westernarmeniatv.com-ը։
Պատմական շէնքերէն կանգուն մնացած են միայն քանի մը հատը, իսկ միւսներէն՝ միայն պատերը։ Հայկական արմատներով Իպրահիմ Իլհանը, որ կ՝ապրի «Վանի սիրտը» համարուող Արտամետի մէջ, ջանասիրաբար կ՝աշխատի պահպանել մինչեւ 1914 թուականը կառուցուած տուները եւ 600-700-ամեայ ծառերը: 1900-ականներուն սկիզբը Վանի պատմական շէնքերը մեծ մասամբ կը գտնուէին Վանի ամրոցէն դէպի արեւելք։ Սակայն, անոնց զգալի մասը աւերուեցաւ հայերուն պարտադրուած գաղթին եւ անկէ ետք՝ անպաշտպան մնալու պատճառով։ Յատկապէս 2011-ին Վանի երկրաշարժէն ետք սկսած շինարարութեան իբրեւ արդիւնք՝ հայերու տուներուն տեղ սկսան բարձրանալ բազմայարկ շէնքեր եւ ապօրինի շինութիւններ։ Վերջին տարիներուն իրականացուած «քաղաքային վերափոխումը» եւ կեղծ ուրբանիզացիան պատճառ դարձան, որ հայկական պատմական շէնքերը մէկ առ մէկ քանդուին։
32 տարի լրագրութեամբ զբաղած Իպրահիմ Իլհանը հանգստեան կոչուելէ ետք իր կեանքը նուիրած է անհետացող պատմական շինութիւններու պաշտպանութեան եւ պատմական խաղողի այգիներու մշակման: Անոր պապէն մնացած տուներէն բացի, որ մինչեւ 1914 թուականը ապրած է Արտամետի մէջ, պահպանուած են նաեւ մօտ 700 տարուան ծառեր եւ գիւղատնտեսական առարկաներ։ Հարցազրոյց տալով տեղական թերթերէն մէկուն՝ ան կ՝ըսէ. «Մինչեւ 1915 թուականը մեծ մայրս ու մեծ հայրս կ՝ապրէին այստեղ։ Այս տուները անոնք կառուցած են։ Անոնք մեզի ձգած են նաեւ մեծ այգի մը։ Ես կը փորձեմ պահպանել ու վառ պահել անոնց յիշատակը։ Այս տարի տնկած եմ մօտ 300 տեսակ մրգատու ծառեր՝ դեռ ուրարտական ժամանակներու եւ այլ տեսակի: Մօտ 20-25 տեսակ խնձորի ծառերը, որոնք յայտնի են իբրեւ Արտամետի խնձոր, ես կանգուն կը պահեմ։ Այժմ կը փորձեմ Արարատեան թագաւորութենէն ու մեր պապերէն մնացած ժառանգութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Պատկան մարմիններէն կը պահանջեմ պահպանել հայկական պատմական շինութիւնները»։