ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Շատերու համար անհաւատալի երազ մըն էր, պիտի տարրալուծուի ԽՍՍՄ-ն ու հայ ժողովուրդը իր գրկին պիտի գտնէ անկախ պետականութիւնը։
Հրաշքի համազօր երեւոյթ, Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն այս կողմ, երկար դարեր գահազուրկ մնացած ազգն հայոց, ցեղասպանութեան արհաւիրքն ալ ճաշակելէ ետք, այդ նոյն Ի դարու տեւողութեան, երրորդ անգամ կը ներկայանար պետական գերբ ու դրօշով։
Ինչպէս նախորդ երկուքը, այս երրորդն ալ ազգին կամքով չէ, այլ տարածքաշրջանի պայմաններու փոփոխութեամբ կայացաւ։ Եւ ոչ միայն մեզ՝ հայերուս, այլ Հարաւային Կովկասի բոլոր ժողովուրդներուն համար գործեց նոյն ընթացքը։ Բնական էր այս, քանի որ Վրաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան իրենց տուները կառուցած էին երեք գերտէրութիւններու, Ռուսիոյ, Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններու իրարու հետ բախման կէտի վրայ։
Յիշենք թէ շուրջ հինգ դար առաջ, երբ ռուսի արջը տակաւին այդքան ալ չէր թափանցած իր սթեփներու հարաւը, մեր բնօրրանին մէջ ազատ համարձակ կը շրջէր մի այլ արիւնարբու գազան, այս անգամ Արեւմտեան Հռոմի կայսրութիւն կոչումով։ Այդ արշաւանքով է որ Հայաստան աշխարհ պառակտեցաւ իր անունին կցելով «արեւելա» կամ «արեւմտա» բացատրականները։ Պառակտում՝ որուն նշանակութիւնը սահմանուած չէր միայն աշխարհագրական դիրքով, այլ պառակտեց նաեւ մի ողջ ժողովուրդի մշակութային ու լեզուական միասնութիւնը։
Այս ու նման միտքեր կը տողանցեն գլխուս մէջ, երբ «Հայկական աւիաուղիներ» ընկերութեան ինքնաթիռը դէպի երկինք կը սլանայ ռոպէներու տեւողութեամբ ետին թողելով Իսթանպուլի լուսեղէն գիշերը եւ հետզհետէ խաւարին կը մխրճուի։
Սա ընկերութեան առաջին չուերթն է Երեւան- Իսթանպուլ ուղղութեան վրայ։ Ինքնաթիռը մօտ կէս ժամ առաջ վայրէջք կատարեց Իսթանպուլի օդակայան։ Ուղեւորներու շարքին էին ընկերութեան պատասխանատուները, որոնք մինչեւ 5 Յուլիս Չորեքշաբթի, այսինքն յաջորդ թռիչք, այցելելով իրենց պաշտօնակից զանազան հաստատութիւններ, տեղեկութիւններ պիտի փոխանցեն կատարուած աշխատանքի մասին։
Իսկ մենք այս բոլորին մասին վկայութիւններ բերելու ակնկալութեամբ մասնակցած ենք առաջին չուերթի տունդարձի թռիչքին։
Դիտելով շուրջբոլորը, տեսնելով «Armenian Airlines» գրութիւնը, մանաւանդ ալ ընկերութեան եռագոյն մակնիշը, ակամայ կը վերյիշենք անցեալէն ապրումներ, որոնք մեզ կը տանին 1995-ի Սեպտեմբերին։ Այդ թուականին տակաւին չէր գործեր Երեւան- Իսթանպուլ օդային ուղեգիծը, իսկ Կարսի երկաթուղին եւս կանգ առած էր, արցախեան պարտութեն ետք թրքական իշխանութեան Հայաստանի դէմ շրջափակում գործադրելուն բերմամբ։ Հարկադրաբար դէպի արեւելք երթալու համար բռնեցինք արեւմուտքի ճանապարհը, որպէսզի Սոֆիայի ճամբով հասնինք Հայաստան։
Այդ տարիներուն «Armenian Airlines» ընկերութիւնը կ՛օգտագործէր «ԹՈՒ-134» մակնիշի Թուփոլեվ ինքնաթիռներ, որոնք Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն ետք բաժին ինկած էին Հայաստանին։ Այդ նոյն տարիներուն սկիզբ առած էր սեւ քարոզչութիւն մը, ի դէմ Սովետական օդանաւաշինութեան։ Իբրեւ մասնագէտ ներկայացող այդ քարոզիչները կը պատմէին թէ որքան խարխուլ եւ նախնական են Սովետական ինքնաթիռները։ Մինչդեռ քաղաքացիական օդային ուղեւորութեան կազմակերպութիւններու ցուցակները կը փաստէին թէ Սովետական «Աէրոֆլոթ» ընկերութիւնը աշխարհի բոլոր օդային ընկերութիւններուն կը գերազանցէր թէ ուղեւորներու քանակով եւ թէ ուղութիւններով։ Այդ մեծ եռուզեռի փոխարէն հազուադէպ էին անոր կործանուած ինքնաթիռները։ Թէեւ այդ քաղաքացիական օդային փոխադրութեան կազմակերպութիւնները զուիցեռական «Swissair»ը կը ներկայացնէին ամենաճշդապահ ընկերութիւն ըլլալով, սակայն պարտինք նշել թէ անոր մէկ շաբաթուայ թռիչքներէն աւելին միայն մէկ օրուայ մէջ կը կատարէր Աէրոֆլոթ, մեկնելով Մոսկուայի եօթ օդակայաններէն դէպի երկրի եւ աշխարհի տարբեր ուղղութիւններուն։
Յաջորդ տարի արդէն սկսած էր Երեւան- Իսթանպուլ թռիչքը, որ անուանափոխումներով կը շարունակուի մինչեւ օրս։
***
2 Յուլիս 2023 թուականը նոր էջ մըն է Երեւան- Իսթանպուլ օդային ճամբորդութեան պատմութեան մէջ։ Այդ օր, արդէն գործող «Ֆլայ ուան» եւ թրքական «Փեկասուս» ընկերութիւններուն միացաւ նաեւ նոր մը, վերապրեցնելով երբեմնի պետական «Հայկական աւիաուղիներ» ընկերութեան անունը, հոգ չէ թէ այս անգամ քաղաքացիական նախաձեռնութիւն մը ըլլալով։
Իբրեւ առաջին թռիչքի ճամբորդ, կատարեցինք տոմսի ստուգումները, ուղուեցանք դէպի ինքնաթիռ։ Երկու ժամուայ թռիչքի աւարտին «Էյրպաս Ա- 321» վայրէջք կը կատարէր Երեւանի Զուարթնոց օդակայան։
Սովորական երեւոյթ է, Հայաստան կրկին այցելող իւրաքանչիւր հայ, զարմանքով կը դիտէ երկու այցելութիւններու արանքին արձանագրուած զարգացումը։ Այս տպաւորութիւնը ի զօրու նաեւ Զուարթնոց օդակայանի պարագային։ Ան ալ քաղաքամայր Երեւանի նման իւրաքանչիւր հանդիպման նոր դիմագիծով կը դիմաւորէ իր այցելուն։ Մեր օրինակին մէջ ամենատպաւորիչը տիրող եռուզեռն ու բազմութիւնն էր։ Ականատես եղանք այդ բազմութեան շուտափոյթ կերպով անհետացման, քանի որ անձնագրերու ստուգումը կազմակերպուած էր բոլոր յարմարութիւններով եւ անձնակազմն ալ բաւարար։
Հայաստանը հրապուրիչ եղած է մեզի համար։ Գիտենք նաեւ թէ այդ հրապոյրի կարեւոր մէկ մասը կը պարտինք հայաստանցիին։ Հայաստանը կը սիրենք, քանի որ կը սիրենք ինքը՝ հայաստանցին։ Այդ երկուքը միաձուլուած են մեր գիտակցութեան մէջ։ Հայաստանը եկած էր մեզ դիմաւորելու։ Մեր ընտանեկան յարկի տակ Հայաստան եւ Յովիկ կամ Կիրակոս անունները իրար բնութագրող յատկութիւն ունին։ Երբ Յովիկ կամ Կիրակոս կ՛ըսենք, մեր երեւակայութեան մէջ կը մարմնաւորուի Հայաստանը։ Նոյնպէս երբ Հայաստան կ՛ըսենք, իսկոյն կը յիշենք այդ հարազատ անունները։
Այսքանը անգամ կրնայ գաղափար մը տալ թէ «Հայաստանի աւիաուղիներ»ու պարգեւած հրաւէրը որքան մեծ նշանակութիւն կ՛ունենայ մեզի համար։ Մանաւանդ երբ յիշենք թէ վերջին անգամ Հայաստան այցելած էինք նախքան որ պսակաձեւ ժահրի համավարակը իրենց տուներուն մէջ արգելափակած էր համաշխարհային հասարակութիւնը։
Ուրեմն յաջորդ օրը սկսաւ նախ թղթաբանութեան հարցերը լուծելու վերաբերեալ գործերով։ Երկքաղաքացիութեան փաստաթուղթը համարուող «Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր»ը թէեւ ուժի մէջ է տաս տարի ժամկէտով, բայց միջազգային գործածութեան համար անհրաժեշտ է հինգ տարի ետք վերավաւերացնել զայն։
Հինգ տարի առաջ Հայաստանի անձնագիրը ստացած էինք Դաւիթաշէնի գրասենեակէն։ Այս անգամ տեղացի բարեկամներու կանխազգուշացումով կը դիմենք Բիւրեղաւանի ոստիկանատուն, ուր համեմատաբար շատ աւելի հանդարտ կ՛երեւի։ Արդարեւ դիւրաւ աւարտեցինք այդ գործը, որմէ ետք սկսանք ըմբոշխնել Երեւանի ապրումներու պատճառած ուրախութիւնները։
Մեզ՝ սփիւռքահայերուս համար անսպառ են Հայաստանի, յատկապէս քաղաքամայր Երեւանի պարզած գեղեցկութիւնները, հետեւաբար ուրախ ապրումները։ Անոնք բազմազան են, բազմաբնոյթ։ Մերինը պարզ մարդու յատուկ հաճոյքներ են։ Օրինակ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ ճեմել երեկոյեան ժամերուն, լսելով բարձրորակ երաժշտութիւն եւ դիտելով դէպի վեր ժայթքող լուսեղէն ջուրի սիւները։ Քիչ անդին այս անգամ դիտել գետնէն ժայթքող ջուրերուն մէջ վազվզող կիսամերկ երախաներու ճռուողիւնը։
Այդ պահուն ակամայ կը տարուիմ մտածելու թէ Հայաստանի քաղաքացիին որքան կը սազէ ուրախանալ։
Իսկ ուրախանալը տարբեր դրսեւորումներ ալ կրնայ ունենալ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս մեր ուրախացած այդ նոյն ժամերուն, մեզմէ ոչ շատ հեռու, ուրիշներ ալ բախտախաղերուն հսկայ գումարներ վատնելով կ՛ուրախանան։
Այդ է պատճառը որ, չեմ ուզեր իմ ուրախութիւնները աւելի շատ կիսել ընթերցողին հետ։ «Հայաստանի աւիաուղիներ» ընկերութիւնը որոշած է տոմսի երթ ու դարձի գինը սահմանել մէկ ամիս ժամկէտով 95 Եւրօ ըլլալով։ Վայելեցէք ուրախութեան առիթը։