Միսաք Մանուշեանի աճիւնը կը փոխադրուի պանթէոն

Ֆրան­սա­­յի նա­­խագահ Էմա­­նուէլ Մաք­­րոն յայ­­տա­­­րարեց, որ Ֆրան­­սա­­­կան դի­­մադ­­րա­­­կան շար­­ժումի հե­­րոս­­նե­­­րէն Մի­­սաք Մա­­նու­­շեանի աճիւ­­նը յա­­ռաջի­­կայ տա­­րի պի­­տի փո­­խադ­­րո­­­ւի անո­­ւանի անձնա­­ւորու­­թիւննե­­րու թա­­ղուած պան­­թէոն։

Էլի­­զէի պա­­լատէն կա­­տարո­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ Մաք­­րոն նշած է, թէ Մա­­նու­­շեան իբ­­րեւ հայ բա­­նաս­­տեղծ հա­­մայ­­նա­­­վար եւ դի­­մադ­­րա­­­կան շար­­ժումի գոր­­ծիչ երկրի հա­­մաշ­­խարհա­­յին ար­­ժէքնե­­րէն մէկն է, որու ան­­ձին մէջ կը մարմնա­­ւորո­­ւի ազա­­տու­­թեան, հա­­ւասա­­րու­­թեան եւ եղ­­բայրու­­թեան վե­­հագոյն խոր­­հուրդնե­­րը։

Մաքրոն նաեւ յայ­­տա­­­րարած է, որ Մա­­նու­­շեանի հետ միասին ֆրան­­սա­­­կան դի­­մադ­­րութեան ու­­թը հե­­րոս­­նե­­­րու աճիւննե­­րը եւս 21 Փետ­­րո­­­ւար 2024-ին պի­­տի փո­­խադ­­րո­­­ւին պան­­թէոն։

Ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րու խնդրան­­քով Մա­­նու­­շեանի կո­­ղակի­­ցը Մե­­լինէի աճիւ­­նը եւս պի­­տի փո­­խադ­­րո­­­ւի նոյն վայ­­րը։

Մի­­սաք Մա­­նու­­շեան ծնած էր 1906 թո­­ւին Ատըեաման։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ըն­­թացքին բա­­ցի կրտսեր եղ­­բօր Կա­­րապե­­տէն, զո­­հուած էին իր ըն­­տա­­­նիքի բո­­լոր ան­­դամնե­­րը։

Որոշ ժա­­մանակ ըն­­տա­­­նեկան ծա­­նօթու­­թիւն ու­­նե­­­ցած քիւրտ ըն­­տա­­­նիքի մը խնամ­­քին ապա­­ւինած եր­­կու եղ­­բայրներ պա­­տերազ­­մի աւար­­տին ու­­ղարկո­­ւեցան սու­­րիական տի­­րապե­­տու­­թեան տակ գտնո­­ւող որ­­բա­­­նոց մը։ Մի­­սաք 1925-ին հայ­­րե­­­նազուրկ գաղ­­թա­­­կան մը ըլ­­լա­­­լով Ֆրան­­սա հա­­սաւ։ Ան­­դա­­­մակ­­ցե­­­ցաւ Ֆրան­­սա­­­յի կո­­մու­­նիստ կու­­սակցու­­թեան։ 1943-ին ալ մաս­­նակցե­­ցաւ Երկրորդ հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին Ֆրան­­սան գրա­­ւած Գեր­­մա­­­նական ֆա­­շիզ­­մի դէմ դի­­մադ­­րա­­­կան շար­­ժումին։ Գլխա­­ւորեց բո­­լորն ալ իր նման գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող ջո­­կատը։ Այդ ջո­­կատին ան­­դա­­­մակ­­ցած էին նաեւ բազ­­մա­­­թիւ հրեաներ։

1944-ին Մա­­նու­­շեանի հետ միասին ձեր­­բա­­­կալո­­ւած 23 յե­­ղափո­­խական­­ներ գնդա­­կահա­­րուե­­ցան նա­­ցինե­­րու կող­­մէ։

Նա­­ցիներ այդ մա­­հապա­­տիժը իրենց հա­­շուոյն յաղ­­թա­­­նակ հա­­մարե­­լով որ­­մազդներ պատ­­րաստե­­ցին ու փակ­­ցուցին երկրի բո­­լոր քա­­ղաք­­նե­­­րու պա­­տերուն։ Որ­­մազդի­­ներու վրայ գրո­­ւած էր «Յան­­ցա­­­գործնե­­րու բա­­նակ»։ Յա­­ջորդ առա­­ւօտ նա­­ցինե­­րու այդ քա­­րոզ­­չութիւ­­նը օդին մէջ ցնդած մնաց, քա­­նի որ ամե­­նուէք գրո­­ւած էր «Ֆրան­­սա­­­յի հա­­մար զո­­հուե­­ցան»։

Այս հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնը մին­­չեւ օրս կը տի­­րէ ֆրան­­սա­­­կան հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ, քա­­նի որ բո­­լորո­­վին տար­­բեր գա­­ղափա­­րական մեր­­ձե­­­ցում ու­­նե­­­ցող քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներն իսկ չեն վա­­րանիր Մա­­նու­­շեանի եւ իր ըն­­կերնե­­րու հան­­դէպ յար­­գանք ցու­­ցա­­­բերե­­լէ։

Մի­­սաք Մա­­նու­­շեանի կո­­ղակ­­ցին՝ Մե­­լինէի յու­­շե­­­րու «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան կող­­մէ հրա­­պարա­­կու­­մով Մա­­նու­­շեանի անու­­նը ծա­­նօթ դար­­ձաւ նաեւ Թուրքիոյ ձա­­խակող­­մեան շրջա­­նակ­­նե­­­րէ ներս եւ այդ մի­­ջավայ­­րի մէջ ալ ան կը դի­­տուի իբ­­րեւ նա­­ցիզ­­մի դէմ հա­­մաշ­­խարհա­­յին դի­­մադ­­րութեան առաջ­­նա­­­տար կեր­­պար մը ըլ­­լա­լով։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ