Նորակազմ Խորհրդարանի Կանանչ Ձախ կուսակցութեան Մարտինի պատգամաւոր Ճորճ Ասլան խորհրդարանի նախագահութեան առաջարկած է հետազօտում կատարել ասորիապատկան տարածքներու յափշտակման խնդրի վերաբերեալ։ Ասլան նշած է, որ Մարտին, Շըրնաք, Հաքքարի եւ մերձակայ տարածքներուն մէջ վերջին 40 տարիներէ ի վեր շարունակուող բախումներու հետեւանքով բազմաթիւ ասորիներ ակամայ հեռացած են իրենց բնօրրանէն։ Անոնց բացակայութեան շրջանին կատարուած քատասդրի ստուգումներով անիրաւութիւններ գործուած են։ Այդ անօրինութիւններէն բաժին կը հասնի նաեւ եկեղեցիներու եւ վանքերու պատկանող տարածքներուն։ Բացի անհատներու սեփականութիւններէն, ասորիաբնակ գիւղերու տարածքներն ալ կը վերստուգուին ի վնաս ասորիներուն։
Այսպէս բազմաթիւ արօտավայր կամ անտառային տարածք գրանցուած է հարեւան գիւղի սահմաններէն ներս։ Ճորճ Ասլան կատարուած անարդարութիւնները սրբագրելու պահանջով դիմում ներկայացուցած է Խորհրդարանի նախագահութեան, ակնարկելով սահմանադրութեան 98-րդ եւ Խորհրդարանի ներքին կանոնագրի 104 եւ 105-րդ յօդուածներուն։