Երկրաշարժը իր հետեւանքներով

ՌՈՀԱՏ ԷՄԵՔՃԻ

12Սեպտեմ­բեր 1980-ի, զի­նորա­կան յե­ղափո­խու­թե­նէ ետք պե­տական ծրագ­րա­ւորու­մով մը դա­տար­կո­ւած կամ մեծ թի­ւով գաղ­թած գա­ւառ­ներ եւ գիւ­ղեր այս ան­գամ ալ երկրա­շար­ժի հե­տեւան­քով կը լքո­ւին։

Երկրա­շար­ժի յա­ջոր­դող օրե­րու եւ շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին այս գոր­ծընթա­ցը բա­ցայայտ կեր­պով տե­սանե­լի դար­ձաւ։

Ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է, որ Թուրքիոյ Ազ­գա­յին Պե­տու­թիւնը երկրի բնակ­չութիւ­նը կ՚ու­զէ վե­րածել ազ­գութեամբ թուրք եւ կրօն­քով մահ­մէ­տական­նե­րու տի­րապե­տու­թեան մը։ Այս մտայ­նութեան հա­մար երկրա­շար­ժը ձեռնտու առիթ մըն էր երկրի ազ­գագրա­կան յատ­կութիւննե­րը վե­րաձե­ւաւո­րելու առումով։

Օրեր շա­րու­նակ ալե­ւիադա­ւան քիւրտե­րու եւ անոնց բնա­կած գիւ­ղե­րուն օգ­նութիւն չէր հա­սած։ Աւե­լին՝ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու եւ ժո­ղովա­րան­նե­րու մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւններն ալ ար­գի­լուե­ցան։

Յայտնո­ւեցան զի­նեալ հրո­սախումբեր, որոնք խրա­խու­սե­ցին դէ­պի այլ վայ­րեր գաղ­թե­լու մղու­մը։

Յատ­կա­պէս Ատըեամա­նի մէջ խարսխած իս­լա­մական աղանդներ թափ տո­ւած են իրենց մար­դորսու­թեան աշ­խա­տանքնե­րուն։ Երա­խանե­րուն կը բաժ­նեն կրօ­նական քա­րոզ­չութիւն բո­վան­դա­կող գրքոյկներ։ Իբ­րեւ թէ օգ­նութեան հա­մար ու­ղարկուած արկղե­րէն իս­լամ կրօն­քի պատ­շա­ճող տա­րազ­ներ դուրս կու գան։

Ազ­գա­յին այ­լա­սերու­մը եւ բնակ­չութեան գաղ­թը աշ­խուժաց­նող ազ­դակ մըն ալ տե­ղացի ժո­ղովուրդին այլ եր­կիրներ գաղ­թե­լու հա­մար աշ­խա­տող խմբակ­նե­րու գո­յու­թիւնն է։ Ար­դէն մա­մու­լի էջե­րէն լսած էինք ծնո­ղազուրկ դար­ձած երա­խանե­րու դէ­պի մեծ քա­ղաք­ներ, աղանդնե­րու հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող հաս­տա­տու­թիւննե­ր ղրկուելու մա­սին։ Վրայ հա­սաւ Կրօ­նից տես­չութեան «Որ­դեգրո­ղը կրնայ ամուսնա­նալ, որ­դեգրա­ծին հետ» յայ­տա­րարու­թիւնը, որ ինքնա­բերա­բար յի­շեցուց «Տէր­սի­մի կո­րուստեալ աղ­ջիկնե­րը» անո­ւանու­մով ծա­նօթ նա­խորդ փոր­ձե­րը։ Այս պատ­կե­րը կը բնու­թագրո­ւի «Զել­զե­լէն (երկրա­շարժ) Թեր­թե­լէի (Տէր­սի­մի ալե­ւինե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն) վե­րածո­ւեցաւ» ար­տա­յայ­տութեամբ։

Երկրա­շար­ժի հետ միասին ակա­նատես եղանք ան­հատնե­րու, հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու եւ ազ­գա­յին կամ կրօ­նական խմբակ­նե­րու կրօ­նական հա­ստա­տու­թիւննե­րու պար­զած զօ­րակ­ցութեան մեծ ար­շա­ւին։ Այդ ար­շա­ւը իր ար­ձա­գան­գը ու­նե­ցաւ նաեւ հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ։ Աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րէն ան­հատներ, կազ­մա­կեր­պութիւններ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան փու­թա­ցին աղէ­տեալ­նե­րու կեան­քի պայ­մաննե­րը բա­րելա­ւելու նպա­տակով։

Երկրէ ներս ժո­ղովուրդի գլխա­ւոր դժգո­հու­թիւնն էր պե­տական կա­ռոյցնե­րու մի­ջեւ յստա­կօրէն տե­սանե­լի դար­ձած ան­կազմա­կեր­պութիւ­նը։ Երկրա­շար­ժի յա­ջոր­դող առա­ջին երեք օրե­րուն ոչ ԱՖԱՏ, ոչ Կար­միր Մա­հիկը եւ ոչ ալ բա­նակը տե­սանե­լի դար­ձած էին հա­սարա­կու­թեան աչ­քին։ Քա­ղաք­նե­րէ ներս կու­սա­կալ­նե­րու նա­խաձեռ­նութեամբ գո­յացած հա­մագոր­ծակցու­թեան կեդ­րոննե­րը ամ­բողջո­վին ան­բա­ւարար ու ան­հա­ղորդ մնա­ցին։ Այս թե­րացու­մի հե­տեւա­նքով բիւ­րա­ւոր մար­դիկ սա­ռելով մա­հացան։

Հա­զիւ երկրա­շար­ժի չոր­րորդ օրը տե­սանե­լի դար­ձած պե­տու­թիւնը իբ­րեւ առա­ջին գործ ձեռ­նարկեց եկած օգ­նութեան աղէ­տեալ­նե­րու բաշ­խո­ւելու գոր­ծը կեդ­րո­նաց­նել իր հսկո­ղու­թեան տակ։ Քա­ղաք­նե­րու մուտքին տե­ղադ­րո­ւած ստուգման կէ­տերը ար­գելք հան­դի­սացան օգ­նութեան նիւ­թե­րով լե­ցուն հա­րիւ­րա­ւոր բեռ­նա­տար­նե­րու քա­ղաք մուտքին։

Դժգո­հու­թեան ալիք մըն ալ գո­յացաւ, երբ լսո­ւեցաւ թէ Կար­միր Մա­հիկը փո­խանակ աղէ­տի գօ­տի ղրկե­լու, պա­տուի­րատու­նե­րու կը վա­ճառէ վրան­ներ։ Այս ըն­կե­րու­թիւնը 46 մի­լիոն ԹԼ-ի փո­խարէն 2050 վրան­ներ վա­ճառած է «ԱՀ­ՊԱՊ» հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան։ Կար­միր Մա­հիկը նոյնպէս վրան վա­ճառած է Թուրքիոյ Դե­ղագործնե­րու միու­թեան։

Նա­խագահ Էր­տո­ղան աղէ­տեալ գօ­տիի տա­սը քա­ղաք­նե­րուն հա­մար յայ­տա­րարեց երեք ամիս ժամ­կէ­տով ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու դրու­թիւն։

Այս յայ­տա­րարու­թե­նէն ան­մի­ջապէս ետք տան­ջանքի եւ վատ վե­րաբե­րու­մի մա­սին լու­րեր հաս­նիլ սկսան։ Ար­դէն ծա­ւալած էր գաղ­թա­կան­նե­րը թի­րախա­ւորող ատե­լու­թեան ար­շաւ մը։ Զա­նազան շրջա­նակ­ներ թա­լանի ու կո­ղոպու­տի դէպ­քե­րը կը վե­րագ­րէին սու­րիացի գաղ­թա­կան­նե­րուն։

Բա­նակա­յին­նե­րու աղէ­տեալ գօ­տիի մէջ տե­ղակա­յու­մէն ետք տար­բեր քա­ղաք­նե­րէ անօ­րինու­թեան լսումներ բարձրա­ցան։ Հա­թայի մէջ տե­ղակա­յուած Ոս­տի­կան զօ­րաց միաւո­րումնե­րը, թէ ժո­ղովուրդին եւ թէ օգ­նութեան փու­թա­ցող­նե­րուն հան­դէպ բռնու­թիւն կի­րարե­ցին։ 11 Փետ­րո­ւարին Հա­թայի Ալ­թը­նէօզիւ գա­ւառի Ոս­տի­կան զօ­րաց ոս­տի­կանա­տուն բե­րուած 27-ամեայ Ահ­մետ Կիւ­րեշճի, հոն հան­դի­պած տան­ջանքնե­րուն հե­տեւան­քով մա­հացաւ։

Երկրա­շար­ժէն հինգ ամիս­ներ ետք տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի պատսպար­ման կա­րիքը։ Ստու­գո­ւած է թէ 11 քա­ղաք­նե­րէ ներս փլած են 637 հա­զար 222 ան­ջատ բնա­կարան­ներ։ Ցարդ բաժ­նո­ւած է 411 հա­զար վրան։ Կը նա­խատե­սուի երկրա­շար­ժէ տու­ժած շրջան­նե­րու մէջ կա­ռու­ցել 209 տո­միկա­յին բնա­կավայր։ Նախ­կին Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լու երկրա­շար­ժին 60-րդ օրին յայ­տա­րարած էր թէ տե­ղադ­րո­ւած է 15 հա­զար 809 տո­միկ­ներ։

Անվտան­գութեան ընդհա­նուր տնօ­րէնի տե­ղակալ Ռե­սուլ Հո­լօյէղ­լո­ւի փո­խան­ցած տո­ւեալ­նե­րով Ըն­տա­նիքի եւ ըն­կե­րային ծա­ռայու­թիւննե­րու նա­խարա­րու­թեան հաս­տա­տու­թիւննե­րուն մէջ կը խնա­մուին 51 երա­խայ։ Առող­ջա­պահա­կան նա­խարա­րու­թեան հաս­տա­տու­թիւննե­րէ ներս ալ կը դար­մա­նուին 162 երա­խաներ, որոնց ինքնու­թիւնը չէ ճշդո­ւած եւ 131-ը մէկ տա­րեկա­նէն փոքր են։ 55 երա­խայի հա­մար մեր­ձա­ւոր­նե­րը կո­րուստի դի­մում կա­տարած են եւ անոնց փնտռտու­քը կը շա­րու­նա­կուի։ Նոյնպէս 140 չա­փահաս­նե­րու հա­մար ալ կո­րուստի դի­մում կա­տարո­ւած է։

Եր­կա­րաշար­ժին յա­ջոր­դեց գաղ­թի հո­սանք մը։ Աղէ­տի գօ­տիին մէջ բնա­կող­նե­րը 13 մի­լիոն էին։ Անոնցմէ մէկ մա­սը գա­ւառ­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու բնա­կիչ իրենց ազ­գա­կան­նե­րու տու­նը փո­խադ­րո­ւեցան, իսկ մէկ մասն ալ գաղ­թե­ցին Իս­թանպուլ, Ան­գա­րա, Իզ­միր կամ Մեր­սի­նի նման մեծ քա­ղաք­ներ։ Բջջա­յին հե­ռախօս­նե­րու ըն­կե­րու­թիւննե­րը հա­ղոր­դե­ցին թէ երկրա­շար­ժէն մէկ օր առաջ աղէ­տեալ գօ­տիէն ազ­դանշան տո­ւող 2,5 մի­լիոն բա­ժանորդնե­րու հա­մար­նե­րը հի­մա այլ քա­ղաք­նե­րէն ազ­դանշան կու տան։ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի հա­մաձայն աղէ­տի գօ­տիէն հե­ռացող­նե­րը 2,2 մի­լիոն են, իսկ ՄԱԿ-ի զար­գացման ծրագ­րի (UNDP) Թուրքիոյ ներ­կա­յացու­ցիչ Լո­ւիզա Վին­թօ­նի հա­մաձայն 2,7 մի­լիոն։

Պե­տական մար­միննե­րը այժմ իրենց ու­շադրու­թիւնը ուղղած են քա­ղաքա­շինու­թեան։ Սա­կայն հա­սարա­կու­թեան մօտ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան կա­րիքը տա­կաւին կը շա­րու­նա­կուի։ Ալ աւե­լի մտա­հոգիչ է վա­րակիչ հի­ւան­դութիւննե­րու յայտնու­թեան հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Ար­դէն իսկ պար­զո­ւած է կարմրախ­տի դէպ­քե­րու ու­շագրաւ աճ։

Երկրա­շար­ժի հե­տեւանքնե­րը, յատ­կա­պէս աղէ­տի գօ­տիի մէջ կը շա­րու­նա­կեն այժմէական մնալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ