Երբ հասած է ուսման տարեշրջանի աւարտը, այլ խօսքով վերջին զանգի պահը, բնականաբար քաղաքիս բոլոր վարժարանները կը կազմակերպեն յատուկ միջոցառումներ, շրջանաւարտ սաներուն հրաժեշտ տալու համար։ Այդ ընդհանուրի մէջ սիրեցինք տեղ տալ Թօփգաբուի վարժարանին, քանի որ ան մեր ուսման համակարգի ամենաանտեսուած դպրոցներէն մէկն է։ Ի դէմ այդ անարդար համոզումին, կը ստանձնէ շատ կարեւոր առաքելութիւն մը՝ ուսում ջամբելով մեր համայնքի նոյնպէս անտեսուած հատուածի երախաներուն։ Գաղտնիք չէ թէ Քիւչիւքչեքմեճէի, Աւճըլարի կամ Շիրինէվլերի բնակիչներուն համար որոշ մերժողական մօտեցում ցուցաբերող կարգ մը հայկական դպրոցներու փոխարէն Լեւոն Վարդուհեանը իր դռները լայն բացած է այդ շրջակայքի ուսանողներուն դիմաց։ Մենք կ՚ողջունենք իրենց գիտակցութիւնը եւ ուրախութեամբ կը բաժնենք աւարտական հանդէսի ոգեւորութիւնը։
Ս.Նիկողայոս Եկեղեցւոյ «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի միջնակարգի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Հանդէսին ներկայ էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Եդուարդ Հարբութ, ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, թաղային խորհուրդի անդամ եւ անդամուհիներ, վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը, ծնողաց միութիւնը, ծնողներ եւ այլ հիւրեր։
Այս տարուան միջնակարգի ընթացաւարտները ձեռնարկի ընթացքին մասնաւորաբար արտայայտուեցան դպրոցի հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյ ու հաւատարմութեան մասին։ Եւ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ ծնողներուն՝ որ ինը տարիներու ընթացքին շարունակ իրենց նեցուկ կանգնեցան։
Կազմակերպուած ձեռնարկը սկսաւ ութերորդ դասարանի սաներուն հայերէն ոտանաւորներով։ Շրջանաւարտները բեմ բարձրացան նաեւ իրենց գրի առած անգլերէն եւ թրքերէն կարճ թատերախաղերով։ Ծրագիրը շարունակեց տղոց երգած խանդավառ երգերով։ Տեղի ունեցաւ նաեւ պաստառի ցուցադրութիւն մը, որու ընթացքին տողանցեցին աւարտական դասարանի ուսումնական շրջանէն դրուագներ։
Տնօրէնուհի Անիթա Թումաեան ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը ուր տղոց մաղթեց յաջողութիւններ իրենց ապագայ կրթական կեանքին համար։
Տղոց ուղղեալ իր սրտի խօսքը ըրաւ նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Եդուարդ Հարբութ։ Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, չմոռցաւ նաեւ ուղարկել իր շնորհակալութիւնները վարժարանի տնօրէնութեանց, ուսուցչաց կազմին, ծնողաց միութիւններուն, քարտուղարութեան եւ անձնակազմին։
Վարժարանին առաջինը թուաբանութեան եւ գիտութեան դասերու մէջ իր ցուցաբերած բացառիկ յաջողութեան շնորհիւ արժանացաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամին։ Յատուկ նուէրներով վարձատրուեցան նաեւ աւարտական դասարանի յաջողագոյն աշակերտները։
Յետոյ վարժարանի վարիչներու եւ կրթական մշակներու ձեռամբ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ աշակերտներուն յանձնուեցան վարժարանի խորհրդանշական վկայականները։
Ապա հանդէսը շարունակեց վարժարանի պարտէզը ուր ընթացաւարտները ներկայացուցին պարեր։ Ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած պզտիկ ընթունելութեան ընթացքին տղաքը սեղաններուն շուրջ հաճելի ժամանց ունեցան եւ իրենց համար հատուեցաւ կարկանդակ մը։