Կլիմաերեւակայական գրականութիւն եւ բնաքննադատութիւն գաւառի գրականութեան մէջ. Համաստեղ եւ Տափան Մարգար

ՄԵՐԻ ԹԵՔ ՏԵՄԻՐ

Հայկա­կան վար­­­ժա­­­­­­­րան յա­­­ճախած որե­­­ւէ աշա­­­կեր­­­տի նման, գա­­­ւառի գրա­­­կանու­­­թեան գրող­­­նե­­­­­­­րէն Հա­­­մաս­­­տե­­­­­­­ղի անու­­­նը կար­­­դա­­­­­­­ցած էի «Թան­­­գա­­­­­­­րան» դա­­­սագիր­­­քին մէջ, բայց բնաւ չէի խո­­­րացած։ Ասի­­­կա նկա­­­տեցի Բար­­­ռե­­­­­­­սիա գո­­­լէք­­­թի­­­­­­­ւին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած գա­­­ւառի գրա­­­կանու­­­թեան քննար­­­կումնե­­­րուն ըն­­­թացքին, եւ այս փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թեան մա­­­սին կ՚ու­­­զեմ խօ­­­սիլ այս յօ­­­դուա­­­ծով։

Գե­­­ղամ Սե­­­ւանին գրու­­­թեան ընդմէ­­­ջէն կը յի­­­շեմ առա­­­ջին ան­­­գամ 1895-ին Խար­­­բերդի Փեր­­­չէնճ գիւ­­­ղը ծնած Համ­­­բարձում Կէ­­­լէնեանին Հա­­­մաս­­­տեղ գրչա­­­նու­­­նը որ­­­դեգրած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն մա­­­սին կար­­­դալս։ Աւե­­­լին, կը յի­­­շեմ կար­­­դալս՝ իր ման­­­կութեան եւ ու­­­սուցչու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն մա­­­սին՝ պատ­­­կե­­­­­­­րազար­­­դո­­­­­­­ւած բնու­­­թեամբ, եկե­­­ղեցի­­­ներով եւ գիւ­­­ղա­­­­­­­ցինե­­­րով, 1913 թո­­­ւակա­­­նին մեկ­­­նումը Ամե­­­րիկա՝ միանա­­­լու հա­­­մար տա­­­րի մը առաջ ար­­­դէն հոն հաս­­­տա­­­­­­­տուած իր հօր, եւ ու­­­սա­­­­­­­նողու­­­թեան եւ գրա­­­կանու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն մա­­­սին։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս, Հա­­­մաս­­­տե­­­­­­­ղի գրա­­­կանու­­­թեան աշ­­­խարհին մէջ առա­­­ջին քայ­­­լերս առի իր «Տա­­­փան Մար­­­գար»ին հետ։

Պարզ բա­­­ռերով՝ «Տա­­­փան Մար­­­գար»ը կարճ պատ­­­մո­­­­­­­ւածք մըն է, ուր գրո­­­ղը կը նկա­­­րագ­­­րէ գա­­­ւառը եւ Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րը՝ հիմ­­­նո­­­­­­­ւելով իր ման­­­կութեան յի­­­շողու­­­թեան վրայ։ Նախ­­­քան գրու­­­թեան հե­­­րոս Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րին ծա­­­նօթա­­­նալ­­­նուս, կը ծա­­­նօթա­­­նանք խրտո­­­ւիլակ­­­նե­­­­­­­րուն՝ գիւ­­­ղին ար­­­տե­­­­­­­րուն պա­­­հակ­­­նե­­­­­­­րուն։ Սա­­­կայն այս խրտո­­­ւիլակ­­­նե­­­­­­­րը կեն­­­սա­­­­­­­զուրկ չեն՝ հե­­­ղինա­­­կը կեանք փչած է անոնց մէջ, այնպէս ինչպէս պատ­­­կե­­­­­­­րացու­­­ցած էր զա­­­նոնք 7-8 տա­­­րեկան հա­­­սակին։ Խրտո­­­ւիլակ­­­նե­­­­­­­րը քիչ մը գի­­­նով են, քիչ մը քա­­­լելու դժո­­­ւարու­­­թիւն ու­­­նին (անոնցմէ մէ­­­կուն քա­­­լելը տես­­­նե­­­­­­­լը կը յի­­­շէ) ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած են ո՛չ թէ Աս­­­տուծոյ կող­­­մէ, այլ՝ գա­­­ւառա­­­ցինե­­­րուն։ Հե­­­ղինա­­­կը խրտո­­­ւիլակ շի­­­նող հո­­­ղագոր­­­ծը «արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ» կը կո­­­չէ։ Խրտո­­­ւիլակ­­­նե­­­­­­­րուն ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մէն ան­­­մի­­­­­­­ջապէս ետք կը հան­­­դի­­­­­­­պինք Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րին։ Այս հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մով կը նկա­­­տենք, որ մա­­­նու­­­կին՝ քա­­­լելը տես­­­նել կար­­­ծած խրտո­­­ւիլա­­­կը խոր­­­քին մէջ Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րը ի՚նքն է, եւ Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րին նկա­­­րագ­­­րութիւ­­­նը այդքան ալ տար­­­բեր չէ խրտո­­­ւիլակ­­­նե­­­­­­­րէն։ Տա­­­փան Մար­­­գար բո­­­լորէն մէ­­­կու­­­սա­­­­­­­ցած կեր­­­պար մըն է, ամէն ինչ, որ կը հե­­­տաքրքէ զինք, կը պատ­­­կա­­­­­­­նի բնու­­­թեան։ Իր կե­­­րակ­­­րած կո­­­վերն ու եզ­­­նե­­­­­­­րը, գիւ­­­ղին օդը, ջու­­­րը, մար­­­գա­­­­­­­գետին­­­նե­­­­­­­րը բո­­­լորը առնչո­­­ւած են իր գոր­­­ծին եւ կեն­­­սա­­­­­­­կան են։ Պէտք չու­­­նի որե­­­ւէ այլ բա­­­նի կամ ոեւէ այլ մէ­­­կուն մա­­­սին մտա­­­ծելու։ Հա­­­կառակ իր կնոջ՝ Թա­­­մարին հա­­­մոզու­­­մին, – Թա­­­մարը, որ պատ­­­մութեան մէջ կին կեր­­­պա­­­­­­­րի մը կարծրա­­­տիպե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացումն է եւ որ կը ձգտի թշո­­­ւառ ամուսնոյն իր հան­­­դէպ ու­­­նե­­­­­­­ցած հե­­­տաքրքրու­­­թեան պա­­­կասին լու­­­ծումներ յա­­­ռաջաց­­­նել՝ մին­­­չեւ իսկ այ­­­ցե­­­­­­­լելով բախ­­­տա­­­­­­­գու­­­շա­­­­­­­կի՝ «Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րի սիր­­­տը կի­­­ներուն հա­­­մար չէր, այլ իր գո­­­մէշ­­­նե­­­­­­­րուն, ար­­­տե­­­­­­­րուն, լուծքին, ջրտու­­­քին, այս բո­­­լորին հա­­­մար» (էջ 10)։ Երբ բնու­­­թեան եւ իր գոր­­­ծին հան­­­դէպ իր դիր­­­քը կը դառ­­­նայ ձե­­­ւով մը ան­­­ջա­­­­­­­տում, Տա­­­փան Մար­­­գար ինքզինք կը նոյ­­­նացնէ խրտո­­­ւիլակ­­­նե­­­­­­­րուն հետ եւ բնու­­­թեան հա­­­ւաքա­­­կան կեան­­­քին մէջ իրեն յա­­­տուկ ժա­­­մանա­­­կայ­­­նութիւն մը կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ։ Կա­­­րելի է զայն մէկ­­­նա­­­­­­­բանել եղա­­­նակա­­­յին շրջա­­­դար­­­ձութեան մէջ, որ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի պատ­­­մութեան ըն­­­թացքին, քա­­­նի որ Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րի իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր գոր­­­ծին սկիզբն ու աւար­­­տը, ըլ­­­լայ ատի­­­կա ար­­­տին մէջ կամ իր կե­­­րակ­­­րած անա­­­սուննե­­­րուն հետ, տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ եղա­­­նակա­­­յին շրջա­­­դար­­­ձութեան մէջ։ Այս եղա­­­նակա­­­յին շրջա­­­դար­­­ձութեան հետ մէկ­­­տեղ իր կեր­­­պարն ալ կը ձե­­­ւափո­­­խուի պատ­­­մութեան ըն­­­թացքին՝ կա­­­մաց-կա­­­մաց միաձու­­­լո­­­­­­­ւելով բնու­­­թեան հետ եւ դառ­­­նա­­­­­­­լով խրտո­­­ւիլակ մը։ Այս կեր­­­պա­­­­­­­րանա­­­փոխու­­­թիւնը իր գա­­­գաթ­­­նա­­­­­­­կէտին կը հաս­­­նի կայ­­­ծա­­­­­­­կի փայ­­­լա­­­­­­­տակու­­­մով։ Բնու­­­թեան յան­­­կարծա­­­կի հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեամբ, կայ­­­ծա­­­­­­­կի ար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մէն ճիշդ առաջ, եր­­­կինքը կ՚ամ­­­պո­­­­­­­տի։ Մար­­­դիկ իրենց տու­­­նե­­­­­­­րը կը վա­­­զեն փո­­­թորի­­­կին մէ­­­ջէն, որ կէս ժամ մը կը տե­­­ւէ. մար­­­գա­­­­­­­գետին­­­նե­­­­­­­րը թա­­­փառող անա­­­սուննե­­­րը աջ ու ձախ կը վազվզեն, ծա­­­ռերը մէկ կող­­­մէն միւ­­­սը կը տարտղնին. այս պատ­­­կերնե­­­րը միտ­­­քին մէջ կ՚երե­­­ւակա­­­յես եթէ ոչ վրձի­­­նով՝ այլ բա­­­ռերով։ Մինչ բո­­­լոր տե­­­սողա­­­կան եւ շար­­­ժա­­­­­­­կան նկա­­­րագ­­­րումնե­­­րը կ՚աւար­­­տին փո­­­թորի­­­կին հան­­­դարտու­­­թեամբ, Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րը կը գտնենք վի­­­րաւոր վի­­­ճակի մէջ. ան կայ­­­ծակնա­­­հար ին­­­կած է իր անա­­­սուննե­­­րուն քով։ Այս բնու­­­թեան մէջ, ուր խրտո­­­ւիլակ­­­նե­­­­­­­րը կեան­­­քի կու գան, Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րը ան­­­շունչ կը դառ­­­նայ։ Այ­­­նո­­­­­­­ւամե­­­նայ­­­նիւ, երբ տուն կը բե­­­րուի ան, շու­­­տով կ՚անցնի յա­­­ջորդ օրո­­­ւան գոր­­­ծի եւ կեն­­­դա­­­­­­­նինե­­­րուն կե­­­րակ­­­րե­­­­­­­լու պատ­­­րաստու­­­թեան։ Պատ­­­մութեան աւար­­­տին, բնու­­­թիւնն է, որ կը դա­­­տէ Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րին, որուն կեան­­­քը ամ­­­բողջու­­­թեամբ բնու­­­թեան նո­­­ւիրո­­­ւած էր։

Այ­­­սօր կը հասկնանք գա­­­ւառը իր ընդհա­­­նուր իմաս­­­տին մէջ՝ իբ­­­րեւ հա­­­յերուն գիւ­­­ղա­­­­­­­կան կեան­­­քը, եւ ան­­­շուշտ անոր կը նա­­­յինք գիւ­­­ղա­­­­­­­կան կեան­­­քի մէջ բնու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­ցոլաց­­­ման մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կէն, որուն հետ մեր կա­­­պը այ­­­սօ­­­­­­­րուան դրու­­­թեամբ թու­­­լա­­­­­­­ցած է, եւ կը հասկնանք զայն դար մը առաջ ապ­­­րած գա­­­ւառա­­­ցինե­­­րու հա­­­մեմա­­­տաբար խա­­­ղաղ կեան­­­քի հայ­­­րե­­­­­­­նաբաղ­­­ձութեան դի­­­տան­­­կիւնէն։ Այ­­­սուհան­­­դերձ, Տա­­­փան Մար­­­գարն ու այլ պատ­­­մո­­­­­­­ւածքներ ցոյց կու տան, թէ գա­­­ւառի գրա­­­կանու­­­թեան գրող­­­նե­­­­­­­րուն միակ նպա­­­տակը գա­­­ւառը իտէալա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լը չէր։ Գրա­­­կանու­­­թեան մէջ կա­­­րօտի ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը ան­­­պայմա­­­նօրէն չի նշա­­­նակեր իտէալա­­­կանա­­­ցում։ Տա­­­փան Մար­­­գա­­­­­­­րի պա­­­րագա­­­յին, կը տես­­­նենք, որ գա­­­ւառի գրա­­­կանու­­­թիւնը կը խօ­­­սի բնու­­­թեան եւ մարդ արա­­­րածին մի­­­ջեւ յա­­­րաբե­­­րու­­­թեան մա­­­սին՝ մշա­­­կոյ­­­թի բնա­­­բանէն, ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի մը ըն­­­թացքին, ուր բնաւ խօսք չկար կլի­­­մային եւ բնա­­­պահ­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան մա­­­սին։ Հա­­­մաս­­­տեղ իր հե­­­րոսին բո­­­լոր զգայ­­­նութիւննե­­­րը կը վե­­­րագ­­­րէ բնու­­­թեան։ Գա­­­ւառա­­­ցինե­­­րը կը սոս­­­կան բնու­­­թեան զայ­­­րոյթէն։ Այլ պատ­­­մութեան մէջ կը տես­­­նենք, որ գա­­­ւառա­­­ցինե­­­րուն մշա­­­կը ամ­­­բողջո­­­վին անձրե­­­ւէն կա­­­խեալ է։ Գա­­­ւառի գրա­­­կանու­­­թեան մէջ Հա­­­մաս­­­տե­­­­­­­ղի մատ­­­նանշած բնու­­­թեան եւ մարդ արա­­­րածին ներ­­­դաշնա­­­կու­­­թիւնը շատ կա­­­նու­­­խէն մէջ­­­տեղ եկած բնաքննա­­­դատա­­­կան (ecocritic) մօ­­­տեցում եւ կլի­­­մաերե­­­ւակա­­­յական է (climate-…ction, iklim kurgusal) ար­­­դի աշ­­­խարհի գրա­­­կանու­­­թեան մէջ։ Ի դէպ, գա­­­ւառի գրա­­­կանու­­­թիւնը ո՛չ հայ­­­կա­­­­­­­կան եւ ոչ ալ թրքա­­­կան գրա­­­կանու­­­թեան մէջ լաւ ճանչցո­­­ւած է՝ ուր մնաց հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին գրա­­­կանու­­­թեան մէջ, թէեւ թարգմա­­­նուած են Հա­­­մաս­­­տե­­­­­­­ղի գոր­­­ծե­­­­­­­րը։ Այ­­­նո­­­­­­­ւամե­­­նայ­­­նիւ, Հա­­­մաս­­­տեղ կար­­­դա­­­­­­­լով, հայ­­­րե­­­­­­­նաբաղ­­­ձութիւ­­­նը գե­­­րազան­­­ցող բա­­­նի մը դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման կը գտնո­­­ւինք։ Եթէ կ՚ու­­­զես գա­­­ւառի մա­­­սին տար­­­բեր վեր­­­լուծումներ յայտնա­­­բերել, կրնաս միանալ մեր գա­­­ւառի գրա­­­կանու­­­թեան յա­­­ջորդ քննար­­­կումին, որ տե­­­ղի պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նայ 26 Յու­­­նի­­­­­­­սին, ժա­­­մը 21։00-ին, առ­­­ցանց։

թարգմա­­­նու­­­թիւն՝ Արազ Գո­­­ճայեանի

Աղ­­­բիւր-Հա­­­մաս­­­տեղ, Հա­­­տըն­­­տիր Պատ­­­մո­­­­­­­ւածքներ. Հա­­­մազ­­­գա­­­­­­­յինի «Վա­­­հէ Սէ­­­թեան» Տպա­­­րան, Պէյ­­­րութ-Երե­­ւան 2008

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ