Գալֆայեանի մարմնամարզական խրախճանքը

Լսելով 14 Յու­­նի­­­սին կա­­յացած մարմնա­­մար­­զա­­­կան խրաք­­ճանքը, ակա­­մայ յի­­շեցի ման­­կութե­­նէս մնա­­ցած ապ­­րումներ։ Ամէն ան­­գամ որ կ՚այ­­ցե­­­լէինք մեծ հօրս Վար­­դա­­­նի եւ մեծ մօրս Արու­­սեակի Սա­­մաթիա, Իզ­­ճի Թիւրք փո­­ղոցի բնա­­կարա­­նը, ես կը գի­­շերէի մօրեղ­­բօրս Մե­­րու­­ժա­­­նի սե­­նեակը։ Այդ սե­­նեակի մէջ ամե­­նաշատ ու­­շադրու­­թիւն կը դարձնէի քե­­ռիիս նո­­ւաճած մե­­տայլնե­­րուն։ Ան այդ մե­­տայլնե­­րուն ար­­ժա­­­նացած էր Սա­­հակեան Վար­­ժա­­­րանի տա­­րեվեր­­ջի մարմնա­­մար­­զա­­­կան մրցումնե­­րուն ար­­ձա­­­նագ­­րած յա­­ջողու­­թեան հա­­մար։ Վազ­­քի, ոս­­տումի, նի­­զակ կամ մուրճ ար­­ձա­­­կելու այդ մրցումնե­­րը աւար­­տին կը հաս­­նէին մաս­­նա­­­կից մար­­զիկնե­­րու կազ­­մած բուրգով։

Ո՞վ գի­­տէ որ­­քան եր­­կար տա­­րիներ է, որ նման մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը կը բա­­ցակա­­յին մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն թե­­րեւս ալ ար­­ժա­­­նի ու­­շադրու­­թիւնը չենք ըն­­ծա­­­յէր մար­­զանքի դա­­սապա­­հերուն։ Մինչդեռ անոնք որ­­քան կեն­­սա­­­կան նշա­­նակու­­թին ու­­նին ոչ միայն երա­­խայի մարմնի ճկու­­նութիւ­­նը ապա­­հովե­­լու, այլ սփոր­­թի յա­­տուկ մշա­­կոյթ մը, ըն­­կա­­­լում մը, ճա­­շակ մը ձե­­ւաւո­­րելու գոր­­ծին մէջ։

Ու­­րեմն Գալ­­ֆա­­­յանի եր­­դի­­­քին տակ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւածը, որ ու­­նի տա­­րեկան հեր­­թա­­­կանու­­թեան աւանդ, քա­­նի որ սկսա­­ծ է 2017 թո­­ւին եւ կը մի­­տի հա­­մախմբել քա­­ղաքիս բո­­լոր հայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն մաս­­նակցող երեք կամ չորս հա­­րիւր աշա­­կերտնե­­րուն խրախ­­ճանքի մթնո­­լորտ մը ապ­­րե­­­լուն։

Այս տա­­րի ալ Գալ­­ֆա­­­յանի մարմնա­­մար­­զա­­­կան խրախ­­ճանքի մե­­կենասն է Տի­­կին Մարգրիտ Աթ­­մա­­­ճա, որ այս ճամ­­բով կ՚ու­­զէր վառ պա­­հել իր սի­­րեցեալ մօր՝ հա­­ւատա­­րիմ արաբ­­կիրցի Վար­­սէն Օրումճաք­­լըէլին յի­­շատա­­կը։ Այդ օր բա­­ցի մարմնա­­մար­­զա­­­կան մրցումնե­­րէն մի­­ջոցա­­ռու­­մը ու­­նե­­­ցաւ դաշ­­տապտոյ­­տի մը բնոյ­­թը։ Գալ­­ֆա­­­յեան վար­­ժա­­­րանի վար­­չութիւ­­նը ար­­դէն պա­­տարստո­­ւած էր այս տե­­սակ մէկ­­տե­­­ղու­­մի մը պա­­հան­­ջած բո­­լոր մի­­ջոց­­ները ապա­­հովե­­լով։ Այսպէս օրո­­ւայ ըն­­թացքին գոր­­ծի մղուեցաւ նաեւ դպղո­­ցի խո­­հանո­­ցը, որ­­պէսզի սնա­­նին հիւ­­րընկա­­լուած աշա­­կեր­­տութիւ­­նը եւ ու­­սուցիչ­­նե­­­րը։

Օրո­­ւայ աւար­­տին բո­­լորը հրա­­ժեշտ կ՚առ­­նէին այս մի­­ջոցառ­­ման ներ­­կայ գտնուելով իրենց ապ­­րած երախ­­տի­­­քը եւ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնը յայտնե­­լով։

Ու­­րա­­­խալի է, որ Գալ­­ֆա­­­յեան առաջ­­նորդ եղած է մարմնա­­մար­­զա­­­կան նման մի­­ջոցա­­ռու­­մի մը, որուն կա­­րօտը ալ աւե­­լի զգա­­լի դար­­ձած է մե­­րօրեայ քաղ­­քե­­­նի ապ­­րումնե­­րուն մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ