Նախկին յանցագործներուն նոր մեղադրանք

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան նիւ­թով դա­տուած մե­ղադ­րեալ­նե­րու դէմ նոր դա­տական գոր­ծո­ղու­թիւն մը մեկ­նարկած է։ Ամ­բաստա­նեալ­նե­րը այս ան­գամ կը մե­ղադ­րո­ւին սահ­մա­նադ­րութիւ­նը հա­տելու եւ Ֆե­թուլլա­հական ահա­բեկիչ աղան­դի ան­դա­մակ­ցե­լու յան­ցանքնե­րով։ 14 Յու­նի­սին կա­յացած առա­ջին նիս­տին հար­ցաքննո­ւեցան վեց մե­ղադ­րեալ­ներ։

Իս­թանպու­լի 14-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի մէջ կա­յացող դա­տական նիս­տին, Տինք ըն­տա­նիքը կը ներ­կա­յաց­նէին փաս­տա­բան­ներ՝ Հիւլյա Տե­ւեճի եւ Էմել Աթաք­թիւրք Սե­ւիմ­լի։ Մե­ղադ­րեալ­նե­րը նիս­տին մաս­նակցե­ցան հե­ռակապ դրու­թեամբ։ Անոնցմէ Ալի Ֆո­ւաթ Եըլ­մա­զէր, Ռա­մազան Աքեիւ­րէք, Էր­հան Թունճէլ, Եասին Հա­յալ, Զէյ­նել Ապի­տին Եաւուզ, Թունճայ Ու­զունտալ եւ Ահ­մետ Իս­քենտեր դա­տապար­տեալ ըլ­լա­լով բան­տարկո­ւած են։ Մե­ղադ­րեալ­նե­րէն Ֆա­րուք Սա­րը եւ Եահեա Էօզ­թիւրք փա­խուստի դի­մած են, իսկ Էր­սին Գոլ­ճու առանց ձեր­բա­կալու­թեան կը դա­տուի։ Իսկ Ատեմ Սաղ­լամ ձեր­բա­կալո­ւած է։ Նիս­տի սկիզ­բին Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան Հիւլյա Տե­ւեճի դա­տավա­րու­թեան մաս­նակցե­լու պա­հանջ ներ­կա­յացուց։ Ապա նախ­կին Լրա­քաղու­թեան բաժ­նի գոր­ծիչ Ալի Ֆո­ւաթ Եըլ­մա­զէր նշե­լով, որ 17 թղթած­րարնե­րով կը դա­տուի, պա­հան­ջեց որ այ­սօր զերծ մնայ դա­տավա­րու­թե­նէն։ Դա­տակազ­մը Եըլմա­զէրի այս պա­հան­ջը ըն­դունեց եւ խօս­քը փո­խան­ցեց ամ­բաստա­նեալ Ատեմ Սաղ­լա­մին։ Ան ալ իր կար­գին պատ­մեց 2004 թո­ւակա­նին Տրա­պիզո­նի «Մեկ Տա­նըլտս»ի դէմ ռմբա­կոծ­ման պատ­ճա­ռաւ առա­ջին ան­գամ Եասին Հա­յալին անու­նը լսե­լուն եւ զինք բեր­ման են­թարկե­լու հա­մար ալ Էր­հան Թունճէ­լի հետ հան­դիպման մա­սին։ Ան նաեւ նշեց որ Հա­յալէն ստա­ցած բո­լոր տե­ղեկու­թիւննե­րը փո­խան­ցած է Տրա­պիզո­նի լրա­քաղու­թեան բաժ­նի հետ։ «Օկիւն Սա­մաս­թի անունն ալ առա­ջին ան­գամ լսե­ցի, երբ հայ­րը հե­ռուստա­ցոյ­ցի էգ­րա­նին վրայ տե­սած էր իր որ­դին եւ փու­թա­ցած ոս­տի­կանա­տուն»։

Ատեմ Սաղ­լա­մի այս խօս­քե­րէն ետք փաս­տա­բան Հիւլյա Տե­ւեճի պա­հան­ջեց, որ մե­ղադ­րեալը յա­ջորդ նիս­տին ներ­կայ գտնո­ւի։

Յե­տոյ հար­ցաքննո­ւեցաւ Լրա­քաղու­թեան բաժ­նի պետ Ռա­մազան Աքեիւ­րէք։ Ան ալ իր կար­գին պա­հան­ջեց, որ պաշտպա­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար պատ­րաստու­թեան կա­րիք ու­նի։

Եասին Հա­յալ իրեն ուղղո­ւած հար­ցումնե­րու պա­տաս­խա­նեց հար­ցումը կրկնե­լով եւ նշեց որ ի զօ­րու է նա­խորդ պաշտպա­նու­թիւննե­րը։ Այս հանգրո­ւանի Հա­յալի իրա­ւապաշտպա­նը մի­ջամ­տե­լով նշեց, որ իրեն դէմ ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքը ժա­մանակվրէպ դար­ձած է, հե­տեւա­բար ինք յետ այ­սու պէտք է լսո­ւի ոչ թէ ամ­բաստա­նեալ, այլ տե­ղեկու­թեան տէր ակա­նատես ըլ­լա­լով։

Էր­հան Թունճէլ ալ ապա­ւինե­ցաւ նոյն պատ­րո­ւակին եւ ըսաւ, որ իրեն հա­մար ալ ի զօ­րու է ժա­մանա­կավ­րէպ ըլ­լա­լու խնդի­րը։ «Մնաց որ այս դա­տավա­րու­թիւնը կրկնու­թիւն է» ըսաւ Էր­հան Թունճէլ։

Բո­լոր լսումնե­րը աւար­տե­լէ ետք դա­տակազ­մը որո­շում կա­յացուց Ալի Ֆո­ւաթ Եըլ­մա­զէր եւ Ռա­մազան Աքեիւ­րէ­քին պա­հան­ջած փաս­տա­թուղթե­րը եւ Էր­սին Եոլ­ճո­ւին ալ ամ­բաստա­նագի­րը ու­ղարկե­լու մա­սին։ Նաեւ որո­շուե­ցաւ, որ Տրա­պիզո­նի ապա­հովու­թեան տնօ­րէնու­թե­նէն հար­ցո­ւի թէ 2005-2006-2007 թո­ւական­նե­րուն Տրա­պիզո­նի լրա­քաղու­թեան բա­ժինը ոճի­րի նա­խապատ­րաստու­թեան մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րը միւս մաս­նա­ճիւ­ղե­րու յատ­կա­պէս ալ Ահա­բեկ­չութեան հետ պայ­քա­րի բաժ­նի տնօ­րէնու­թեան հետ բաժ­նա՞ծ են, թէ ոչ։ Վե­րահաս­տա­տուե­ցաւ Ֆա­րուք Սա­րը եւ Եահեա Էօզ­թիւրքը բեր­ման են­թարկե­լու որո­շու­մը եւ Ատեմ Սաղ­լա­մի ձեր­բա­կալու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնը։

Դա­տական յա­ջորդ նիստը պիտի կայանայ 20 Սեպհեմբեր 2023-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ