ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութենէն ետք իրարայաջորդ կերպով կը յայտնաբերուին նախկին վարչայիններու զեղծարարութիւնները։ Այժմ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վարչայիններ «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանելով հրապարակած եղան խնդրայարոյց բազմաթիւ երեւոյթներ։ Անոնք պարզեցին թէ ընտրութեան յաջորդող օրերուն հիմնադրամի դրամարկղին մէջ մնացած էր 68 հազար լիրայի սահմանով գումար մը։ Մինչդեռ հաշիւներու քննարկումով պարզուեցաւ թէ այդ գումարը պէտք է ըլլար 448 հազար լիրա։
Թաղականութեան նոր վարչայինները հաստատեցին նախորդ հինգ տարիներու տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռուած ըլլալը։ «Այս տարի ալ պիւտճէի բաց պիտի չըլլայ, բայց մեր հիմնական հարցումը ինչո՞ւ համար յաւելեալ գումար չըլլալու մասին է։ Մենք արդէն այս կարճատեւ ժամանակի հատուածին յաջողեցանք ամսական 2,2 միլիոն վարձքի եկամուտը 3 միլիոնի բարձրացնելու։ Մեր վարչութեան փոխանցուած պարտքերուն որոշ մէկ մասը վճարեցինք, մնացեալն ալ վճարման կանոնի մը համաձայն կազմակերպեցինք»։
Վարչայիններու փոխանցուած տեղեկութիւնով պարզուեցաւ, թէ ընտրութեան որոշում կայացնելէ ետք մինչեւ ընտրութեան օրը աւելի քան 40 վարձակալութեան նոր համաձայնագիր կնքուած է։ Սովորաբար ընտրութեան թուականի ճշդումէն ետք այս տեսակ համաձայնութիւնները կը թողուի նորընտիր վարչութեան։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նախորդ վարչութեան շրջանին պաշտօնազրկուած 13 կրթական մշակներու հատուցման պահանջով յարուցած դատին։ Պարզուեցաւ որ նոր վարչութիւնը տրամադիր է անոնց իրաւունքները հատուցելու, բայց այդ պիտի կայանայ իրաւական գործընթացի աւարտէն ետք։
Նաեւ տեղեկացանք թէ նոր վարչութիւնը դիմելով Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան, յատուկ քննութիւն պահանջած է նախորդ շրջանի որոշ կարգադրութիւններուն համար։ «Նշանակուած քննիչին յանձնեցինք մեր ունեցած տուեալները եւ հիմա կը սպասենք իր տեղեկագրին» կ՚ըսեն նորընտիր վարչայինները։