Հրաժեշտ վաստակաւոր գործիչի

Համայնքի ըն­կե­րային կեան­քէ ներս կա­րեւոր կո­րուստ մըն էր Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուքճո­ւի մա­հը։ Ան բա­ցի Գա­րակէօզեան Տան խնա­մակա­լու­թեան պա­տաս­խա­նատու պաշ­տօ­նէն, եր­կար տա­րիներ ստանձնած էր նաեւ Կէ­տիկ­փա­շայի Զո­ւարթնոց երգչա­խումբի խմբա­վարու­թիւնը։

Ար­դա­րեւ ող­բա­ցեալ Չաղ­լը­չու­պուքճո­ւի յու­ղարկա­ւորու­թիւնն ալ կա­յացաւ իր նո­ւիրեալ վաս­տա­կին ար­ժա­նի փա­ռաշուք կեր­պով։ Հա­մայնքա­յին բազ­մա­թիւ գոր­ծիչներ իբ­րեւ սգա­կիր կամ կե­րոնա­կիր եկած էին յար­գե­լու ող­բա­ցեալ Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուքճո­ւի յի­շատա­կը իր վեր­ջին ու­ղե­ւորու­թեան ըն­թացքին։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ