Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հաւատարիմ մնալով ընդունուած աւանդութեան, երրորդ անգամ նախագահ ընտրուելէ ետք արտերկրեայ առաջին այցելութիւնները կատարեց Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնակոչ հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի։
Այս այցելութիւններու ընթացքին նախագահին կ՚ընկերակցէին կողակիցը Էմինէ Էրտողան, Արտ. Գործ. Նախարար Հաքան Ֆիտան, Ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփասլան Պայրաքտար, Պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, Հաղորդակցութեան նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու, Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան նախագահի տեղակալ եւ կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք, Նախագահական հաղորդակցութեան պետ Ֆահրետտին Ալթուն, Ազգային լրաքաղութեան կազմակերպութեան պետ Իպրահիմ Քալըն եւ Նախագահական պաշտպանութեան ճարտարագիտութեան պետ Հալուք Կէօրկիւն։
Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Ան նշեց որ ուժանիւթի խնդիրի հետ առնչուած երկարամեայ աշխատութիւն մը կը մշակուի, որուն մանրամասնութիւնները կ՚ուսումնասիրուի նախարարներու մակարդակով։ Նախագահը ընդգծեց թէ Եւրոպա մտահոգուած է Թուրքիոյ ճամբով ստանալիք կազին համար եւ յայտնեց թէ կը կատարեն իրենց վիճակած պարտականութիւնը։ Էրտողան ընդգծեց նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ կայանալիք զարգացումները եւ շեշտեց Զանգեզուրի միջանցքի անյապաղ բացման անհրաժեշտութիւնը։
Իլհամ Ալիեւէն լսելով Ատրպէյճանի բնակչութեան 10 միլիոնի հասնելու տուեալ, Էրտողան խորհուրդ տուաւ որ Ատրպէյճանցի ընտանիքներ նուազագոյն հինգ երախայ ունենան։ Իսկ իր պաշտօնակիցը այդ թելադրանքը պատասխանեց «Պիտի աշխատինք» ըսելով։
Էրտողան իր խօսքերը եզրափակեց խոստանալով «Մէկ ազգ երկու պետութիւն» սկզբունքի պահանջած ուղղութեամբ յառաջանալու։
Նախքան Էրտողանի ելոյթը, հանդէս եկած էր նաեւ Իլհամ Ալիեւ, որ իր պաշտօնակիցը շնորհաւորեց վերջին ընտրութիւններու կապակցութեամբ։ «Վստահ եմ որ այս ընտրութենէն ետք Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութիւնը կը նուաճէ նոր հորիզոններ»։
Արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն այս կողմ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան օրակարգի վրայ կը պահեն Զանգեզուրի միջանցքի նիւթը։ Անոնք կ՚ակնկալեն որ միջանցքի մը միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ Նախիջեւանը ուղղակիօրէն կապել Ատրպէյճանին։ Հայաստանի կառավարութիւնը խստիւ կը մերժէ առանց հսկողութեան իր պետական սահմանները հատող նման միջանցքի մը գոյութիւնը։ Հայաստան կը նշէ որ այս առաջարկը չի պատշաճիր 44 օրեայ պատերազմի աւարտին Մոսկուայի մէջ կնքուած պայմանագրին։ Հայաստան միաժամանակ կը խրախուսէ եւ կը քաջալերէ ապրանքներու եւ ուղեւորներու ազատ շրջագայութիւնը տարածքաշրջանի երկիրներու միջեւ։