Խարթումի մէջ երկու հայուհիներ սովամահ եղած են

Սուտանէն կը հա­ղոր­դո­ւին սար­սա­փելի լու­րեր, կը տե­ղեկաց­նէ «Արե­ւելք» կայ­քը՝ վկա­յակո­չելով իր աղ­բիւրը, նաեւ ցաւ յայտնե­լով, որ նօս­րա­ցած հա­մայնքի վեր­ջին ան­դամնե­րէն հա­մարո­ւող եր­կու քոյ­րեր մա­հացած են սո­վէն։

Ման­րա­մաս­նութիւննե­րուն մէջ կը նշո­ւի, որ Զո­ւարթ եւ Ար­փի Եկա­ւեան­ներ, որոնք կը բնա­կէին մայ­րա­քաղաք Խար­թումի թիւ 51 փո­ղոցը գտնո­ւող իրենց յար­կա­բաժ­նին մէջ, մա­հացած են ու­տե­լիք եւ ջուր չու­նե­նալու, այլ խօս­քով՝ սո­վի պատ­ճա­ռով։

Կը հա­ղոր­դո­ւի նաեւ, որ անոնց ու­տե­լիք մա­տակա­րարող ան­ձը վեր­ջին շաբ­թո­ւան ըն­թացքին շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մար­տե­րուն պատ­ճա­ռով չէ կրցած հաս­նիլ անոնց օգ­նութեան, եւ տա­րածուած է անոնց մա­հուան բօ­թը։

Հա­մայնքի ան­դամներ եր­կու քոյ­րե­րուն առա­ջար­կած էին լքել իրենց բնա­կարա­նը եւ հաս­տա­տուիլ աւե­լի ապա­հով վայր մը, սա­կայն անոնք մեր­ժած էին բո­լոր խոր­հուրդնե­րը եւ բնա­կարա­նը կորսնցնե­լու վա­խը ու­նե­նալով՝ փոր­ձած էին դի­մանալ։

Շուրջ երեք ամիս­նե­րէ ի վեր ըն­թա­ցող Սու­տա­նի քա­ղաքա­ցիական կռիւ­նե­րուն պատ­ճա­ռով հայ­կա­կան նօսր գա­ղու­թը գրե­թէ քայ­քա­յուած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ