Պատմական այցելութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին

Յունաց Տիեզե­րական Բար­թո­ղոմէոս սրբա­զանը պաշ­տօ­նական այց մը կա­տարեց Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Պատ­րիար­քա­րան։

Այս առ­թիւ Գեր.Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ող­ջունեց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քի այ­ցե­լու­թիւնը, նշե­լով որ Թուրքիոյ հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի 200 ամեայ պատ­մութեան օրագ­րութեան մէջ այս օրը յա­տուկ նշա­նակու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ։ «Կայսրու­հի Էօժե­նի, Հռո­մի Պօ­ղոս Զ. Պա­պի նման հա­մաշ­խարհա­յին եւ եկե­ղեցա­կան պատ­մութեան կա­րեւոր դէմ­քե­րը հիւ­րընկա­լած այս աթո­ռը այ­սօր կայսրե­րու եւ սուլթան­նե­րու աթո­ռանիստ այս ան­զուգա­կան քա­ղաքի՝ Կստան­դունու­պոլսոյ պատ­րիարք իբ­րեւ ձերդ գահակա­լը բա­րի գա­լուստի մաղ­թանքով կը դի­մաւո­րէ։ Կը խնդրեմ որ ըն­դունիք ան­ձիս, հա­մայնքիս բո­լոր ան­դամնե­րուն, հո­գեւո­րական­նե­րուն ամե­նաջերմ յար­գանքն ու ող­ջոյնը։ Ես ան­ձամբ ձեր բարձր աթո­ռը պաշ­տօ­նապէս եր­կու ան­գամ հիւ­րա­սիրե­լու հրճո­ւան­քը կը զգամ։ Նախ Վե­նետի­կի մէջ Մխի­թարեան ուխտի պա­պական պա­տուի­րակ ըլ­լա­լով եւ ապա այժմ Պոլ­սոյ մէջ Թուրքիոյ հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի հո­գեւոր առաջ­նորդի կո­չու­մով»։

Զէ­քիեան սրբա­զան իր խօս­քե­րուն շա­րու­նա­կեց վեր առ­նե­լով Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բերա­նի եւ անոր ձօ­նուած Թաք­սի­մի եկե­ղեց­ւոյ առանձնա­յատ­կութիւննե­րը։ Ան այս առ­թիւ նշեց, որ Ոս­կե­բերա­նը աշա­կեր­տը եղած է նաեւ Ան­տիոքի եպի­կոպոս հայ ծա­գու­մով Մե­լեդիոսի։

Տիեզե­րական Պատ­րիարքն ալ իր կար­գին ող­ջունեց Հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքը եւ անոր առաջ­նորդը, յա­տուկ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով իր եւ պա­տուի­րակու­թեան ըն­ծա­յուած մե­ծարան­քին հա­մար։

Բար­թո­ղոմէոս սրբա­զան նաեւ ընդգծեց որ Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեանի հետ բա­րեկա­մու­թիւնը մեկ­նարկած է իրենց երի­տասար­դութեան տա­րինե­րէն։

«Ապա Զէ­քիեան հայր սուրբ մեկ­նե­ցաւ Վե­նետիկ եւ իր հո­գեւոր լից­քա­ւոր­ման զու­գա­հեռ դար­ձաւ նաեւ ակա­դեմի­կոս եւ քա­ղաքս վե­րադար­ձաւ այդ զոյգ կո­չումնե­րով։ Ես կ՚աղօ­թեմ իր եւ իր ժո­ղովուրդի առող­ջութեան ու յա­ջողու­թեան հա­մար» եզ­րա­փակեց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ