Լիբանանահայ անուանի կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ Միջազգային կիթառի կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած է իբրեւ դեսպան, Յունաստանի մէջ պիտի ներկայացնէ Հայաստանն ու Լիբանանը Կիթառի միջազգային (World guitar day-2023) օրուան առիթով կազմակերպուած ողիմպիականին, որ պիտի կայանայ 20-26 Օգոստոսին։
Այս մրցոյթին Մկրտիչ Միքայէլեան պիտի ղեկավարէ ներկայիս հինգ աշակերտներէ բաղկացած կիթառի խումբը, որուն նուագահարներուն թիւը մինչեւ մրցոյթի թուականը կրնայ բարձրանալ ու հասնիլ մօտաւորապէս տասներկուքի։
Հաղորդենք, որ մրցոյթին Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանն ու Լիբանանը ներկայացնող կիթառահարներու խումբը պիտի նուագէ դասական երաժշտական կտորներ, որոնք պատճառ պիտի հանդիսանան Հայաստանի եւ Լիբանանի անունները բարձրացնելու միջազգային շրջանակներու մէջ։
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Կիթառի միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցութեան դիմումնագիրներ ներկայացուցած են 112 երկիրներէ մասնակիցներ, իսկ Հայաստանն ու Լիբանանը ներկայացնող Մկրտիչ Միքայէլեանին գլխաւորած խումբը տեղ գրաւած է մասնակիցներու առաջին ութ խումբերու ցանկին մէջ եւ յաջողութեամբ անցած է աւարտական փուլ։
Միքայէլեանին արձանագրած այս նուաճումը պանծալի յաղթանակ է ե՛ւ ծննդավայր Լիբանանի, ե՛ւ մայր հայրենիքի. Հայաստանի համար։ Յաջողութի՛ւն կը մաղթենք Մկրտիչ Միքայէլեանին եւ անոր գլխաւորած կիթառահարներու խումբին։