Մեսրոպեան վարժարանի Շուշի պարախումբ. «Կը պարենք սիրոյ համար»

10-11 Յու­նիս 2023-ին Հայ կա­թողի­կէ Մես­րո­պեան բարձրա­գոյն վար­ժա­րանի «Շու­շի» պա­րախումբը կրկին բեմ բարձրա­ցաւ եւ հան­րութեան ներ­կա­յացաւ տպա­ւորիչ ելոյթնե­րով, որոնք մեծ խան­դա­վառու­թիւն ստեղ­ծե­ցին հան­դի­սատես­նե­րուն մէջ։ «Կը պա­րենք սի­րոյ հա­մար» վեր­նագրո­ւած ելոյթնե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Պուրճ Հա­մու­տի ՀԿՄ «Յով­հաննէս Պօ­ղոսեան» վե­րանորոգուած թա­տերաս­րա­հին մէջ, որ եր­կու օրե­րուն ալ ծայ­րէ ծայր գրա­ւուած էր ծնող­նե­րու, բա­րեկամ­նե­րու եւ հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։

«Շու­շի» պա­րախումբին չորս են­թա­խումբե­րը՝ Մես­րո­պեանի նախ­կին սա­ները, մե­ծերը, մի­ջակ­ներն ու կրտսեր­նե­րը կա­տարե­ցին 18 պա­րեր, գե­րակշռա­բար՝ հայ­կա­կան, ինչպէս աւան­դա­կան, նոյնպէս եւ ար­դի մշա­կումնե­րով։ Իւ­րա­քան­չիւր պար նո­ւիրո­ւած էր սի­րոյ մը, ուղղո­ւած այն ար­ժէքնե­րուն, զորս հայ մար­դը, լի­բանան­ցին եւ ընդհան­րա­պէս մարդկու­թիւնը կը գնա­հատէ։ Պա­րող­նե­րը յա­ջողե­ցան ներ­կա­ներուն պար­գե­ւել գե­ղարո­ւես­տա­կան վա­յել­քի յի­շար­ժան պա­հեր։ Պա­րախումբին ելոյթնե­րը յատ­կանշո­ւեցան պա­րային հե­տաքրքրա­կան բե­մադ­րութիւննե­րով, բե­մի, տա­րազ­նե­րու եւ երաժշտա­կան ձե­ւաւոր­ման բարձր ճա­շակով, ինչպէս նաեւ պա­րող­նե­րու ակնյայտ խան­դա­վառու­թեամբ եւ լա­ւապէս պատ­րաստուած կա­տարումնե­րով։

Պա­րու­սոյց Աւօ Գա­րաքէ­շիշեանի աշ­խա­տան­քին դրոշ­մը ակ­նե­րեւ էր ամէն տեղ. ան ոչ միայն կա­տարած էր պա­րերու բե­մադ­րութիւ­նը եւ ղե­կավա­րած՝ փոր­ձե­րը, այլ նաեւ իրա­կանա­ցու­ցած էր ելոյ­թին հետ կա­պուած գե­ղարո­ւես­տա­կան միւս աշ­խա­տանքնե­րը, որոնց շար­քին՝ բե­մի եւ պա­րերու խո­րապատ­կերնե­րուն իւ­րա­յատուկ եւ գե­ղեցիկ ձե­ւաւո­րու­մը։

Ելոյ­թի բաց­ման խօս­քին մէջ Լո­ռի Եթե­րեան ըսաւ, որ պա­րախումբը իւ­րա­քան­չիւր պա­րի ընդմէ­ջէն բեմ կը բե­րէ սի­րոյ աննման ար­տա­յայ­տութեամբ լե­ցուն յա­տուկ պատ­մութիւն մը։ «Պատ­մութիւն մը, որուն հե­ղինա­կը մէկն է պա­րախումբին գե­ղարո­ւես­տա­կան ղե­կավար, պա­րու­սոյց Աւօ Գա­րաքէ­շիշեանը, որուն հա­մար պա­րարուես­տի լե­զուն մի­ջոց մըն է փո­խան­ցե­լու մարդկա­յին սրտի ամե­նախոր զգա­ցումնե­րը եւ ար­տա­յայ­տե­լու այն ինչ որ խօս­քով կա­րելի չէ ար­տա­յայ­տել», աւել­ցուց ան։ Լո­ռի Եթե­րեան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Մես­րո­պեանի տնօ­րէն պա­րոն Կրէ­կուար Գա­լուստին, որ միշտ ներ­կայ եղաւ պա­րախումբի կող­քին, աջակ­ցե­ցաւ ամէն կերպ ու քա­ջալե­րեց պա­րող­նե­րը՝ լա­ւագոյ­նը տա­լու հա­մար այս ելոյ­թին։

Փակ­ման խօս­քին մէջ, Մես­րո­պեանի տնօ­րէն պա­րոն Կրէ­կուար Գա­լուստ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց պա­րախումբի 64 ան­դամնե­րուն, օգ­նա­կան անձնա­կազ­մին, պա­րու­սոյց Աւօ Գա­րաքէ­շիշեանին, Հա­մազ­գա­յին եւ Նոր Սե­րունդ միու­թիւննե­րուն եւ ի վեր­ջոյ ծնող­նե­րուն, առանց որոնց քա­ջալե­րան­քին եւ նե­ցու­կին դժո­ւար թէ կա­րելի ըլ­լար հաս­նիլ այս ար­դիւնքին։ Ան վեր­յի­շեց պա­րախումբի ստեղծման օրե­րը եւ վստա­հու­թիւն յայտնեց, որ սի­րոյ ու­ժով հայ ազ­գը կրկին պի­տի վե­րադառ­նայ հայ­րե­նի քա­ղաք Շու­շի եւ կրկին պար պի­տի բռնէ անոր տա­ճար­նե­րուն շուրջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ