Զարգացումներ Հայաստանեան զբօսաշրջութենէն

Սիւնի­­քի մար­­զի Խոտ բնա­­կավայ­­րին ՀՀ Տնտե­­սական նա­­խարար Վա­­հան Քե­­րով­­բեան մաս­­նակցած է «Ոչ­­խարնե­­րի Խուզման» փա­­ռատօ­­նին։

Ան ու­­րա­­­խու­­թիւն յայտնած է նման մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելուն հա­­մար, քա­­նի որ անոնք կ՚ու­­ժե­­­ղաց­­նեն հա­­մայնքնե­­րը եւ տե­­ղական առեւ­­տուրի կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։

Քե­­րով­­բեան անդրա­­դար­­ձած է նաեւ զբօ­­սաշրջու­­թեան զար­­գացման։ Ան դի­­տել տո­­ւած է, որ սոյն տա­­րուայ առա­­ջին հինգ ամիս­­նե­­­րու տո­­ւեալ­­նե­­­րով Հա­­յաս­­տան այ­­ցե­­­լած է 806.000 զբօ­­սաշրջիկ։ « Պէտք է ասեմ, որ ներ­­քին զբօ­­սաշրջու­­թիւնը եւս շատ կա­­րեւոր է։ Մենք Զբօ­­սաշրջու­­թեան կո­­միտէի հետ ամէն տա­­րի եր­­կու տաս­­նեակէն աւել փա­­ռատօ­­նի կ՚ օժան­­դա­­­կենք, որոնցմէ մէկն ալ այս փա­­ռատօնն է։

Կը կար­­ծեմ, որ նման մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը մեզ աւե­­լի շատ կը մօ­­տեց­­նեն հա­­մայնքնե­­րուն եւ գիւ­­ղատնտե­­սու­­թեանը»։

2022-ին Հա­­յաս­­տան այ­­ցե­­­լած էին 1,5 մի­­լիոն զբօ­­սաշրջիկ­­ներ, որոնց մեծ մա­­սը եկած էին Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութե­­նէն։

Հա­­յաս­­տա­­­նի զբօ­­սաշրջու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րը դի­­տել կու տան թէ Սե­­ւանայ Լի­­ճը ամառ­­նա­­­յին զբօ­­սաշրջու­­թեան հա­­մար բա­­ւակա­­նին ձեռնտու է։ Նոյն տա­­րած­­քի վրայ Գե­­ղամայ Սա­­րի յան­­գած Աժ­­դա­­­հակ հրա­­բու­­խը 3,6 հա­­զար մեթր բարձրու­­թեամբ գրա­­ւիչ է լեռ­­նագնաց­­նե­­­րու հա­­մար։ Անոնք խոր­­հուրդ կու տան նաեւ «Կի­­լիկիա» նաւ թան­­գա­­­րանի այ­­ցե­­­լու­­թիւնը եւ Առա­­գաստ պար­­զե­­­լու նման այ­­լընտրանքներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ