28Մայիսին կայացող նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը աւարտած էր գործող նախագահ Էրտողանի յաղթանակով։ Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցաւ նորընտիր խորհրդարանի երդման արարողութիւնը։ 600 անդամներ ունեցող խորհրդարանի մէջ միայն մէկ երեսփոխան ի դէմ օրէնքի բոլոր հրամայականներուն կը շարունակէ ճաղերու ետին մնալ։ Թուրքիոյ Բանուորներու Կուսակցութեան ցանկէ ընտրուած Հաթայի պատգամաւորը, որպէս երեսփոխան վաւերացուելով հանդերձ Վճռաբեկ Ատեանի ձգձգումներու հետեւանքով ազատազրկման մէջ է։ Երդման արարողութենէն անմիջապէս վերջ Նախագահ Էրտողան եւս նախագահական երդում կատարեց Պէշթեփէի Պալատին մէջ։
Երբ յստակացան Նախարարաց Խորհուրդի անդամներու անունները այս պահուն կը մնայ միայն Խորհրդարանի Նախագահի ընտրութիտւնը։ Թուրքիոյ Բանուորներու Կուսակցութիւնը որոշած է այդ աթոռին համար առաջադրել Ճան Աթալայը։ Միւս կողմէ Նախարարաց Խորհուրդն ալ իր կարգին որոշ բամբասանքներու առիթ պատճառեց։ Քուլիսեան տեղեկութիւններով պարզուցաւ, թէ Ներքին Գործոց նախկին նախարար Սիւլէյման Սոյլու մեծ ջանք վատնած է Իսթանպուլի նախկին կուսակալ Ալի Երլիքայայի այդ պաշտօնին նշանակումը կանխելու համար, բայց չէ յաջողած։
Արտաքին Գորոց Նախարարութեան պաշտօնափոխումը աւելի հեզասահ ընթացաւ եւ Մեվլութ Չաւուշօղլուին փոխարինեց Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան նախկին նախագահ Հաքան Ֆիտան։ Այս վերջինին համար, երբ ան կը պատրաստուէր երեսփոխանութեան համար իր թեկնածութիւնը առաջադրել, Նախագահ Էրտողան արգելք եղած էր, ըսելով թէ «Ան իմ բոլոր գաղտնիքներս գիտէ»։
Նախարարներու միջեւ ամենաուշագրաւը եղաւ ելմտական Նախարարութեան փոփոխութիւնը, ուր ծիծաղաշարժ ելոյթներովը ծանօթ Նուրէտտին Նեպաթիի կը փոխարինէ Մեհմետ Շիմշեք։ Շիմշեք առաջին օրէն իսկ յայտարարեց թէ տնտեսական համակարգը պիտի դնէ միջազգային սկզբունքներու թելադրած ճանապարհին վրայ։ Ան այս որոշումը նկարագրեց խելամիտ ու տրամաբանական բառերը գործածելով։ Հակառակ ընթերցումով մը, այս ելոյթը նախկին շրջանի ռազմավարութիւնը կը դատապարտէ անխելք ու անտրամաբանական ըլլալով։
Այս շաբաթ Շիմշէքի պաշտօնակոչման մասին «Ակօս»ի խմբագրապետի հարցումներուն պատասխանող տնտեսագէտ Կիւլտեմ Աթապայ մտահոգութիւն յայտնեց յիշեցնելով նախագահի այս պաշտօնին կոչուած անունները, քանի մը ամիսներու ընթացքին պաշտօնէն հեռացնելու սովորութիւնը։ Իսկապէս ալ դժուար է Մեհմետ Շիմշէքի ստանձնած պարտականութիւնը, քանի որ լիրայի արժեզրկումը ալ աւելի տեսանելի դարձած է իր հետ բերելով սղաճի նոր ալիք մը։