ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Կեդրոնական Վարժարանը ուսման տարեշրջանի աւարտին անգամ մը եւս տպաւորեց քաղաքի հայ հասարակութիւնը բեմադրելով «Հայ կինը՝ մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը։ Գեղարուեստական բազմերանգ բեմադրութիւն մըն էր իրականացողը, որ ներկայացուեցաւ 3 Յունիս շաբաթ օր, Շիշլի Ճեմիլ Ճանտաշ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։
Եօթը անջատ բաժիններէ բաղկացող բեմադրութիւնը մեկնարկեց Պօղոս Եղեազարի պատրաստած ցուցահանդէսով, ուր կը տողանցէին հայ դիցաբանութեան կին կերպարները, արուեստագէտները, հոգեւորականները եւ մտաւորականները։ Ապա Կեդրոնականի սաները մատուցեցին պարեր։ Այս բաժնին մէջ նշուեցան Սիլվարդ Գարամանուկ, Անայիս Եալտըզճեան եւ Քրիստին Սալերիի անունները, որոնք մէկտեղուած էին «Մշակութասէր Կանանց Յանձնախումբ»ի երդիկին տակ։ Երկրորդ բաժնին մէջ հետեւեցանք Գալֆայեան Որբանոցի հիմնադրութեան, թատերական բեմադրութեան մը միջոցաւ։ Երրորդ բաժինը նիւթ կ՚ունենար կրթական ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալած կին կրթական մշակները։ Այս բաժնի մէջ Կեդրոնականի սաները արտասանեցին Շուշանիկ Ղուրկինեանի եւ Իրմա Աճեմեանի բանաստեղծութիւններէն օրինակներ։ Չորրորդ բաժնի մէջ կին արուեստագէտները,հինգերորդի մէջ մամուլի եւ հրատարակչական աշխատանքի կիները եւ վեցերորդ բաժնի մէջ ալ կին գիտնականները ներկայացուեցան։
Պանու Աչըքտենիզ պարերու, Սերտա Ասլան եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու թատերական բեմադրութիւններու համար բերին իրենց արհեստավարժ ներդրումը։
Միջոցառման եօթերորդ եւ վերջին բաժինը նիւթ կ՚ունենար քաղաքական եւ հասարակական կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունեցող հայ կանայք։ Վարժարանի նախկին շրջանաւարտներ՝ Մելիսա Պիլալ եւ Լերնա Էքմեքչիօղլու հեռակապ դրութեամբ բերին իրենց մասնակցութիւնը, այս առթիւ պատրաստած ելոյթներ արտասանելով։
Այս ներկայացումին հետեւելով մտաբերեցի 2017-ին նոյն մերձեցումով պատրաստուած «Հայ Դպրոցը» խորագրեալ միջոցառումը։ Ինչպէս նախկին օրինակին, այս անգամ ալ իմաստալից բովանդակութեամբ, ուսուցիչներու, ուսանողներու եւ նախկին շրջանաւարտներու համատեղ ջանքերով հանդիսատեսին ներկայացող այս միջոցառումը իր բարձր մակարդակով յաջողեցաւ պանծացնել Կեդրոնականի անունը։
Մէկէ աւելի անգամներ լսեցի «Երանի մեր միւս վարժարաններն ալ նմանը գործադրեն» մաղթանքը։ Մենք ալ շնորհաւորելով այս ձեռնարկին սատարող բոլորը, կը կիսենք այդ նոյն մաղթանքը «Երանի թէ» ըսելով։