Նոր թաղական խորհուրդի ընտրութենէն եւ նոր հիմնադիր ներկայացուցիչի նշանակումէն ետք Պէյօղլուի Թաղական Խորհուրդը յայտարարեց Էսաեան Վարժարանի նոր տնօրէնուհիներու անունները։ Այսպէս 2023-2024 ուսման տարեշրջանէն սկսեալ վարժարանի երկրորդական բաժնի տնօրէն նշանակուած է Տենչա Չընար։ Իսկ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի նշանակուած է Առլին Եէշիլթեփէ։
Սիմոն Չեքեմի վարչութեան շրջանին Առլին Եէշիլթեփէ եւ Սաթենիկ Նշան կամայական որոշումով մը հեռացուած էին իրենց պաշտօններէն։ Թաղականութեան այդ որոշումը դժգոհութեան ալիք մը գոյացուցած էր վարժարանի շրջանաւարտներու, աշակերտութեան եւ ծնողաց մէջ։
Սիմոն Չեքեմ նախապէս նախակրթարանի բաժնի համար Անիլտա Մենեքշէ եւ երկրորդական բաժնի համար ալ Ռուշան Տիւզկիւնը տնօրէն ըլլալով պաշտօնակոչած էր։