Հայաստան եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր հանդիպում ԱՄՆ-ի մէջ

Միացեալ Նա­հանգնե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խարար Վե­տանթ Փա­թել՝ անդրա­դառ­նա­լով այս ամիս Ուա­շինկթը­նի մէջ նա­խատե­սուած բա­նակ­ցութիւննե­րուն՝ յայտնեց, որ Միացեալ Նա­հանգնե­րը ու­րախ է, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ բա­նակ­ցութիւննե­րը կը շա­րու­նա­կուին, եւ կը սպա­սէ Ուա­շինկթը­նի մէջ դար­ձեալ հիւ­րընկա­լելու կող­մե­րը։

«Մենք ան­համբեր կը սպա­սենք բա­նակ­ցութիւննե­րու նոր փու­լը հիւ­րընկա­լելու, որով­հե­տեւ կող­մե­րը կը շա­րու­նա­կեն հե­տամուտ ըլ­լալ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի տա­րածաշրջա­նին մէջ խա­ղաղ ապա­գայի հաս­տատման։ Ինչպէս նա­խապէս ըսած եմ, ու­ղիղ երկխօ­սու­թիւնը առանցքա­յին է հար­ցե­րու լուծման եւ տե­ւական ու ար­ժա­նապա­տիւ խա­ղաղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար։ Միացեալ Նա­հանգնե­րը գոհ է, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ բա­նակ­ցութիւննե­րը կ՛ըն­թա­նան տար­բեր հար­թակնե­րու վրայ, որոնց կար­գին նաեւ։ ղե­կավար­նե­րու վեր­ջին հան­դի­պու­մը», ըսաւ Փա­թել։

Նշենք, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­ներ Արա­րատ Միր­զո­յեան եւ Ճէյ­հուն Պայ­րա­մով բա­նակ­ցութիւննե­րու յա­ջորդ փու­լի ծի­րին մէջ, հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նան Ուա­շինկթը­նի մէջ։ Քննար­կումնե­րը պի­տի սկսին 12 Յու­նի­սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ