ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Անտրէաս Լանկին լուսանկարչական ցուցահանդէսը, «Կոտրուած յիշատակներ» վերնագիրով, Ռեֆիք Աքեիւզի եւ Սերտար Տարենտելիլերի համադրութեամբ ընթացք առաւ 18 Ապրիլին, «Տեփօ»-ի մէջ, ու պիտի ցուցադրուի մինչեւ 24 Յունիս։ Լանկին գործերուն հանդիպեցայ նախքան ցուցահանդէսին բացումը՝ ձեռնարկին մասին յօդուած մը գրելու հրաւիրուած ըլլալուս միջոցով։ Այս լուսանկարներուն ազդեցութեան տակ ապրեցայ քանի մը ամիս՝ փորձելով լսել եւ հասկնալ անոնց մէջ թաքնուած պատմութիւնները։ Լանկին լուսանկարներուն հաւաքածոն Թուրքիոյ մէջ հայկական ժառանգութեան հետքերը կը ցուցադրէ, ներառեալ աւերակները եկեղեցիներու, տուներու, վանքերու, խառն տիպի (hybrid) կառոյցներու՝ յառաջացած երկու տարբեր ժամանակաշրջաններու երկու հակասական ճարտարապետական ոճի խառնուրդէ, եւ բնական միջավայրներ՝անհանգստացնող հանդարտութիւն մը ունեցող։ Ինքզինքիս հարցուցած առաջին հարցումս՝ մանաւանդ հայկական ժառանգութեան վերաբերեալ նկարները առաջին անգամ տեսնելով, եղաւ, թէ ինչո՛ւ այս աւերակներուն ընդգրկած պատմութիւններուն մասին իմ գիտելիքներս շատ սահմանափակ էին։ Այս շէնքերը այդ ժամանակի աշխուժ կեանքի փաստեր էին եւ տակաւին կը ջանան այդ ժամանակաշրջանին ոգին ներկային մէջ փոխադրելու։ Այնուամենայնիւ, ես, եւ թերեւս ալ ինծի նման Պոլիս ծնած ու մեծցած այլ հայեր, սահմանափակ տեղեկութիւն ունէին այս աւերակներուն եւ անոնց շրջապատող կեանքին մասին։ Պոլսահայ ընտանիքի մը մէջ ծնած եւ նախնական ուսումս հայկական վարժարանի մէջ անցուցած ըլլալուս իրողութիւնը, մշակութային ժառանգութեան եւ արուեստի իմ հետաքրքրութիւններս բաւարար չէին ճանչնալու Լանկին պրիսմակէն ներկայացուած տարածքները այս ցուցասրահին տարածքին մէջ։ Աւերակ եկեղեցիները, վանքերը, տուները՝ հպարտօրէն կանգնած ընկնելու եւ կանգուն մնալու միջեւ, ներքին աշխարհիս հետ առնչուեցան, բայց անոնց պատմութիւնները կը պակսէին։ Օրինակ, նախասիրած լուսանկարներէս մին Ամիտայի (Տիարպեքիր) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նկարն է։ Թէեւ բազմիցս անգամ գտնուած էի Ամիտա, բնաւ չէի լսած եկեղեցւոյ կամ շուրջը գտնուող շէնքերուն մասին, ոչ իսկ տեսած էի եկեղեցին աւերակ վիճակին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այս լուսանկարին ընդմէջէն, որ նաեւ ցուցահանդէսին գրքոյկին մէջ կը գտնուի, կլանուեցայ շէնքին փառաւորութեամբ եւ տխրութեամբ։ Յատուկ զգացում մը ունեցայ, որ համապատասխանեց այն պատմութիւններուն, որոնք մեր տան մէջ շշուկով կը դառնար՝ առանց օր մը յստակ կերպարանք մը ստանալու։ Ան նաեւ ունէր կողոպուտի, լքումի եւ մոռացութեան ենթարկուած գոյութեան մը հետքերը, որոնց կը յաջորդէր գաղութին ապաւէն եղող կենսունակ տարածք մը։ Կարճ ուսումնասիրութենէ ետք, իմացայ, որ այս հին եկեղեցին որպէս վարժարան ալ ծառայած էր, այրած էր 1894-95 թուականներուն եւ 1915-էն ետք եկեղեցիները եւ դպրոցները գրաւողներուն կողմէն կը գործածուէր զանազան նպատակներու համար, ինչպէս՝ որպէս բրինձի գործարան, ուղտի ախոռ եւ շտեմարան (Evrensel, 19 Նոյ. 2019)։ Այլ հետաքրքրական լուսանկար մը Սթանոզ անունով գիւղի մը կը պատկանի, Սինճանի մօտ, ուրկէ ճամբայ մը կը շեղի եւ հսկայ ժայռ մը կը գտնուի աջ կողմը։ KarDes բջիջային ծրագիրին մէջ, որ Հրանդ Տինք Հիմնարկի հրաշալի կերպով պատրաստուած ծրագիրներէն մէկն է, Պօղոս Նաթանեանի պատումը կը նկարագրէ Սթանոզ գիւղը 1870-ականներուն որպէս «450 ընտանիք պարունակող գիւղ մը՝ կառուցուած բուժիչ, քաղցրաբոյր ջուրերով եւ համեղ ձուկերով գետի ափին»։ (https։//twitter.com/hrantdinkfnd/status/1648301935617880065?s=48&t=Z79djFFkJpdhWIE2ZvQD_g)
Այս Թուիթըրեան էջին վրայ կը տեսնենք, որ KarDes ծրագիրը կը բաժնէ նոյն անկիւնէն լուսանկարուած վայրի մը երկու լուսանկարներ, որոնք երկու տարբեր ժամանակներու կը պատկանին, իրարու հետ կապ չունին եւ իրարու վրայ գալով ցոյց կու տան, թէ այլեւս այդտեղ հոսող գետ չկայ։ Տուներն ու կամուրջը եւս չկան։ Բնութիւնը զերոյացած է։ Պատմութիւնները դատապարտուած են կորսուելու՝ իրենց ընկերային եւ տարածքային մահուան հետ։ Անցեալի մէջ ապրիլը եւ անցած սերունդին պատմութիւնները շալկելը ծանր բեռ է, բայց խորտակումը, որ կը յառաջանայ ամենօրեայ կեանքին անհետացումէն, անձը կը մղէ կտրատուած կազմուածքը նորոգելու եւ կտորները իրար միացնելու։ «Տեփօ»-ի մէջ մեր ունեցած վերջին խօսակցութիւններուն ընթացքին, Լանկ ըսաւ, որ այս լուսանկարները ցուցասրահ փոխադրած է՝ արտօնելով, որ իր ներգիտակցութիւնը զինք առաջնորդէ։ Ան առաջին անգամ վայրի մը, աւերակի մը կանչը մտիկ ըրաւ եւ ապա ամբողջացուց իր պատմութիւնը ուսումնասիրութիւնով։ Որպէս լուսանկարիչ, որ ինքզինք կը սահմանէ իբրեւ «տեսողական հնագէտ», բռնած ուղին եւ առած որոշումները հասկնալի են։ Մինչ ես ինծի կը մտածէի այս վայրին մասին բան չգիտնալուս եւ անոր պատմութեան անտեղեակ ըլլալուս մասին, հանդիպեցայ Օրլանտօ Փաթըրսընի «Ի ծնէ օտարացում»ին գաղափարին։ Փաթըրսըն Ճամայքա ծնած ամերիկացի ընկերաբան է, որ կ՚աշխատի ցեղապաշտութեան նիւթին շուրջ։ Լուսանկարչութեան ընդմէջէն ակնդիրներուն փոխանցած Լանկին պատկերները ապացուցեցին, որ այս շրջաններուն մէջ հաստատուած ընկերային համակարգ մը կար։ Այս շրջանին մէջ ապրող հայերէն խլուած էր ամենօրեայ բնական հոսքը կեանքի։ Որպէս արդիւնք 1915-ին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին, ընկերային կեանքը, ինչպէս շրջանին պատմական կառոյցները, սառած էր ժամանակին մէջ։ Ամէնէն հիմնական արդիւնքը կորուստն էր ընկերային մահուան գիւղական կեանքի պատումներու, ընտանիքներու պատմութիւններու, հողամշակութեան կարեւոր հասարակական փորձառութիւններու, շրջանին հայերէն լեզուի օգտագործման, տօնախմբութիւններու նշման եւ տնտեսական ու մշակութային ժառանգութեան փոխանցման, որոնք պէտք էին մէկ սերունդէ միւսը փոխանցուէին։ 2023 թուականի սկիզբէն ի վեր, Բարռեսիա գոլէքթիւը Գաւառի գրականութիւն կը կարդայ։ Մեր ընթերցումներուն մէջ, առիթը ունեցանք հայերէնով հետեւելու գիւղական կեանքին եւ հողին ու անհատին միջեւ յառաջացած անկեղծ յարաբերութեան կենսունակութեան՝ Համաստեղի ու Մնձուրիի նման գրողներու գործերուն ճամբով։ Լանկին լուսանկարներուն մէջ թաքնուած պատմութիւնները ինծի համար սկսան ձեւակերպուիլ գաւառի գրականութեան գրութիւններուն ճամբով։ Այս ընթերցումները, որոնք առիթ կը հանդիսանան մեզի պատկերացնելու կենսունակութիւն մը ի դիմաց ընկերային մահուան, բոլորովին չլեցուցին անկատարութեան զգացումը, որ ունեցանք ընկերային սովորութիւններուն դադարեցումով, բայց տարածք մը բացին մեզի համար երկխօսութեան մէջ մտնելու այն վայրերուն հետ, որոնցմէ օտարացուած էինք։
Նկարագրելով ծննդեան օտարացումի ենթարկուած մը՝ Փաթըրսըն մեզի կը յիշեցնէ, որ անհատ մը կը ծնի ընկերութեան մը մէջ, որ ստիպուած եղած է մերժել կամ մոռնալ իր պատմութիւնը եւ որ կ՚արգիլէ անձը մասնակից դառնալու կամ իմանալու իր աւանդութիւնները եւ մոռացութիւն կը պատճառէ։Ժառանգազրկութեան կտակը ժառանգող անհատը գոյակցական անտնութիւն կ՚ապրի։ Երբ միացուցինք գաւառի գրականութեան մեր ընթերցումը Լանկին լուսանկարներուն հետ, այն պատմութիւնները, որոնք գերիշխող պատումներուն մէջ տեղ չգտան եւ ընդհատուած ժառանգութիւնը անգամ մը եւս կեանքի եկաւ։ Գաւառի գրականութեան գրողներուն օգտագործած պարզունակ լեզուն եւ իրենց տուած ամենօրեայ կեանքին վերաբերեալ ակնարկները կամուրջ մը հանդիսացան անցեալին անհետացած հայերուն կեանքը ներկային բերելու։
Յ.Գ. Եթէ կը փափաքիս մաս կազմել գաւառի գրականութեան մեր ընթերցումներուն եւ քննարկումներուն, գրէ մեզի մեր էլ-նամակի հասցէին։ Մեր յաջորդ հանդիպումը Յունիս 26-ին է։ Քննարկումները տեղի կ՚ունենան հայերէն լեզուով։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեանը