Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողան 28 Մայիս 2023-ի ընտրութեամբ, վերընտրուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին եւ եղաւ 12-րդ նախագահը։ Նախագահական երդման հանդիսութիւնն ու նոյն առթիւ պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ 3 Յունիս 2023, Շաբաթ, Անգարայի մէջ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, առընթերութեամբ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, Պէշթէփէյի Նախագահական համալիրին մէջ մասնակցեցաւ ընդունելութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ համայնքի շնորհաւորեց Վսեմաշուք Նախագահը, արդիւնաբեր ծառայութեան շրջան մը եւ արեւշատ տարիներ մաղթեց։
Հանդիսութեան մասնակցեցան զանազան երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետեթեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կ՚ընկերակցէր Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործով յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը։
Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Նորին Ամենապատուութիւնը 4 Յունիս 2023, Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ Աթոռ։