Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները անպարտ հռչակուեցան

Ներման Մի­ջազ­գա­յին Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը 6 Յու­նիս թո­ւակիր հաղ­որդագ­րութիւ­նով մը կը տե­ղեկաց­նէ, թէ հա­սարա­կու­թեան մօտ «Մեծ Կղզիի Դա­տավա­րու­թիւն» կո­չու­մով ծա­նօթ դա­տական խնդրի չորս մե­ղադ­րեալ­նե­րը վեր­ջա­պէս ան­պարտ հռչա­կուած են։

Այս մա­սին վճռա­բեկ Ատեանը 2022-ի Նո­յեմ­բե­րին չե­ղեալ հա­մարած էր կա­յացած վճի­ռը եւ դա­տական թղթած­րա­րը փո­խան­ցած էր Իս­թանպու­լի 35-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանին։ Նոյն օր կա­յացած վճի­ռով Թա­ներ Քը­լըչ, Իտիլ Էսեր, Էօզ­լեմ Տալ­քը­րան եւ Կիւ­նալ Քուրշուն ձեղ­բա­կալու­թե­նէ վեց տա­րի յե­տոյ ան­պարտ հռչա­կուե­ցան։

Մի­ջազ­գա­յին Ներ­ման Կազ­մա­կեր­պութեան ընդհա­նուր քար­տուղար Ակ­նես Քա­լամարդ այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն մը ընե­լով նա­խապէս կա­յացած վճիռ­նե­րը ան­հա­ւատա­լի գտաւ։ «Ան­շուշտ որ այս պա­հուն հան­գիստ շունչ մը կը քա­շենք, բայց նման վճիռ­նե­րու ար­ձա­կուած ըլ­լա­լը տա­կաւին չենք կրցած տրա­մաբա­նու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ ըն­կա­լել։ Այ­սօ­րուայ վճի­ռը են­թարկո­ւած դա­տարան­նե­րու նպա­տակը բա­ցայայ­տեց։ Այդ նպա­տակը հե­տեւեալն է՝ դա­տարան­նե­րը ընդդի­մադիր ձայ­նե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մար մի­ջոց ըլ­լա­լով շա­հագոր­ծել»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ