Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքը ժամանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Յունի­սի 6-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միածին ժա­­մանեց Կ. Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Ամե­­նապա­­տիւ Տ. Սա­­հակ Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեանը։

Այս առի­­թով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի միաբան­­նե­­­րը Կ. Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քին թա­­փորով առաջ­­նորդե­­ցին Սուրբ Յով­­հաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վար­­դան մա­­տուռ–մկրտա­­րան, ուր կա­­տարո­­ւեցաւ Հրա­­շափա­­ռի արա­­րողու­­թիւն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի լու­­սա­­­րարա­­պետ Գե­­րաշ­­նորհ Տ. Մու­­շեղ Եպիս­­կո­­­պոս Բա­­բայեանը Մայր Աթո­­ռի միաբա­­նու­­թեան անու­­նով ող­­ջունեց եւ բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց Սա­­հակ Պատ­­րիար­­քին։

Այ­­նուհե­­տեւ Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քը, գո­­հու­­թիւն վե­­րառա­­քելով առ Աս­­տուած վերստին հա­­յոց հո­­գեւոր կենդրո­­նին գտնո­­ւելու հա­­մար, իր օրհնու­­թիւնը ու բա­­րեմաղ­­թանքնե­­րը փո­­խան­­ցեց Սուրբ Էջ­­միած­­նի միաբա­­նու­­թեան։

Յա­­ռաջի­­կայ օրե­­րուն Ամե­­նապա­­տիւ Սա­­հակ Պատ­­րիար­­քը իր մաս­­նակցու­­թիւնը պի­­տի բե­­րէ Մայր Աթո­­ռին գու­­մա­­­րուած Գե­­րագոյն հո­­գեւոր խորհրդի ժո­­ղովին։

Տո­­նախմբու­­թիւն Սուրբ
Գա­­յանեանց կոյ­­սե­­­րու յի­­շատա­­կին

Յու­­նի­­­սի 6-ին Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Առա­­քելա­­կան Սուրբ Եկե­­ղեցին տօ­­նեց Սուրբ Գա­­յանեանց կոյ­­սե­­­րու յի­­շատա­­կը։

Տօ­­նի առի­­թով առա­­ւօտեան Մայր Աթո­­ռէն եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րու հան­­դի­­­սաւոր թա­­փորը առաջ­­նորդո­­ւեցաւ Սուրբ Գա­­յանէ վանք։ Թա­­փորը մին­­չեւ Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւոր­­չի կա­­մար գլխա­­ւորեց Կ. Պոլ­­սի Հա­­յոց Պատ­­րիարք Ամե­­նապա­­տիւ Տ. Սա­­հակ Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեան՝ մար­­տի­­­րոս սրբու­­հու մա­­սունքը ամ­­փո­­­փող աջով օրհնե­­լով բա­­րեպաշտ ժո­­ղովուրդին։ Այ­­նուհե­­տեւ Պատ­­րիարք Սրբա­­զան Հայ­­րը մա­­սունքա­­կիր աջը փո­­խան­­ցեց Իրա­­քի Հա­­յոց թե­­մի առաջ­­նորդ Հո­­գեշ­­նորհ Տ. Օշա­­կան Վար­­դա­­­պետ Կիւլկիւ­­լեանին։

Սուրբ Գա­­յանէ վան­­քի առ­­ջեւ թա­­փորը դի­­մաւո­­րեցին Մայր Աթո­­ռի Վա­­նորէից Տե­­սուչ Գե­­րաշ­­նորհ Տ. Ար­­տակ Եպիս­­կո­­­պոս Տիգ­­րա­­­նեանը, վան­­քի հո­­գեւոր սպա­­սաւոր­­նե­­­րը ու բազ­­մա­­­թիկ հա­­ւատա­­ւոր հա­­յոր­­դի­­­ներ։

Սուրբ Գա­­յանէ վան­­քին մէջ մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ Ս. Պա­­տարագ։ Պա­­տարա­­գիչն էր ԱՄՆ Արե­­ւելեան Հա­­յոց թե­­մի փո­­խառաջ­­նորդ Հո­­գեշ­­նորհ Տ. Սի­­մէոն աբե­­ղայ Օտա­­պաշեանը։ Օրո­­ւայ խորհրուրդի շուրջ քա­­րոզեց Գե­­ղար­­քունի­­քի թե­­մի առաջ­­նորդա­­կան տե­­ղապահ Հո­­գեշ­­նորհ Տ. Պար­­թեւ Վար­­դա­­­պետ Բար­­սե­­­ղեանը։

Իր քա­­րոզին Հայր Սուրբը, անդրա­­դառ­­նա­­­լով Սուրբ Գա­­յանեանց կոյ­­սե­­­րու կեան­­քին եւ նա­­հատա­­կու­­թեան, ընդգծեց, որ սուրբ կու­­սա­­­նաց կեան­­քը, նա­­հատա­­կու­­թիւնը սոսկ վար­­քագրու­­թիւն չէ, այն պատ­­մա­­­կան ան­­հերքե­­լի իրո­­ղու­­թիւն, որու դա­­սերը ու­­սա­­­նելի են բո­­լոր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն եւ մա­­նաւանդ մեր օրե­­րուն, երբ յա­­ճախ փորձ կ՚ընեն աղ­­ճա­­­տել, ոչնչաց­­նել այնպի­­սի վեհ, նո­­ւիրա­­կան ար­­ժէքներ, ինչպի­­սիք են հա­­ւատ­­քը եւ նո­­ւիրու­­մը։

«Սուրբ կոյ­­սե­­­րու սխրան­­քը ան­­մահ է եւ կը ոգեշնչէ ամենքս։ Անոնց սրբա­­կեն­­ցաղ վար­­քը վա­­րակիչ է մեզ հա­­մար, որ­­պէսզի մեր կեան­­քը ապ­­րենք ժուժկալ, հա­­ւասա­­րակշռո­­ւած եւ ամե­­նակա­­րեւո­­րը պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան բարձր զգա­­ցու­­մով։ Մեր խօս­­քին ու գա­­ղափար­­նե­­­րուն հա­­ւատա­­րիմ, խօսքն ու գոր­­ծը հա­­մար­­ժէք ըզ­­զան մի­­մեանց, հա­­ւատ­­քը զօ­­րեղ, իսկ հա­­ւատար­­մութիւ­­նը երկրի նկատ­­մամբ ան­­խորտակ» ըսաւ Հայր Պար­­թե­­­ւը՝ յոր­­դո­­­րելով հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն սուրբ կու­­սա­­­նաց բա­­րեխօ­­սու­­թեամբ եւ ամուր հա­­ւատ­­քով կեր­­տել իրենց ան­­հա­­­տական կեան­­քը, հայ­­րե­­­նիքի խա­­ղաղու­­թիւնը, ապա­­հովու­­թիւնը ու անվտան­­գութիւ­­նը՝ յա­­նուն ապա­­գայի եւ յա­­նուն եկող սե­­րունդնե­­րու շէն ու բա­­րօր կեան­­քի։

Միաբա­­նական հա­­մագու­­մա­­­րի մաս­­նակցող հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու այ­­ցը «Ծի­­ծեռ­­նա­­­կաբերդ» եւ «Եռաբ­­լուր» յու­­շա­­­համա­­լիր­­ներ

Միաբա­­­­նական հա­­­­մագու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րի մաս­­­­նակցող հո­­­­գեւո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը հա­­­­մագու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րի 2-րդ օրը նո­­­­ւիրե­­­­ցին յի­­­­շատա­­­­կու­­­­թեան արա­­­­րողու­­­­թիւննե­­­­րուն։ Հո­­­­գեհանգստեան կարգ կա­­­­տարո­­­­ւեցաւ Մայր Աթո­­­­ռի միաբա­­­­նական գե­­­­րեզ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նատան, ապա՝ «Եռաբ­­­­լուր» զի­­­­նուո­­­­րական պան­­­­թէոնի մէջ։ Ծի­­­­ծեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կաբեր­­­­դի յու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­համա­­­­լիրին միաբան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կա­­­­տարե­­­­ցին բա­­­­րեխօ­­­­սու­­­­թեան կարգ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ