ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
10թերեւս ալ քիչ մը աւելի տարիներ առաջ, առաջին անգամ այցելած էի Թուրքիոյ Արեւմտեան ծայրամասին գտնուող յունապատկան Իմրոզ կղզին։ Դիտմամբ գործածեցի «յունապատկան» եզրը, քանի որ այդ թուականներուն հազիւ ձեռքի մատներու չափ քանակով տարեց յոյներու հանդիպած էինք միայն։ Կղզիի հակիրճ պատմութեան հետեւելով գիտենք թէ հանրապետութեան հիմնադրութեան ընթացքին, նորակազմ պետութեան գոյութեան փաստաթուղթը համարուած Լոզանի դաշնագրին մէջ յատուկ նշուած վայր մը եղած է ան։
Դէպի Թուրքիոյ անկախութեան հասնող շրջանին, երբ բնակչութեան փոխանակում կատարուեցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, այս կղզին եւ հարեւան Թենետոս կղզին կղզիի բնակչութիւնները պոլսեցի յոյներուն հետ միասին զերծ մնացին տեղահանութենէն։ Անոնց համար մշակուեցաւ յատուկ կարգավիճակ, որու հետեւանքով մինչեւ անվտանգութեան ծառայութիւն պիտի ստանձնէին տեղացի ժողովուրդը։ Սակայն տարիներու հոլովոյթով պետութիւնը գործադրեց էդնիկ զտման յատուկ ծրագիր մը, որու հետեւանքով տեղացի յոյն ժողովուրդը հարկադրուեցաւ իր պապենական կղզին լքելով Յունաստան ապաւինիլ։
Մեր այդ այցելութեան ընթացքին սրտի կսկիծով հետեւեցանք լքուած տուներու տխուր պատկերին։ Պետութիւն մը, որքան անխնայ կերպով վերաբերած էր իր քաղաքացիներուն։ Այս բոլորը մեր վրայ շատ վատ տպաւորութիւն թողեցին, որու հետեւանքով մեծ խօսիկութիւն մը ընելով յայտարարած էինք, որ անգամ մըն ալ ոտք չենք դներ այս կղզին։
Այդ տրամադրութիւնը վառ մնաց մինչեւ 3 Յունիսի երեկոյեան ժամերուն, երբ կղզիի Թեփէքէօյ անուն պատմական գիւղին մէջ ներկայ եղանք յունաց երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին։
Այդ օր յատուկ արտօնութիւնով Յունաստանէն շատերը իրենց ընտանիքներով միասին Թուրքիա եկած աշակերտներով իր առաքելութիւնը շարունակող վարժարանի շրջանաւարտները ութը երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ էին։ Ամբողջ մէկուկէս ժամ ուշիուշով հետեւեցանք ծրագրուած հանդէսին։ Այո՛ ուշիուշոյ հետեւեցանք, նոյնիսկ մէկ բառով իսկ մեզի անծանօթ ելոյթներուն։
Շրջանաւարտութեան հանդէսը կայացաւ բացօթեայ դպրոցի պարտէզը։ Այստեղ հանդիսութեան հետեւելու համար հաւաքուած զանգուածը եւս տպաւորիչ էր։ Սերունդներու համախմբում մըն էր այս, ուր տարբեր տարիքներէ ժողովուրդ մը կը բաժնէր նոյն ոգեւորութիւնը։
Անդին մանուկներ՝ բոլորովին անտեղեակ կատարուածի նշանակութենէն, իրենց մանկական աշխարհի թելադրած ապրումներով տարուած էին։ Եթէ յոռետես մերձեցումով դիտենք, անոնց ճիչերը կամ ուրախ բացագանչութիւնները կը խանգարեն այդ պահուն ելոյթ ունեցողի խօսքը։ Բայց եթէ նոյն աղմուկը ընկալենք 49 տարի փակ մնալէ, իր առաքելութիւնը արգիլուելէ ետք դպրոցի մը այս յատկանշական պահուն, այդ ձայները վերակենդանացման ապացոյցը կարելի է համարել։
Կ՚երեւի այս նշանակութիւնը միայն մեր համոզումը չէ, քանի որ Յունաստանի Հանրապետութեան Իսթանպուլի հիւպատոսարանի մշակութային կցորդն ալ յատուկ այս միջոցառման ներկայ գտնուելու ցանկութեամբ այցելած էր Իմրոզ կղզին։
Մենք կրկնակի ուրախ էինք, քանի որ յաջողեցանք հեռուստաէգրանի վրայ շաբաթական հերթականութեամբ ցուցադրուող հեղինակային հաղորդումը կատարեցինք հեռակապ դրութեամբ, մեր կողքին ունենալով վաղեմի բարեկամ մը, յունաց վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Սթէլիօ Պերպերը։
Ան այս առթիւ պատմեց թէ կղզին իր ծննդավայրը եղած է, ուրկէ բաժնուած է ուսումը շարունակելու համար։ «Երեք տարի առաջ հրաւէր ստացայ այս դպրոցին մէջ որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ պաշտօնավարելու համար։ Ներընտանեկան խորհրդակցութիւնով մը որոշեցինք ընթացք տալ այս հրաւէրին եւ երեք տարիէ ի վեր կնոջս եւ երկու դուստրերուս հետ կղզեբնակ դարձած ենք»։
Իր հարազատ ժողովուրդը բնօրրանէն վանելու միտող չար միտքը այս դպրոցի գոյութիւնով ծանր հարուած մը ստացած է։ Այդ ծրագրի հեղինակները այսօր ափսոսանքով կը դիտեն կատարուածը, որ կը խորհրդանշէ իրենց պարտութիւնը։ Սակայն պարտինք նշել թէ այդ չար միտքը մեծ տառապանք պատճառեց նախորդ սերունդներու համար, անոնց սրտին մէջ թողելով հայրենաբաղձութեան ծանր բեռը։
Մենք ի տարբերութիւն նախորդ այցելութեան, այս անգամ կղզիէն հրաժեշտ կ՚առնենք յաղթանակի ոգեւորութեամբ։ Թէեւ հատուկենտ ուրախութիւն մըն է այս, բայց բաւարար է աւելի մեծ ակնկալութիւններով յուսադրուելու համար։