Մարմնամարզութիւնը ինքնին ամբողջական կենցաղ մը կը պարունակէ իր մէջ։ Մարզական ըսելով պիտի հասկնանք ոճ մը։ Ոճ մը՝ որ պիտի բնութագրէ հագուստ-կապուստը, ինքնաշարժի կամ ժամացոյցի տեսակը եւ իբրեւ ամբողջութիւն յատուկ վարք մը։ Այդ վարքը առատաձեռն է, մարդասէր ու նուիրեալ։ Նազար Հանչէր այդ բոլոր յատկանիշները հաւաքած էր իր ինքնութեան մէջ։ Բառին բուն իմաստով սփորթմեն մըն էր ան։ Ուրախալի է տեսնել թէ իր այդ յատկանիշները թէեւ յետ մահու գնահատուած են եւ իրեն շնորհուած է Թուրքիոյ Լրագրողներու Ակումբի Արման Թալայի անուան մրցանակը։ 31 Մայիս ժամը 11.00-ին Լրագրողներու Ակումբի կեդրոնին մէջ կայացաւ մրցանակատուուչութեան հանդէսը։
Այդ օր մարմնամարզութեան զանազան մարզերէ ներս գնահատանքի արժանացող 14 անուններէն մէկն էր Նազար Հանչէր։ Կազմակերպութիւնը իր անունին կցած էր «Մարմնամարզութեան կամաւոր» տիտղոսը։ Իր ամուսնոյն անուան շնորհուած մրցանակը ստանալու համար Անգարա ժամանած էր արուեստաբան տոքթ. Էլմոն Հանչէր, իր կողքին ունենալով դուստրը ու փեսան։