Մեզ՝ ակօսականներու համար յատուկ նշանակութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ Մահիր Էօզքանի «Համշենցնակ» անուն ուսումնասիրութեան «Արաս»ի մատենաշարէն հրատարակութիւնը։
Մեր այս ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը կը բխի, այն իրողութենէն, քանի որ Մահիր Էօզքան իր առաջին յօդուածները ընթերցողին մատուցած էր «Ակօս»ի միջոցաւ։
Շուրջ 15 տարի առաջ ան Համշէնի ազգագրական մշակոյթի նմոյշները կը փոխանցէր թերթիս հայերէն էջերու ընթերցողներուն, համշէնահայերէն խիստ հաճելի մէջբերումներով։
Մահիր Էօզքան այս առաջին փորձերէն ետք ընթերցողին ներկայացաւ նախապէս թերթիս էջերուն տեղ գտած պատումներու հաւաքական հատորով մը։ Եռալեզու այս հատորին մէջ ան համշէնեան հէքեաթները նկարագրեց բարբառային բնագրով, հայերէն տարբերակով եւ թրքերէն թարգմանութիւնով։ Ապա դարձեալ «Արաս»ի մատենաշարէն լոյս տեսաւ համաշխարհային գրականութեան մէջ դասականացած Անդուան Սեն Էքսուբերիի «Պզտիկ Իշխանը» անուն վէպը համշէնի բարբառով։
Մինչ այդ Մահիր Էօզքանի համշէնի ազգագրութեան ձօնուած յօդուածներուն հետեւեցանք Համշէնցիներու Հայրենակցական Միութեան կողմէ հրատարակուած «Կոր» պարբերականի էջերուն վրայ։
Քաջ տիրապետելով համշէնի բարբառին եւ արեւմտահայերէնին, ան երկար տարիներ ուսումնասիրեց նաեւ հասարակական բառամթերքը։
Այս անգամ Մահիր Էօզքան կը ներկայանայ հայերէնի այս բարբառի քերականութեան ձօնուած ուսումնասիրութիւնով մը։ Գիրքի կողքին վրայ կը կարդանք նաեւ «Արեւմտահայերէնի հետ բաղդատական Համշէնի Քերականութեան Գիրք» ծանօթագրութիւնը։ 28 անջատ գլուխներէ բաղկացած ուսումնասիրութեան առաջին բաժինը պատմական ակնարկ մըն է համշէնցիներու եւ համշէներէնի մասին։ երկրորդ բաժնի մէջ հեղինակը կը փորձէ համշէներէնի գրաւոր լեզուի փոխանցման կանոնները եւ մանաւանդ ալ հայերէնի այս բարբառին լատինատառ գրառումին համար թելադրուած կանոնները ծանօթացնել։
Յաջորդող բաժիններու մէջ բացատրութիւններ կը տրուի անձնական դերանուններու, շեշտադրութիւններու, եզակի եւ յոգնակիի գործածութեան, բառերու փոփոխման կանոններու, թիւերու եւ թուականացման կանոններու եւ վերջապէս համշէներէն խօսակցական եւ գրաւոր օրինակներու։
Իր տեսակին մէջ մեծ հաւանականութեամբ առաջին օրինակը համարելու արժանի այս աշխատասիրութիւնը անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ Մահիր Էօզքանի իր մայրենիի հանդէպ հմտութիւնը։ Ան առտնի խօսակցական բարբառը իւրայատուկ երանգներով նկարագրելու կարեւոր փորձ մը իրականացուցած է, որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան։