Կալուածները չեն արդարացնէր ակնկալութիւնները

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Ինչպէս ծա­նօթ է նա­խորդ տա­րի Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ մշա­կուած նոր կա­նոնագ­րի հրա­պարա­կու­մէն ետք իրա­րայա­ջորդ կեր­պով կա­տարուած էին հա­մայնքա­յին հա­սատա­տու­թիւննե­րու վար­չութեանց ընտրու­թիւննե­րը։ Այժմ ակա­նատես կ՚ըլ­լանք նոր ընտրո­ւած կազ­մե­րու, իրենց վստա­հուած հաս­տա­տու­թեանց մա­սին ելմտա­կան լու­սա­բանու­թիւննե­րուն։

Այս ծի­րէն ներս նա­խորդ հա­մար­նե­րով անդրա­դար­ձած էինք Պիւ­յիւքտե­րէի Սուրբ Հռիփ­սի­մեանց եւ Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեցի­ներու նոր թա­ղակա­նու­թեանց բա­ցատ­րութիւննե­րուն։

25 Մա­յիս հինգշաբ­թի երե­կոյ այս ան­գամ Մխի­թարեան Վար­ժա­րանի նո­րըն­տիր վար­չութիւ­նը յա­տուկ ժո­ղով մը գու­մա­րեց դպրո­ցի սրա­հին մէջ եւ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ անցնող ժա­մանա­կի գոր­ծունէու­թեան մա­սին։ Ատե­նապետ Ռա­ֆայէլ Ժո­զէֆ Ալիք նախ տե­ղեկու­թիւններ տո­ւաւ նոր վար­չութեան ան­դամնե­րու պաշ­տօ­նաբաշխման մա­սին։ Ապա ներ­կա­յացուց ստանձնած պարտքե­րը եւ ամ­սա­կան եկա­մու­տը։ Այսպէ­սով պար­զո­ւեցաւ թէ հիմ­նարկը 71 մի­լիոն 315 հա­զար ԹԼ. պար­տա­կան է։ Այս գու­մա­րի 700 հա­զար տո­լարի, այ­սինքն 13 մի­լիոն 130 հա­զար ԹԼ. պար­տա­կան է Սուրբ Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան։ 10 մի­լիոն 128 հա­զար ԹԼ. ալ պար­տա­կան է դրա­մատու­նե­րուն։

Նո­րակա­ռոյց շէն­քէն իւ­րա­քան­չիւրր ամիս կը ստա­նան 1 մի­լիոն 510 հա­զար եկա­մուտ, որուն 310 հա­զար­նոց բա­ժինը կը տրա­մադ­րո­ւի շի­նարար ըն­կե­րու­թեան։ Նկեատի ու­նե­նալով, որ դպրո­ցի ամ­սա­կան ծախ­սե­րը կը կազ­մեն 2 մի­լիոն ԹԼ., կը գո­յանայ 800 հա­զար ԹԼ.-ի բաց մը, որ կ՚ամ­բողջաց­նեն Սուրբ Յա­կոբի հո­գաբար­ձութե­նէն պարտք ստա­նալով։

Կա­լուած­նե­րու նիւ­թով նոր վար­չութեան խորհրդա­տու Օն­նիկ Փեշ­տե­մալ­ճեան բո­վան­դա­կալից զե­կոյց մը ներ­կա­յացուց Լո­թու­սի նա­խագ­ծի մա­սին։ Պար­զո­ւեցաւ որ այս հա­մալի­րի մէջ գոր­ծող «Ուես­տին» հիւ­րա­նոցէն կը գան­ձո­ւի տա­րեկան 300 հա­զար ԱՄՆ տո­լար, որ բա­ւական ցած սակ մըն է։ Ըստ Փեշ­տե­մալ­ճեանի, այդ գու­մա­րը պէտք է ըլ­լար առ­նո­ւազն 600 հա­զար եւ 1 մի­լիոն 200 հա­զար տո­լարի սահ­մաննե­րով։ Փաշ­տե­մալ­ճեան դժգո­հեցաւ նաեւ շատ կա­րեւոր փաս­տա­թուղթե­րու բա­ցակա­յու­թե­նէն։ «Վար­չութիւ­նը ստանձնե­լէն ետք ու­նե­ցանք միայն 14 Փետ­րո­ւար 2014 թո­ւակիր հա­մաձայ­նա­գիրը։ Ստի­պուե­ցանք նո­թարի գրա­սենեակ, հա­մալի­րի ճար­տա­րապե­տին եւ քա­ղաքա­պետա­րան դի­մելով փաս­տա­թուղթեր ճա­րելու»։ Ան քննա­դատեց նաեւ հիւ­րա­նոցի 40 տա­րի ժամ­կէ­տով վար­ձա­կալ­ման դի­մաց։ Նշեց որ փո­խանցման իրա­ւունք եւ յա­ւելեալ վար­ձա­կալ­ման իրա­ւունք շնոր­հե­լը սխալ որո­շումներ եղած են։

Նա­խորդ վար­չութեան ատե­նապետ Ար­ման Քա­մար ուղղո­ւած քննա­դատու­թիւննե­րուն իբր պա­տաս­խան յայտնեց թէ ստի­պուած էին շի­նարա­րու­թեան սկսե­լու։ Ան նաեւ նշեց որ հա­մաձայ­նա­գիր­ներ կնքե­լու պա­հուն խորհրդակ­ցած են կարգ մը փաս­տա­բան­նե­րու եւ հա­ւանու­թիւնը ստա­ցած Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան եւ Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեանի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ