Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հիմնադրութենէն այս կողմ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վրայ մեծ ներդրում ունեցած քաղաքական գործիչ Սելահատտին Տեմիրթաշ 31 Մայիսին հրապարակեց քաղաքական դաշտէն հեռանալու իր որոշումը։
Ան իբրեւ իւրայատուկ կերպար, եթէ յաջողեցաւ իր ժողովուրդի ջերմ համակրանքին արժանանալ, բնականաբար արժանացաւ նաեւ իր հակառակորդներու, այս պարագային թուրք ազգայանականներու հալածանքին։ Այդ հալածանքի հետեւանքով ան վերջին վեց տարիները կը բոլորէ Էտիրնէի արգելանոցը։
Բանտարկութիւնը իսկ չէր կրցած կասեցնել անոր աշխոյժ պայքարը հետզհետէ ցեղապաշտութեան վերածուող ազգայնականութեան դիմաց։
Այս հրաժարումը մեծ կորուստ մըն է ոչ միայն քրտական ազատագրական շարժումին, այլեւ ամբողջ երկրի ժողովրդավարական շարքերուն համար։ Նոյնիսկ չափազանցած չենք ըլլար ըսելով, թէ այդ կորուստէն բաժին կը հասնի համաշխարհային հասարակութեան, քանի որ անոր որդեգրած տեսլականը ինքնին ունէր համաշխարհային բնոյթ յատկապէս բազմազգի երկիրներու քաղաքացիներուն համար։
Տեմիրթաշի մերձեցումով քիւրտերու համար աւելի ձեռնտու էր գերպետութիւններու շահարկման ենթարկուած Քիւրտիստանի փոխարէն Թուրքիոյ ամբողջութեան մէջ իր յատուկ երանգով ներկայացող ինքնավարութիւնը։ Սակայն այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ էր երկրէ ներս ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը, ինչ որ ձեռնտու չէր երկրի հիմնական գաղափարախօսութեան։