Մեկնարկած է Էրտողանի վերջին նստաշրջանը

Նախորդ կի­րակի տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուրքիոյ նա­խագա­հական ընտրու­թեան երկրորդ փու­լը։ Թուրքիոյ գոր­ծող նա­խագահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղան 14 Մա­յիսին տե­ղի ու­նե­ցած նա­խագա­հական ընտրու­թեան առա­ջին փու­լի ըն­թացքին ապա­հոված էր քո­ւէնե­րու 49,5 առ հա­րիւ­րը, իսկ անոր մրցա­կիցը՝ Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան նա­խագահ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն՝ քո­ւէնե­րուն 44,9 առ հա­րիւ­րը։

85 մի­լիոն բնակ­չութիւն ու­նե­ցող եր­կի­րին մէջ նա­խագա­հական ընտրու­թեան մաս­նակցե­ցան աւե­լի քան 60 մի­լիոն քա­ղաքա­ցիներ։ Ընտրու­թիւնը նշա­նակա­լից էր, ոչ միայն, երկրի յա­ջորդ ղե­կավա­րը ճշդե­լու իմաս­տով, այլ նաեւ վար­չա­կան դրու­թիւնը ստու­գե­լու իմաս­տով։ Թուրքիա այժմ մատ­նո­ւած է տնտե­սական ճգնա­ժամի, որուն հե­տեւան­քը կը ցո­լանայ ապ­րուստի դժո­ւարու­թեամբ, մեծ սղա­ճի ու ազ­գա­յին դրա­մանի­շի ար­ժեզրկման երե­ւոյթնե­րով։ Ընտրու­թիւնը նաեւ պի­տի ճշդէ Թուրքիոյ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան կողմնո­րոշու­մը։

Էր­տո­ղան եւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու նոյն պա­հուն քո­ւէար­կե­ցին Պոլ­սոյ եւ Ան­գա­րայի ընտրա­կան տե­ղամա­սերուն մէջ։ Գոր­ծող նա­խագա­հը քո­ւէար­կե­լէ ետք յայտնեց. «Հե­զասահ ընտրա­կան հո­լովոյթ մը եւ ար­դիւնքնե­րու արագ յայ­տա­րարում կը նա­խատե­սենք։ Թուրքիան փաս­տեց, թէ որ­քան կառ­չած է ժո­ղովրդա­վարու­թեան» ըսաւ ան։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լու իր կար­գին յայտնեց. «Բո­լոր քա­ղաքա­ցինե­րուն կոչ կ’ուղղեմ՝ քո­ւէատու­փեր ուղղո­ւելու եւ պաշտպա­նելու իրենց քո­ւէնե­րը, որով­հե­տեւ ընտրու­թիւնը տե­ղի կ’ու­նե­նայ դժո­ւար պայ­մաննե­րու մէջ»։ «Թուրքե­րուն կոչ կ’ուղղեմ՝ մե­նատի­րական վար­չա­կար­գէն ձեր­բա­զատո­ւելու հա­մար քո­ւէար­կե­լու» ըսաւ ան։

Նախ­քան այդ, Թուրքիոյ Ընտրա­կան բարձրա­գոյն խոր­հուրդի նա­խագահ Ահ­մեթ Եանար յայ­տա­րարեց. «Նա­խագա­հական ընտրու­թեան ար­դիւնքի յայ­տա­րարու­մը շատ պի­տի չ’ու­շա­նայ ինչպէս պա­տահե­ցաւ առա­ջին փու­լին»`աւելցնե­լով, որ երկրորդ փու­լին մաս­նակցու­թեան հա­մեմա­տու­թիւնը եւս բարձր է։

Էր­տո­ղան քո­ւէար­կութեան աւար­տէն ու քո­ւէնե­րու հա­շուար­կը սկսե­լէն ետք կոչ ուղղեց՝ մին­չեւ վերջնա­կան ար­դիւնքի յայ­տա­րարու­մը պաշտպա­նելու քո­ւէատու­փե­րը։ Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թիւնը իր կար­գին կոչ ուղղեց՝ մին­չեւ ժա­մը 7 սպա­սելու կու­սակցու­թեան մամ­լոյ ասու­լի­սին, եւ ատ­կէ առաջ կու­սակցու­թեան կող­մէ չհրա­պարա­կուած որե­ւէ ար­դիւնք ան­տե­սելու։ Կու­սակցու­թեան բան­բե­րը նաեւ յայ­տա­րարեց. «Պի­տի պաշտպա­նենք մեր ժո­ղովուրդի կամ­քը եւ յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րենք»։

Նա­խագա­հական ընտրու­թեան մաս­նակցու­թեան հա­մեմա­տու­թիւնը 83,99 առ հա­րիւր էր։

Էր­տո­ղան Պոլ­սոյ մէջ իր հա­մակիր­նե­րուն առ­ջեւ ճառ մը ար­տա­սանե­լով յայ­տա­րարեց իր յաղ­թա­նակը. «Մեր ժո­ղովուրդը մե­զի ժո­ղովրդա­վարու­թեան տօն ապ­րե­ցուց»։ Ան ըսաւ, որ ընտրա­կան հո­լովոյ­թը ըն­թա­ցած է «առողջ եւ հան­դարտ կեր­պով»։

«Այ­սօր Թուրքիան յաղ­թեց, Ազրպէյ­ճա­նը յաղ­թեց, Ղա­րաբա­ղը յաղ­թեց», յայ­տա­րարեց հինգ տա­րուայ նոր նստաշրջա­նի մը հա­մար Թուրքիոյ նա­խագահ վե­րընտրուած Էր­տո­ղան։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լու իր հա­մակիր­նե­րուն առ­ջեւ պաշ­տօ­նական ու հա­կիրճ խօսք մը ար­տա­սանե­լով յայ­տա­րարեց. «Ընտրու­թիւնննե­րը ար­դար չէին, եւ միւս թեկ­նա­ծուն պե­տու­թեան կա­րելիու­թիւննե­րէն օգ­տո­ւեցաւ։ Կը մաղ­թեմ, որ մեր եր­կ­րին մէջ ժո­ղովրդա­վարու­թեան հաս­տատման հա­մար մեր պայ­քա­րին մէջ մե­զի աջակ­ցիք»։

Բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին ղե­կավար­ներ շնոր­հա­ւորե­ցին Էր­տո­ղանը նա­խագահ վե­րընտրո­ւելուն հա­մար։ Ռու­սիոյ նա­խագահ Վլա­տիմիր Փու­թին Էր­տո­ղանը «սի­րելի բա­րեկամ» կո­չելով շնոր­հա­ւորեց անոր ար­ձա­նագ­րած յաղ­թա­նակը։

Միացեալ Նա­հանգնե­րու նա­խագահ Ճօ Պայ­տըն իր կար­գին շնոր­հա­ւորե­լով Էր­տո­ղանը թո­ւիթը­րեան էջին վրայ գրեց. «Ես կ’ակնկա­լեմ շա­րու­նա­կել, իբ­րեւ ՆԱԹՕ-ի դաշ­նա­կից­ներ, երկկողմ խնդիր­նե­րու եւ հա­սարա­կաց հա­մաշ­խարհա­յին մար­տահրա­ւէր­նե­րու շուրջ միացեալ աշ­խա­տան­քը»։

ՀՀ Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան ալ «Թո­ւիթը­րեան» գրա­ռու­մով մը շնոր­հա­ւորեց նա­խագա­հի վե­րընտրու­թիւնը։ «Սպա­սում եմ մեր հա­մատեղ աշ­խա­տան­քի շա­րու­նա­կու­թեանը մեր երկրնե­րի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րի լիար­ժէք կար­գա­ւոր­ման հա­մար», գրած է ան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ