Պատրիարք Հայրը Շնորհաւորեց Հանրապետութեան Նախագահի Վերընտրութիւնը

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հի ընտրու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ 28 Մա­յիս 2023, Կի­րակի, որու ար­դիւնքին, նոյն պաշ­տօ­նին վե­րընտրուեցաւ Վսեմ. Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։

Նոյն առ­թիւ, Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը նա­մակով մը շնոր­հա­ւորեց Հան­րա­պետու­թեան Վսեմ. Նա­խագա­հի վե­րընտրու­թիւնը եւ ըսաւ.

«Կ’ու­զեմ գո­հու­նա­կու­թիւնս յայտնել, որ 28 Մա­յիս 2023-ին կա­յացած ընտրու­թեան որ­պէս ար­դիւնք՝ Դուք վե­րըն­տո­ւեցաք Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի պաշ­տօ­նին։

Այս մէ­կը ազ­գի վստա­հու­թեան դրսե­ւորումն է, որ այս նո­ւիրա­կան պար­տա­կանու­թիւնը կրկին ան­գամ վստա­հուած է Ձերդ Վսե­մու­թեան այն օրե­րուն, երբ ազ­գո­վին կը պատ­րաստո­ւինք նշե­լու Հան­րա­պետու­թեան 100-ամեակը։

Այս առ­թիւ ան­ձիս, Պատ­կա­ռելի Կրօ­նական ժո­ղովի, հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու, մեր հա­մայնքա­յին հաս­տա­տություննե­րու վար­չութեանց եւ հայ հա­մայնքի անու­նով կը շնոր­հա­ւորեմ Ձերդ Վսե­մու­թիւնը։

Ան­կեղծօ­րէն կը ցան­կանք, որ Աս­տո­ւած ձեզ պար­գե­ւէ քա­ջառողջ կեանք եւ յա­ջողու­թիւններ՝ շա­րու­նա­կելու ձեր մա­տու­ցած ծա­ռայու­թիւննե­րը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ