ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Հանրապետական շրջանի բազմակուսակցական հատուածի մէջ առաջին անգամ կիրարկեցինք երկրորդ փուլի ընտրութիւն։ Նախագահ Էրտողան իր գլխաւոր մրցակցին դիմաց ապահովեց չորս տոկոսի առաւելութիւն եւ երրորդ անգամ նուաճեց ժողովուրդի ձայներով ապահովուած նախագահի աթոռը։ Այսպէսով ան յաւելեալ հինգ տարիներ աւելցուց 2002 թուականէն այս կողմ շարունակուող իշխանութեան 21 տարիներուն վրայ։
Կարելի է զանազան տեսանկիւններէ քննարկել Էրտողանի նուաճած ձայներու 52,16 եւ Քըլըճտարօղլուի 47,84 տոկոսները։ Ընդդիմադիր ճակատի ընդհանուր համոզումով Թուրքիոյ բնակչութեան համարեա կէսը դէմ է նախագահ Էրտողանի եւ անոր վարչաձեւին։ Իմաստլի եւ նոյնքան անիմաստ հաստատում մըն է այս։
Անիմաստ է, քանի որ ընտրութեան գործադրուած կանոնի համաձայն միայն մէկը պիտի յաղթէ։ Վարչաձեւը այդ հիման վրայ ձեւաւորուած է։ Մնաց որ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան խորհրդարանի անդամակցութիւնը չէ աւելցած, հետեւաբար իրաւացի չէ «երկրի կէսը» սահմանումը։ Յիշենք որ 2018-ի ընտրութիւններուն ալ, նախագահութեան համար մրցող ԺՀԿ-ի թեկնածու Մուհարրեմ Ինճէ, Մերալ Աքշեներ, Սելահատտին Տեմիրթաշ եւ Թեմել Քարամոլլաօղլուիի միասնաբար ապահովուած զօրակցութիւնը հազիւ ձայներու 47,23 համեմատութեան հասած էին։ Այս ալ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ վերջին ընտրութեան Քըլըճտարօղլուի հասած համեմատութեան։ Ուրեմն այդ ժամանակ ալ երկրի կէսը Էրտողանի դէմ էր, բայց այս աղիւսակը արգելք չեղաւ անոր բռնատիրական վարչութեան։ Հետաքրքրական կերպով Էրտողան ալ մնացած է նոյն համեմատութեան սահմաններով։
Նաեւ իմաստալից է, քանի որ ընդդիմադիր ճակատը, նոյնիսկ դժուարանալով յաջողած է ընտրողմներու համակրանքը ապահովելու։ Թէեւ ընդդիմութեան բազմաշերտ կազմը որոշ անվստահութիւն կը պատճառէ ընտրողներուն համար, բայց յաջող բանակցութիւններն ալ գնահատանքի արժանի են։ Բայց իբրեւ ենթադրութիւն, կարելի է պնդել թէ, եթէ Քըլըճտարօղլու ընտրութենէն ամիսներ առաջ գործակցած ըլլար Յաղթանակ Կուսակցութեան հետ, Ժողովուրդներու Ժողովրդական Կուսակցութեան համակիրները այս թափով չէին զօրակցեր իրեն։ Ընտրողներու այդ զանգուածը քիչ մըն ալ ճնշող, ազգայնական ու խտրական մթնոլորտի փարատման յոյսով աջակցեցաւ Քըլըճտարօղլուին։
Էրտողան հակաքիւրտ եւ ազգայնական շրջանակները սիրաշահելու համար շահագործեց ԺԺԿ-ի Քըլըճտարօղլուին մատուցած զօրակցութիւնը։ Չի խուսափեցաւ ԺԺԿ-ի կողքին ԺՀԿ-ն ալ ահաբեկչութեամբ ամբաստանելէ։Նոյնիսկ հպարտութեամբ պաշտպանեց կեղծուած վիտէօժապաւէններով կատարուած քարոզչութիւնը։ Արդէն 2016 թուականէն այս կողմ որդեգրած է այս ռազմավարութիւնը եւ ափսոս որ ակնկալած արդիւնքն ալ ստացած։
Ալ աւելի սրեց բեւեռացումը։ Տնտեսական ճգնաժամէ ու սղաճէ տառապող ժողովուրդին դիմաց ան խօսեցաւ միայն ահաբեկչութեան մասին։ ԺՀԿ մնաց պաշտպանութեան դաշտի մէջ։ Ազգայնական շրջանակներու համար բաղդատմամբ Քըլըճտարօղլուի, աւելի համակրելի թուացող Իմամօղլուն քարկոծուեցաւ Էրզրումի մէջ։ Վերջապէս Էրտողան, իր հսկողութեան ենթակայ մետիան ալ օգտագործելով գրգռեց հակաքիւրտ քարոցչութիւն մը։ Աւելին, ԺՀԿ-ն ալ նոյնացուց իր թիրախ առած ԺԺԿ-ին հետ։ Այս պայմանները նկատի ունենալով կարելի է ըսել թէ բնաւ ալ քիչ չէ ԺՀԿ-ի ստացած ձայները։
Ընտրութիւնները յաջողութեամբ աւարտող Էրտողան իր համակիրներուն ուղղուած ճառին մէջ դարձեալ պահեց խտարականութեան եղանակը։ Զինք լսողներն ալ արձագանգեցին իր ակնկալած վանկարկումներով։ Անոնք երբ կը լսէին Սելահատտին Տեմիրթաշի անունը իսկոյն կը վանկարկէին «Կա-խա-ղան»։ Կարելի է եզրակացնել որ Էրտողան տակաւին պիտի շարունակէ շահագործել ազգայնական գրգռութիւնով։ Չէ որ այս ռազմավարութիւնը յատուկ է բռնատիրական վարչաձեւի մը։ Բիւրաւոր անգամներ կը կրկնուին գրգռիչ սուտեր եւ անոնք հետզհետէ կ՚ընկալուին իբրեւ իրողութիւն։ Էրտողան իր ելոյթի ընթացքին յատուկ ակնարկութիւն ունեցաւ ԺԺԿ կուսակցութեան նախկին համանախագահ, այժմ Էտիրնէյի արգելանոցի մէջ բանտարկեալ Սելահատտին Տեմիրթաշին։ Մեղադրանքները աւարտին հասցուց խոստանալով շարունակել այս բանտարկութիւնը։ Այս ելոյթը անգամ ապացոյց մըն է գործադիր մարմնին իրաւական համակարգի միջամտութեան։ Հետեւցնելով կարելի է ըսել որ Էրտողան պիտի շարունակէ իր հակաքիւրտ ռազմավարութիւնը եւ այսպէսով պիտի փորձէ շահագործել ազգայնական շրջանակները։
Յառաջիկայ շրջանին, բազում խնդիրներու կողքին այս նիւթով ալ պայքարելու պիտի մատնուինք։