Մեր ընթերցողներու ուշադրութենէն չէ վրիպած վերջին թիւերու մէջ յայտնուող «Բարռեսիա» գոլէքթիվի յատուկ սիւնակը։ Հայ կին ակադեմականներէ կազմուած այս հարթակը երկշաբաթական հերթականութեամբ հրատարակուող յօդուածներով կը ներկայանայ թերթիս հայերէն եւ թրքերէն էջերուն վրայ։
Այս անգամ ուրախութիւնը կը վայելենք հարթակի անդամներէն Նազլը Թէմիր Պէյլէրեանի այցելութիւնով։ Ան յաւելեալ ուրախութիւն կը ներկայացնէ մատուցելով իր բանաւոր պատմութիւններու հաւաքածոն, որ կը կրէ «Թուրքիոյ հայոց հաւաքական յիշողութիւնը, ցեղասպանութենէն յուշասպանութիւն» խորագիրը։
Իսկապէս ալ ցեղասպանութիւնը որոշ թուականի մը պատահած ու աւարտած գործընթացէ աւելին կը յուշէ։ Զանգուածային մարդասպանութեան յաջորդած է պատմամշակութային ժառանգութեան վերացման գործողութիւնները, որոնք կոչուած են մշակութային ցեղասպանութիւն։ Այս պահուն կը յիշենք նուիրեալ ճարտարապետ Սամվէլ Կարապետեանի այն տքնաջան աշխատութիւնը, որ յստակօրէն կը պարզէր բազմաթիւ պատմական վանքերու եւ եկեղեցիներու տասնամեակներու ընթացքին հողին հաւասարուելու փաստը։
Յիշենք որ, հայ մարդուն իր բնօրրանէն պոկուելէ ետք յատկապէս արեւմտեան երկիրներ գաղթելով ենթարկուած ձուլումն ալ կոչած ենք «ճերմակ ջարդ»։
Ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած այս հատորին մէջ Նազլը Թէմիր Պէյլէրեան ի մի բերած է իր կողմէ կատարուած 45 բանաւոր պատմութեան նմոյշներ։ Այս զրոյցները ընթերցողին դիմաց կը պարզեն բաւականին ընդարձակ տարածք մը պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններէն։ Զրուցակիցներն ալ կարելի է դասաւորել երեք սերունդներու հերթականութեամբ։ Արդարեւ գիրքը իր ամբողջութեան մէջ կը պարզէ բաւականին ընդարձակ ընկալման գետին մը ցեղասպանութեան եւ անոր անհատներու կամ ընտանիքներու յաջորդող ապրումներուն վրայ ունեցած ազդեցութիւններու մասին։
Մեզի համար բաւականին խորիմաստ է որ տիկին Պէյլէրեան իր այս աշխատասիրութիւնը ձօնած է Հրանդ Տինքի յիշատակին։ Իրաւ ալ Հրանդ Տինք իր քաջարի ոճով ընթացք տուաւ թէ Թուրքիոյ եւ թէ համաշխարհային տարածքով հայ նոր սերունդի իր պատմական անցեալին հետ նոր ոճով, նոր մերձեցումով եւ ալ աւելի կարեւոր է ակադեմական մակարդակով հետաքրքրութեան։