Զէքիեան կ՚այցելէ Տիյարպէքիր

Յատուկ նա­­խաձեռ­­նութեամբ Թուրքիոյ Կա­­թողի­­կէ Հա­­յոց Առաջ­­նորդ Ար­­հի. Տ. Լե­­ւոն Արք. Զէ­­քիեանի, մաս­­նա­­­ւոր ուխտա­­կան ու­­ղեգնա­­ցու­­թիւն մը պի­­տի կա­­տարո­­ւի դէ­­պի Թուրքիոյ Հա­­րաւ Արեւելեան կող­­մը։

Սոյն ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան ծի­­րէն ներս հան­­դի­­­սաւոր Սուրբ Պա­­տարագ պի­­տի մա­­տու­­ցո­­­ւի նախ 3 Յու­­նի­­­սին ժա­­մը 16։00-ին Տի­­յար­­պա­­­քըրի Ս. Յով­­սէփ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, ապա Յու­­նի­­­սի 4-ին առա­­ւօտեան 10։00-ին, Մար­­տի­­­նի Ս. Յով­­սէփ եկե­­ղեցիին մէջ, յետ վե­­րանո­­րոգու­­թեան՝ եկե­­ղեց­­ւոյ վե­­րօծ­­ման արա­­րողու­­թեամբ։

Պտոյ­­տի ըն­­թացքին մաս­­նա­­­ւոր այ­­ցե­­­լու­­թիւն պի­­տի տրո­­ւի Կա­­զիան­­թէ­­­փի եր­­բեմնի Հայ Կա­­թողի­­կէ եկե­­ղեցիին, ինչպէս նաեւ Հռոմկլա­­յի պատ­­մա­­­կան Կա­­թողի­­կոսա­­րանին՝ եռա­­մեծ Հայ­­րա­­­պետ Ս. Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի սրբա­­գոր­­ծած վայ­­րե­­­րուն եւ Սուրբի դամ­­բա­­­նին, անոր յա­­ւեր­­ժութեան փոխ­­ման 850-ամեակին առ­­թիւ։

Նոյն ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան ծի­­րէն ներս, ակա­­դէմա­­կան ժո­­ղով մը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ «Տիգ­­րա­­­նակերտ եւ Հա­­յեր» խո­­րագ­­րով, Հայ Կա­­թողի­­կէ Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսա­­րանի եւ Տիճ­­լէ Հա­­մալ­­սա­­­րանի հա­­մագոր­­ծակցու­­թեամբ, որու ըն­­թացքին պի­­տի բա­­նախօ­­սեն Պրոֆ. Եըլ­­տըզ Տե­­ւեճի Պոզ­­քուշ եւ Դոց. Դոկտ. Րի­­ֆաթ Վե­­տաթ Եըլ­­տը­­­րըմ։ Գի­­տաժո­­ղովին փակ­­ման խօս­­քը պի­­տի կա­­տարէ Ար­­հի. Տ. Լե­­ւոն Արք. Զէ­­քիեան։

Ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան վեր­­ջին օրը այց պի­­տի տրո­­ւի նաեւ Տէյ­­րուլզա­­ֆարան եւ Մօր Կապ­­րիէլ Ասո­­րի վան­­քե­­­րուն։

Դի­­ւան Հայ Կա­­թողի­­կէ Առաջ­­նորդա­­րանի

Իս­­թանպուլ 28 Մա­­յիս 2023

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ