Հայրենաբաղձութեան կանչը

ԼՈՐԱ ՊԱՅԹԱՐ ՉԱՓԱՐ

Այս շա­բաթ Մու­սա լեռ­ցիի մը մա­սին պի­տի պատ­մեմ։ Եր­կար տա­րիներ Գա­նատա ապ­րած, բայց սիր­տը միշտ Մու­սա Լե­րան լան­ջե­րուն բա­բախած Ժան Աբ­րա­համեանը պի­տի պատ­մեմ։ Երեք տար­բեր եր­կիրնե­րու վրայ վերստին կեանք կա­ռու­ցած, բայց հայ­րե­նաբաղ­ձութիւ­նով տա­ռապած բիւ­րա­ւոր հա­յերէն էր ան։ Ափ­սոս՛ եր­կու շա­բաթ առաջ կորսնցու­ցինք զինք։

1952-ին ծնած էր Տա­մաս­կոս։ ապա հա­սակ առաւ Լի­բանա­նի մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութի մէջ։ Հայ­րը Անդրա­նիկ եւ Մայ­րը Ալիս 1915-ին հե­ռացած էին Մու­սա Լե­ռէն։

1976-ին Լի­բանա­նեան քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի շրջա­նին գաղ­թեց Թո­րոն­թօ։ Կարճ ժա­մանակ անց ծա­նօթա­ցաւ տի­կին Յաս­մի­կի հետ եւ ամուսնա­ցան։ Անդրա­նիկը, Նա­յիրին եւ Նա­րեկը հոն ծնան ու մեծ­ցան։ Ճիշժ է՝ Ժան Աբ­րա­համեան Գա­նատա ապ­րե­ցաւ, բայց գա­նատա­ցի չդար­ձաւ, միշտ մնաց Մու­սա Լեռ­ցի։ Դուք հա­ւանա­բար հի­մա կը լսէք իր անու­նը։ Իսկ մե­զի հա­մար սո­վորա­կան Մու­սա լեռ­ցի մը չէր ան։ 15 Մա­յիսին պար­տո­ւեցաւ հի­ւան­դութեան, որուն դէմ կը պայ­քա­րէր վեր­ջին երեք տա­րինե­րուն։

1915-ին տե­ղահա­նու­թեան փո­խարէն լեռ բարձրա­նալով դի­մադ­րե­լը որ­դեգրած Եողու­նօ­լու­քի գիւ­ղա­ցինե­րէն էին Աբ­րա­համեան­նե­րը։ Իր պա­պերը ու­նէին երեք աղ­ջիկ եւ եր­կու մանչ զա­ւակ։ Երա­խանե­րու կրտսե­րագոյնն էր Անդրա­նիկ ու ծնած էր Փորթ Սաիտի գաղ­թա­կանաց ճամ­բա­րին մէջ։ 1919-ին իրենց բնօր­րա­նը Եողու­նօ­լուք վե­րադար­ձող ըն­տա­նիքը 1939-ին հե­տեւե­լով բիւ­րա­ւոր Մու­սա Լեռ­ցի­ներու, բռնեց գաղ­թի ճամ­բան՝ նախ Պէյ­րութ ու ապա Գա­նատա։

Ժան Աբ­րա­համեանի կեան­քին մէջ ան­կիւնա­դար­ձա­յին նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցաւ Վա­քըֆ­գիւղի մէջ Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի տօ­նակա­տարու­թեան ըն­թացքին առ­նո­ւած նկա­րահա­նում մը։ Այդ Վի­տէօ-Ժա­պաւէ­նին մէջ կը տես­նէ կին մը, որ շատ կը նմա­նի իր հօր՝ Անդրա­նիկին։ Իրա­կանու­թեան մէջ այդ տե­սածը իր հա­րազատ հօ­րաքոյրն է, բայց ինք տե­ղեակ չէ այդ իրո­ղու­թե­նէն։ Այդ օրէն ետք միշտ տա­րուե­ցաւ մտա­ծելու թէ Մու­սա Լե­րան վրայ հա­րազատ­ներ ու­նի։ Երբ լսեց որ իր բա­րեկամ­նե­րէն մէ­կը Մու­սա Լեռ պի­տի այ­ցե­լէ, իս­կոյն տե­սախ­ցիկ մը ապա­հովե­լով յանձնեց ըն­կե­րոջը ու պա­տուի­րեց. «Այս տե­սախ­ցի­կը հետդ տար, իբ­րեւ իմ աչ­քե­րը։ Թող քեզ հետ շրջի, տես­նէ ու լսէ»։ Բա­րեկա­մը կը յար­գէ իր խոս­տումը, կը գտնէ Ժա­նի հա­րազատ­նե­րը, որոնք զինք կը հրա­ւիրեն հայ­րե­նի եր­կիր։ Այդ տե­սագ­րութիւննե­րը դի­տելով իս­կոյն կը դի­մէ հե­ռախօ­սին։ Մի առ մի կը զան­գա­հարէ։ Զան­գա­հարած­նե­րէն մէկն ալ իմ կե­սուր մայրս է։ Այս հա­ղոր­դակցու­թե­նէն մի­ջոց մը ետք Ժան աղ­բա­րիկ կը հա­ւաքէ ճամբրու­կը ու կը հաս­նի Վա­քըֆ­գիւղ։ Կ՚այ­ցե­լէ Եողու­նօ­լու­քի պա­պենա­կան տու­նը։ Տու­նի այժմու բնա­կիչ­նե­րը սրտա­բաց կը դի­մաւո­րեն զինք բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով։ Ան­տիոքի հիւ­րա­սիրու­թեան դրսե­ւորումն է՝ «բա­րի գա­լուստ» կո­չը։ Անոնք «բա­րի գա­լուստ» մաղ­թանքով կը դի­մաւո­րեն եկո­ղը եւ նոյն մաղ­թանքով կը ճա­նապար­հեն։ Գի­տեմ՝ տա­րօինակ թո­ւեցաւ ճա­նապար­հե­լու պա­հին ալ բա­րեգա­լուտ ըսե­լը, բայց այդպէս է։ Սուրճ կը մա­տու­ցեն կրկին բա­րի գա­լուստ կ՚ըսեն։ Չի­մացո­ղին հա­մար հետզհե­տէ ան­տա­նելի կը դառ­նայ բա­րի գա­լուստը։ Երե­ւի Ժան Աբ­րա­համեանի հա­մար ալ այդպէս եղած էր, որ ձայ­նը բարձրաց­նե­լով եւ քիչ մըն ալ յան­դի­մանա­կան ոճով կը զայ­րա­նայ՝ «Դուք բա­րի եկած էք, ձեզ բա­րի գա­լուստ» ըսե­լով։ Իրա­ւացի է այս պոռթկու­մը, քա­նի որ ինք այդ պա­հուն իր պա­պենա­կան տունն է, ըն­տա­նեկան հա­րազատ տու­նը։ Իսկ հի­մա կին մը յայտնո­ւած ու յա­ճախ «բա­րի եկած էք» ըսե­լով իր տան մէջ զինք հիւ­րա­սիրել կը ջա­նայ։

Անոր այդ պոռթկու­մը տպա­ւորեց մեր գիւ­ղա­ցինե­րուն։ Ան տեղացի­ներու յի­շողու­թեան մէջ դրոշ­մո­ւեցաւ ար­ցունքոտ աչ­քե­րով տե­սախ­ցի­կը ձե­ռին շրջող կեր­պա­րով։

2018-ին երկրորդ այ­ցե­լու­թիւն մը եւս ըրաւ Մու­սա Լեռ։ Այս ան­գամ ըն­տա­նիքէ ներս հար­սա­նիք մը պատ­ճառ եղած էր իր այ­ցե­լու­թեան։ Ու­րախ էր, խան­դա­վառ։ Շուրջպա­րին մաս­նակցե­ցաւ ու եր­կար եր­կար զրու­ցեց իր ժո­ղովուրդին հետ, մա­նաւանդ ալ Մու­սա Լե­րան բար­բա­ռով։ 1915-ի դա­րադար­ձին Ժան Աբ­րա­համեանի դուստրը Նայի­րին ալ այ­ցե­լած էր գիւղ։ Ան ալ հօ­րը նման նոյն հա­րազատ ջեր­մութիւ­նը վա­յելեց։ Հան­դի­պեցաւ զար­միկնե­րուն-զար­մուհի­ներուն, որոնց տու­նը առա­ջին ան­գամ կը մտնէր, բայց դուրսէն տես­նո­ղը կը կար­ծէր թէ միշտ հոն բնա­կած է։

Դժո­ւար է ար­մատնե­րէն պո­կուի­լը։ Բո­լոր դա­րերուն, բո­լոր եր­կիրնե­րէ ներս, բո­լոր մշա­կոյթնե­րու հա­մար հա­ւասար դժո­ւարու­թիւն մըն է այս։ Ար­դա­րեւ Ժան Աբ­րա­համեանն ալ իբ­րեւ վեր­ջին կտակ աւան­դեց, որ այ­րեն իր մար­մի­նը եւ մո­խիրը ար­ձա­կեն Մու­սա Լե­րան բար­ձունքնե­րէն դէ­պի Եողու­նօ­լուք՝ պա­պենա­կան գիւ­ղը։

Կա­տարո­ւեցաւ իր կտա­կը եւ եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տարո­ւած յու­ղարկա­ւորու­թե­նէն վերջ դա­գաղը դուրս բե­րուե­ցաւ դհոլ զուրնա­յի նո­ւագակ­ցութեամբ։

Յա­ռաջի­կայ օրե­րուն դուստրը Նա­յիրի իր հօր կտա­կը աւար­տին հասցնե­լու հա­մար կրկին պի­տի այ­ցե­լէ Մու­սա Լեռ եւ Ժան Աբ­րա­համեանի մո­խիրը պի­տի թո­ղու լե­րան քա­միին, որ­պէսզի տա­րածո­ւի ամ­բողջ Մու­սա Լե­րան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ