18Մայիս հինգշաբթի օր, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ աւանդական շուքով նշուեցաւ Համբարձման տօնը։ Սահակ Բ. Պատրիարքի մատուցած Ս. Պատարագի աւարտին հիւանդանոցի Կոմիտաս սրահին մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ սեղան։ Այստեղ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ելոյթ ունենալով նշեց թէ յաջորդ վարչական շրջանին ինք թեկնածու պիտի չըլլայ։ Շիրինօղլու իր ելոյթի ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահ Էրտողանին, բժիշկ Սեւան Սըվաճըօղլուի պատգամաւորական թեկնածութիւնը առաջադրելուն համար։
Ատենապետը ներկայացուց նաեւ հիւանդանոցի տարեկան հաշուեցուցակը։ Ան այս առթիւ կրկին անգամ մեղադրեց յատկապէս դպրոց ունեցող թաղականութիւնները, պնդելով որ անոնք կը թերանան իրենց առաքելութեանց մէջ եւ միշտ ակնկալութիւններ կ՚ունենան հիւանդանոցի կողմէ տրամադրուած նեցուկին համար։ Այդ քննադատութիւններէն բաժին հասաւ նաեւ իրմէ վերջ այս պաշտօնը ստանձնելու յաւակնութիւն ունեցողներու հասցէին։