Վերջապէս հասած ենք նախագահական ընտրութեան բախտորոշիչ հանգրուանին։ 28 Մայիսին Թուրքիոյ քաղաքացիները անգամ մը եւս պիտի երթան ընտրութեան տեղամասեր, ճշդելու համար երկրի նախագահը։ Այս պահուն գործող նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի երրորդ անգամ բարձրանալ այդ պաշտօնին։ Իսկ մրցակից Քեմալ Քըլըչտարօղլու յաւակնութիւն ունի երկրի ԳԺ. նախագահը դառնալու։
Ընտրութեան ընդառաջ յստակ եղած իրողութիւնը քաղաքական գետնի վրայ բոլոր բարոյական արժանիքներու հիմնայատակ կործանումն է։ Վերացած է այս լուրջ պաշտօնի պահանջած պատշաճութիւնը եւ ընտրութիւնը յաղթահարելու համար կը տիրէ համատարած գայթակղութիւն։
Նախագահ Էրտողան իր մրցակիցը արհամարհելու համար կը դիմէ սուտի ու կեղծիքի։ Փոխադարձաբար Քըլըչտարօղլու չի վարանիր անբարոյ սակարկութիւններու մէջ մտնելով դրժել իր նախորդ խոստումները։ Այսպէս 24 Մայիս չորեքշաբթի օր ան այս անգամ ալ իր կողքին ունեցաւ ծայրայեղ ազգայնական գործիչ մը, յանձին Իւմիթ Աքտաղի։ Այս վերջինը ծանօթ է Թուրքիա ապաստանած գաղթականները վտարելու մասին իր խոստումներով։ Քըլըչտարօղլու ծայրայեղ աջակողմեան այս գործիչին ալ պարտադրած պայմաններուն յօժարելով ձայնակցեցաւ գաղթականները իսկոյն վտարելու պահանջին։ Ոչ միայն այդքանը, Քըլըչտարօղլու Էօզտաղի աջակցութիւնը ապահովելու համար խոստացաւ նաեւ շարունակել Էրտողանի կառավարութեան օրօք գործադրուած ընտրեալ քաղաքապետներուն տեղ նշանակուած տեղապահներ (քայյում) նշանակելու ռազմավարութիւնը։ Երեւոյթ մը՝ որուն ընդհակառակը խոստացած էր իր քարոզարշաւի ընթացքին։
Արդարեւ 28 Մայիսի ընտրութիւնները չարեաց փոքրագոյնը ճշդելէ աւելին պիտի չի նշանակեն երկրի ժողովուրդին համար։