Պոլսահայ համայնքէն փաստաբան Սիմոն Չէքէմ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան հաղորդում ներկայացուցած է քաղաքի մզկիթներէն մէկուն մէջ քարոզի ժամանակ «հայու սերմ» արտայայտութիւնն օգտագործած իմամի վերաբերեալ։
Պոլսահայ փաստաբանը դատախազութենէն պահանջած է, որ իմամը պատժուի ժողովուրդին մէջ ատելութիւն ու թշնամանք հրահրելու, խտրականութեան, նուաստացման, վիրաւորանքի եւ սպառնալիքի համար։
Սիմոն Չէքէմ իր դիմումին մէջ ըսած է. «Կասկածեալի կողմէ հնչեցուած այս խօսքերը հայ ազգութեան մասին, որու անդամն եմ ես, հասարակութիւնը կը դրդեն ատելութեան, խտրականութեան ու թշնամանքի։ Բացայայտ խտրականութիւն եւ ատելութիւն պարունակող բառերը ատելութեան խօսքի վրայ հիմնուած յանցագործութիւն են»։ Չէքէմը նշած է, որ տեղի ունեցածը կը համապատասխանէ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 216/2 կէտին եւ կը պատժուի վեց ամիսէն մէկ տարի ժամկէտով ազատազրկութեամբ։
Նշենք, որ Սուլթանկազիի Ճեպեճի մզկիթին մէջ իմամ Մուրատ Կիւնտողտուն ուրբաթ օրուան աղօթքի ժամանակ հաւատացեալներուն նախագահական ընտրութիւններու օրը զինուած ըլլալու կոչ ըրած է եւ միեւնոյն ժամանակ օգտագործած է «հայու սերմ» արտայայտութիւնը։
Բջջային հեռախօսով կատարուած տեսագրութիւններէն պարզ դարձած է որ Կիւնտողտուն ըսած է. «Եղբա՛յր, պատրաստեցէ՛ք ձեր զէնքերը։ 28 Մայիսին պատրաստ պահէք ձեր զէնքերը, իմ երկու զէնքերն ալ մինչեւ վերջ լիցքաւորուած են։ Ան, որ ինքզինքէն վստահ է, թող հրապարակ գայ։ Ի՞նչ կը քաշենք մենք ձեր ձեռքէն։ 80 տարի է այս երկիրը ձեր ձեռքէն ի՞նչ կը քաշէ, հայու սերմերու ձեռքէն ի՞նչ կը քաշէ։ Այդքան նահատակներ ունինք»։
Տեսագրութեան հանրայնացումէն ետք առաջացած աղմուկի ֆոնին Թուրքիոյ Կրօնական գործերու վարչութիւնը յայտարարած էր, որ հետաքննութիւն սկսած է զէնքերը պատրաստելու վերաբերեալ իմամի կոչի հարցով։ Կիրառուած ատելութեան խօսքի թեմայով դեռ որեւէ պաշտօնական մեկնաբանութիւն չէ եղած։