ՀՀվարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Եւրախորհրդարանի նախագահ Շուլցի միջնորդութեամբ կայացած ժողովի աւարտին կողմերը յայտարարած էին թէ կը ճանչնան իրարու հողային ամբողջութիւնը։ Այս համաձայնութիւնը միաժամանակ կը նշանակէր Արցախի Հանրապետութիւնը դասաւորել Ատրպէյճանի մասնիկ ըլլալով։ Բնականաբար դժուար ընդունելի հաստատում մըն է այս, քանի որ Արցախ աւելի քան երեք տասնամեակներ համաշխարհային հասարակութեան կը ներկայանայ ինքնիշխան անկախ պետութեան մը հանգամանքով։ Թէեւ այդ պետութիւնը ճանաչում չէ գտած որեւէ երկրի կողմէ, ներառեալ Հայաստանի։ ՄԱԿ նոյնպէս մերժած է Արցախի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը աշխարհի երկիրներու ցուցակին մէջ։
Ի դէմ այս աննպաստ պայմաններուն, Արցախի Հանրապետութիւնը անցնող ժամանակահատուածի մէջ պետութեան մը կառոյցը բնութագրող բազմաթիւ փորձերը յաջողութեամբ յաղթահարած էր, բայց այս իրողութիւնը տեսանելի չեղաւ համաշխարհային հասարակութեան համար։ Ինքնակոչ պետութիւնը կազմեց խորհրդարան, գոյացուց արդի պետութեան համար անհրաժեշտ բոլոր գործիքաւորումները, շնորհիւ գործող կառավարութեան ու անոր նախարարներուն։ Հերթական կերպով կատարեց խորհրդարանի ընտրութիւնները, որոնք անցան թափանցիկութեան սկզբունքներու համապատասխան կերպով։
Այս բոլորը նշանակութիւն չունեցան «Իրաւունքը զօրաւորին է» սկզբունքի գերիշխութեան պայմաններու մէջ։ Այս մասին կարելի է օրինակ թուել Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը, որ նման օրինակ կը պարզէ իր ինքնակոչ յայտնութեամբ, բայց մօտ 50 տարիներ է, որ կը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը։ Ան նոյնպէս չունի համաշխարհային ճանաչում, երկրի օդակայաններուն վայրէջք չեն կատարեր օտար երկիրներէ եկած ինքնաթիռներ, ձայն չունի ՄԱԿ-ի ամբիոնին վրայ, բայց ի՞նչ հոգ, կը շարունակէ մնալ անսասան։
Վերջին համաձայնութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Փաշինեանը խաչել ուխտած ընդդիմութիւնը անգամ մը եւս թափ տայ իր հալածանքին։
Եկեղեցին նոյնպէս միացած է հալածանքի այդ արշաւին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յայտարարութիւններով։
Մայիս 23-ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց որ կը մերժէ Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ, ոեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ։ «10 Դեկտեմբեր 1991-ին համաժողովրդային քուէարկութեամբ Արցախը ինքնիշխանութեան իր հաւաքական կամքը արդէն արտայայտած է։ Միջազգային օրէնքին համաձայն, ժողովուրդ մը ինքնորոշման իրաւունք ունի։ Հետեւաբար, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքը չի կրնար զոհը դառնալ շրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու փորձերուն» ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Նոյն օրը, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողով, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացի առնչութեամբ կատարուած յայտարարութիւնները։
Ապա, խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր դարձեալ կը շեշտուէր Արցախի Հանրապետութեան դէմ առ դէմ գտնուած սպառնալիքները եւ կը պահանջուէր մերժել ՀՀ բանակցային գործընթացին իշխանութիւններու որդեգրած վտանգաւոր ու անընդունելի դիրքորոշումները։