Սփիւռք, գաւառ եւ փոխակերպում

Յատ­­կանշա­­կան է սա­­կայն, Պուրճ Հա­­մու­­տի մէջ հայ­­կա­­­կան որե­­ւէ մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­տադրու­­թիւն մէջ­­տեղ գա­­լու կող­­քին, Պուրճ Հա­­մու­­տին՝ ինքնին ար­­տադրու­­թիւն ըլ­­լա­­­լը։ Արա Մա­­ծու­­նեան «Թռչնոց Բոյն» խո­­րագի­­րով իր լու­­սանկար­­չա­­­կան փոր­­ձագրու­­թեան մա­­սին խօ­­սելով, Ազ­­դակ օրա­­թեր­­թին (2017) տո­­ւած հար­­ցազրոյ­­ցին մէջ կ՚ըսէ՝ «Կայ Պուրճ Հա­­մու­­տը մեր հա­­ւաքա­­կան երե­­ւակա­­յու­­թեան մէջ եւ Պուրճ Հա­­մու­­տը մեր ան­­հա­­­տական տպա­­ւորու­­թիւննե­­րուն մէջ:

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ֆրան­­սա­­­ցի քի­­միկոս Ա. Լա­­վուա­­զիէի «ոչ մէկ բան կը կոր­­սո­­­ւի, ոչ մէկ բան կը ստեղ­­ծո­­­ւի, այլ ամէն բան կը փո­­խակեր­­պո­­­ւի» քի­­միագի­­տական օրէն­­քը կը փո­­խադ­­րենք Լի­­բանա­­նահայ գա­­ղու­­թի մեր թա­­ղերուն մէջ։ Այն ինչ որ ապ­­րած ենք Արեւմտա­­հայաս­­տա­­­նի եւ Կի­­լիկիոյ մեր հո­­ղերուն վրայ, փոր­­ձե­­­ցինք ներ­­մուծել սփիւռքի մեր գա­­ղութնե­­րուն մէջ՝ կազ­­մե­­­լով ինչ որ կը կո­­չենք հայ­­կա­­­կան։ Ատի­­կա դար­­ձաւ կռո­­ւանը մեր ինքնու­­թեան, ու աւե­­լի քան 100 տա­­րի ետք տա­­կաւին կը փոր­­ձենք կառ­­չիլ հո­­ղին, ար­­մատնե­­րուն, վե­­րար­­տադրել բա­­ղադ­­րիչնե­­րը մեր հայ­­կա­­­կանու­­թեան։ Ձե­­ւով մը մեր չտե­­սած բայց գրա­­կանու­­թեան մէջ կար­­դա­­­ցած գա­­ւառին հո­­ղը, ջու­­րը, օդը եւ կրա­­կը կ՚այ­­լա­­­փոխենք՝ եկե­­ղեցիով, մշա­­կոյ­­թով, լե­­զուով եւ գո­­յապայ­­քա­­­րով։

Մին­­չեւ երի­­տասարդ տա­­րիքս բնաւ հարկ չէի զգա­­ցած դուրս գալ Պուրճ Հա­­մու­­տի սահ­­մաննե­­րէն, որոնք վե­­րէն՝ պատշգամ­­նե­­­րէն կա­­խուած եռա­­գոյն դրօշ­­ներ, վա­­րէն՝ նար­­տիի զա­­ռերուն ձայ­­ներ, աջէն՝ սուրճի գա­­ւաթի շուրջ հայ­­կա­­­կան լու­­րեր ար­­ծարծող­­ներ, ձա­­խէն՝ հա­­յերէն կրա­­ֆիթի էին։ Ին­­չո՞ւ պէտք պի­­տի ու­­նե­­­նայ մարդ արա­­րածը դուրս գա­­լու մի­­ջավայ­­րէ մը, երբ ինքնու­­թեան բո­­լոր ար­­ժէքնե­­րը ամ­­բողջո­­վին ապ­­րե­­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը ու­­նի։ Հոն կան հայ­­կա­­­կան երեք յա­­րանո­­ւանու­­թիւննե­­րու եկե­­ղեցի­­ներ, դպրոց­­ներ, թա­­տերաս­­րահ, մշա­­կու­­թա­­­յին կեդ­­րոններ, հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թիւններ, դար­­մա­­­նտու­­ներ, ար­­հեստա­­նոց­­ներ. աւե­­լին՝ կան բո­­լորո­­վին հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րով բնա­­կուած շրջան­­ներ… այլ խօս­­քով, բո­­լոր բա­­ղադ­­րիչնե­­րը, որոնք պէտք ու­­նիս կեն­­դա­­­նի պա­­հելու մայ­­րե­­­նի լե­­զուդ, որ հիմ­­նա­­­կան ազ­­դակնե­­րէն է ինքնու­­թեան։ Ու­­շա­­­դի՛ր, ասի­­կա Պուրճ Հա­­մու­­տը ռո­­ման­­թի­­­քաց­­նե­­­լու գրու­­թիւն չէ, այլ՝ փորձ մըն է հասկնա­­լու Պուրճ Հա­­մու­­տի ապ­­րած տար­­բեր տե­­ղայ­­նա­­­կանու­­թիւններն ու ժա­­մանա­­կայ­­նութիւննե­­րը։

1960-ական­­նե­­­րուն կի­­սուն, Ֆրան­­սա­­­ցի փի­­լիսո­­փայ Մի­­շել Ֆու­­կոյ կը յա­­ռաջաց­­նէ «հե­­թերո­­տոպիա» եզ­­րը՝ նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար վայ­­րեր, որոնք ձե­­ւով մը աշ­­խարհի մը մէջ աշ­­խարհ մը ըլ­­լա­­­լու իրո­­ղու­­թիւն կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն, օրի­­նակ՝ հա­­յելին, նա­­ւը, թա­­տերաս­­րա­­­հը, արա­­բական բաղ­­նի­­­քը, բան­­տը։ Հե­­թերո­­տոպիա ըսե­­լով Ֆու­­կոյ կը խօ­­սի իս­­կա­­­կան վայ­­րե­­­րու մա­­սին, որոնք շրջո­­ւած են, հա­­կա-տե­­ղանքներ են։ Առ­­նենք Պուրճ Հա­­մու­­տը օրի­­նակ, Լի­­բանա­­նի մայ­­րա­­­քաղաք Պէյ­­րութի արո­­ւար­­ձաննե­­րուն մէջ գտնո­­ւող վայր մըն է, որ միաժա­­մանակ՝ սփիւռքի մէկ ան­­կիւնը գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող տա­­րածք կը հա­­մարուի սփիւռքա­­հայ գա­­ղութնե­­րուն հա­­մար։ Ու­­նի իր խթա­­նիչ ու­­ժը, որ, թէ­­կուզ մա­­կըն­­թա­­­ցու­­թեամբ եւ տե­­ղատո­­ւու­­թեամբ, տա­­կաւին յա­­մառօ­­րէն կը շա­­րու­­նա­­­կէ վե­­րար­­տադրել հայ­­կա­­­կանու­­թիւն ու տար­­բեր իրա­­կանու­­թիւն մը կը ստեղ­­ծէ իր գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցած շրջա­­պատէն։ Պուրճ Հա­­մուտ տար­­բեր իրա­­կանու­­թիւն մը կը ստեղ­­ծէ նաեւ Պուրճ Հա­­մուտցիի մը հա­­մար, որ լքած է վայ­­րը՝ այ­­սուհան­­դերձ տա­­կաւին կա­­պակ­­ցութիւն մը ու­­նե­­­նալով վայ­­րին հետ։ Միայն այս քա­­նի մը շաբ­­թո­­­ւան ըն­­թացքին Պուրճ Հա­­մու­­տի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած են եր­­կու թա­­տերա­­խաղե­­րու ներ­­կա­­­յացումներ, Ար­­ցա­­­խի մա­­սին վա­­ւերագ­­րա­­­կան ժա­­պաւէ­­նի մը ցու­­ցադրու­­թիւն. գա­­լիք օրե­­րուն տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նան մշա­­կու­­թա­­­յին ձեռ­­նարկներ, 4 թա­­տերա­­կան ներ­­կա­­­յացումներ, ի շարս այ­­լոց եւ ի բա­­ցառեալ Պուրճ Հա­­մու­­տէն դուրս տե­­ղի ու­­նե­­­ցած հայ­­կա­­­կան ձեռ­­նարկնե­­րուն։ Այս խթա­­նիչ ու­­ժը կու գայ թէ՛ միու­­թիւննե­­րէ ու թէ՛ ան­­հատնե­­րէ։

Յատ­­կանշա­­կան է սա­­կայն, Պուրճ Հա­­մու­­տի մէջ հայ­­կա­­­կան որե­­ւէ մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­տադրու­­թիւն մէջ­­տեղ գա­­լու կող­­քին, Պուրճ Հա­­մու­­տին՝ ինքնին ար­­տադրու­­թիւն ըլ­­լա­­­լը։ Արա Մա­­ծու­­նեան «Թռչնոց Բոյն» խո­­րագի­­րով իր լու­­սանկար­­չա­­­կան փոր­­ձագրու­­թեան մա­­սին խօ­­սելով, Ազ­­դակ օրա­­թեր­­թին (2017) տո­­ւած հար­­ցազրոյ­­ցին մէջ կ՚ըսէ՝ «Կայ Պուրճ Հա­­մու­­տը մեր հա­­ւաքա­­կան երե­­ւակա­­յու­­թեան մէջ եւ Պուրճ Հա­­մու­­տը մեր ան­­հա­­­տական տպա­­ւորու­­թիւննե­­րուն մէջ: Փոր­­ձե­­­ցի երկխօ­­սու­­թիւն մը ստեղ­­ծել պատ­­կերնե­­րուն եւ գրու­­թիւննե­­րուն մի­­ջեւ: Հիմ­­նա­­­կանին մէջ ու­­զե­­­ցի երկխօ­­սու­­թեան սկիզ­­բը ըլ­­լայ ասի­­կա այն մա­­սին, թէ Պուրճ Հա­­մուտ ստեղ­­ծա­­­գործման 100 տա­­րուան պատ­­մութիւ­­նը եւ շրջա­­նին վե­­րաբե­­րեալ մեր երե­­ւակա­­յու­­թիւնը կամ տպա­­ւորու­­թիւնը որ­­քա­­­նո՞վ կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նեն իրա­­րու»։ Խոր­­քին մէջ, լի­­բանա­­նահա­­յերուս հա­­մար առա­­ջին հեր­­թին Պուրճ Հա­­մու­­տը կո­­րու­­սեալ հայ­­րե­­­նիքին գա­­ղափարն է՝ իր կեն­­ցա­­­ղով, ար­­հեստնե­­րով, մշա­­կոյ­­թով… Ո՞ւր կա­­րելի էր գտնել հա­­ւաքա­­կանու­­թիւն մը, որ 1920-ական­­նե­­­րուն աւար­­տին ամէն օր իր գոր­­ծէն վե­­րադար­­ձին պի­­տի ուղղո­­ւէր Նոր Մա­­րաշ թաղ ու իր ար­­հեստա­­ւորի ձեռ­­քե­­­րով քար առ քար բարձրաց­­ներ եկե­­ղեցին, որ մին­­չեւ օրս կը ծա­­ռայէ Ս. Քա­­ռաս­­նից Ման­­կանց եկե­­ղեցի անո­­ւան տակ։ Այս գա­­ղափա­­րին զու­­գա­­­հեռ է, որ գո­­յու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նայ Պուրճ Հա­­մու­­տը՝ Լի­­բանա­­նի ներ­­քին դրո­­ւած­­քին ու քա­­ղաքա­­կանու­­թեան ու ըն­­կե­­­րատնտե­­սական հար­­ցե­­­րուն հետ յա­­րաբե­­րու­­թեան մէջ մտնե­­լով։ Այս յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու ճամ­­բով մէջ­­տեղ կու գան Պուրճ Հա­­մու­­տի տար­­բեր ժա­­մանա­­կայ­­նութիւննե­­րը, այ­­սինքն մէկ կող­­մէն կայ յի­­շողու­­թեան ժա­­մանա­­կայ­­նութիւ­­նը՝ հայ­­կա­­­կանը, որ կը բա­­նի շրջա­­դար­­ձա­­­յին կեր­­պով. յի­­շողու­­թիւն, որ 2023-ի դրու­­թեամբ աւե­­լի շատ սե­­րունդէ սե­­րունդ փո­­խան­­ցո­­­ւած է, քան՝ ապ­­րո­­­ւած. ու կայ գծա­­յին ժա­­մանա­­կայ­­նութիւ­­նը, որ կը պար­­տադրուի իշ­­խող հա­­մակար­­գին կող­­մէ։

Բար­­ռե­­­սիա Գո­­լէք­­թի­­­վի գա­­ւառի գրա­­կանու­­թեան առ­­ցանց քննար­­կումնե­­րուն ըն­­թացքին խօ­­սեցանք Հա­­մաս­­տե­­­ղին կեր­­պարնե­­րուն եւ գա­­ւառին պատ­­մութիւ­­նը կեն­­դա­­­նի պա­­հելու կա­­րեւո­­րու­­թեան մա­­սին, ինչպէս նաեւ անդրա­­դար­­ձանք Խրի­­մեանին, Սրո­­ւանձտեանց ու Զար­­դա­­­րեանին ոճին՝ Յա­­կոբ Օշա­­կանին «Հա­­մապատ­­կեր Արեւմտա­­հայ Գրա­­կանու­­թեան» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան յե­­նելով։ Պե­­ղեցինք հայ­­րե­­­նի հո­­ղը մշա­­կած մար­­դոց կեան­­քը՝ արո­­ւես­­տի գոր­­ծի ընդմէ­­ջէն, եւ հաս­­կա­­­ցանք, որ գիւ­­ղագրու­­թիւնը եղաւ ազ­­գին դի­­մագի­­ծը հասկնա­­լու մի­­ջոց, ինչպէս նաեւ՝ վե­­րադարձ դէ­­պի հո­­ղը, ար­­մատնե­­րը՝ թէ գրո­­ղին ու թէ ըն­­թերցո­­ղին հա­­մար։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն ետք, հայ­­րե­­­նիքի շրջա­­կայից եր­­կիրնե­­րը ապ­­րե­­­լով, պա­­պերս փոր­­ձած էին այնքան մը մօտ ապ­­րիլ իրենց հո­­ղին՝ ո՛չ միայն որ­­պէսզի շու­­տով կա­­րենա­­յին ֆի­­զիքա­­պէս վե­­րադառ­­նալ տուն պա­­հը հնչե­­լուն պա­­րագա­­յին, այլ նաեւ՝ մեկ­­նե­­­լով հո­­ղին հան­­դէպ իրենց կա­­պուա­­ծու­­թե­­­նէն, որ կը տես­­նենք գա­­ւառի գրա­­կանու­­թեան մէջ։ Իսկ ներ­­կա­­­յիս, երբ գա­­ւառա­­ցին դար­­ձած է սփիւռքա­­հայ, գա­­ւառին հո­­ղը այս պա­­րագա­­յին փո­­խարի­­նուե­­լով Պուրճ Հա­­մու­­տով՝ իբ­­րեւ հե­­թերո­­տոպիա, Պուրճ Հա­­մուտ խթա­­նիչ ուժ կը դառ­­նայ վե­­րար­­տադրե­­լու հայ­­կա­­­կանու­­թիւնը՝ չկոր­­սո­­­ւելով, սա­­կայն՝ փո­­խակեր­­պո­­­ւելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ