«Ոչնչից չզարմանալը միակ
միջոցն է պահպանել սեփական
ողջամտութիւնը»։
Հորացիոս
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Միջազգային յարաբերութիւններու կաթսան կ՚եռայ եւ մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կը ձգտի իր շահերուն համապատասխան դիրք գրաւել պահելու սեփական իշխանութեան սկզբունքները։ Գաղտնիք չէ, որ 1948-ի Նիւրնպերկեան դաշնագրով ծնան նոր Հրէաստանի իրաւունքները՝ փոխուեցան կանոնները։ Ծագումով հրեայ գործիչներ, որոնք կը գրաւէին կարեւոր պաշտօն բազում իշխանութիւններու կազմին եւ մօտ կապի մէջ ըլլալով դրամի միջազգային շուկայի ոլորտին, կարողացան քննարկուող շատ որոշումներ շտկել՝ իրենց երկրին ի նպաստ։ Այդ բարենպաստ երեւոյթներու հիմնական նեցուկը եղած են հրեայ հոգեւորականները։ Այսու մտադիր չեմ անոնց գովքը ընելու, միայն թէ ցաւալի է, որ մենք նման սատար չունեցանք մեր կղերէն եւ չկարողացանք հայանպաստ քայլեր ձեռնարկել այն երկրներուն, ուր հաստատուած էինք դարերէ ի վեր (բացառութիւնները յարգելի են)։ Զարմացնող կամ ողբալի գոյժը հասաւ, որ Երուսաղէմի մեզ պատկան դարաւոր հողերը՝ «Կովերու պարտէզ»ը, ծախուած են պատրիարք Նուրհան Մանուկեանի կամքով, առանց նման գործարքի որեւէ յատուկ պատճառի։ Տեղին է գուցէ յիշեցնել, տարիներ առաջ միջնադարեան ձեռագրերու աճուրդով վաճառքը Լոնտոնի մէջ, Եղիշէ պատրիարքի ու Շահէ արք. Աճէմեանի գործարքները։ Նման արարքները առանց ուշադրութեան չեն մնար եւ ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի հայերու դարեր ի վեր պատմական ներկայութեանը՝ Յորդանանն ու Պաղեստինը կը մերժեն Երուսաղէմի պատրիարքի հեղինակութիւնը։ Այն տհաճ կարծիքը կը ստեղծէ, թէ մեր բարձրաստիճան հոգեւորականները կը մրցին, թէ ո՞վ կարող է աւելի մեծ անօրինական քայլ առնել։ Ախոյեանները շատ են։
Վիճակը աւելի բարենպաստ չէ Մայր Աթոռի շուրջ, ուր վերադասը իր միաբաններու մի ստուար բանակով հաւաքագրուած է Ապրիլ 27-ի հեղինակ ընդդիմադիր ստոր ուժերու հետ եւ անոնց պահանջով ու թելադրանքով կը գործէ հայ պետականութեան դէմ, մինչեւ իսկ ժողովուրդի մի մասին թուրք անուանելով։ Չար լեզուները կը պնդեն, թէ նաեւ կնամոլութիւնն ու միասեռականութիւնը բացակայ չեն այդ միջավայրէն։ Կարեւոր է նշել, որ նոյն հոգեւոր դասը չցանկացաւ եւ մերժեց համատեղ յարգանքի տուրք մատուցել եղեռնի զոհերուն, իշխանութիւններու հետ միասին եւ այցելեց յուշարձան առանձին խմբով։
Զարմանա՞նք, թէ՞ ողբանք։ Զարմանքը երկդէմ բնոյթի է, նման հռոմէական Յանուս աստծուն, այն պոռթկում է ինչպէս ուրախալի, նոյնպէս գայթակղիչ երեւոյթներու պարագային, երբ մանաւանդ անոնք անսպասելի են՝ անակնկալ։ Երեւոյթը անհերքելի է թէ՚ հասարակական եւ թէ՚ անհատական միջավայրին, մանաւանդ երբ զարմանքի պատճառ երեւոյթները հանրային բնոյթի են եւ մի ձեւով կը հակասեն հաստատուած աւանդոյթներուն։ Այդպէս է որ երբեմն զարմանքը ազնուօրէն կը փոխարինէ բողոքին կամ հրճուանքին։
Ինչպէ՞ս չզարմանալ եւ չհրճուիլ, երբ կիւմրեցի քառասուն տարեկանն անց Յասմիկ Մանուկեանը, 44-օրեայ դժոխքի ընթացքին կորցնելով միակ որդին, կամքի ուժ կ՚ունենայ եւ կը որոշէ՝ դարձեալ մայրանալ եւ յաջողութեամբ ծննդաբերել կորցրած զաւակին փոխարինող, որուն փայլուն ապագայ կը մաղթենք։
Ինչպէ՞ս չզարմանալ եւ հարց չտալ, որ տասնեակ համալսարաններու եւ կրթութեան նախարարութեան, գիտութիւններու կաճառի ներկայութեան, բազում տոքթոր- փրոֆէսորներու առկայութեան հայրենաբնակ, բարեկիրթ ազգակիցներու թիւը մեր երկրին օրէցօր կը նուազի, տեղը զիջելով գաւառականութեանը, մանաւանդ ոսկեղնիկի ասպարէզին, որ գրեթէ համատարած է։ Ոչ ոք անհանգստացած չէ այդ վիճակով, որ կը տիրէ նոյն խժալուր հնչեղութեամբ ԱԺ-ին, հեռատեսիլի ասուլիսներուն եւ գրեթէ ամենուր, իսկ հանրային միջավայրի մասին խօսելն անգամ աւելորդ է։
Միթէ դարերով Օսմանեան հալածանքներու տակ ըլլալու մեր պատմական անցեալը եւ պոլշեւիկեան գորշ մթնոլորտը ազդած եւ բթացրա՞ծ են մեր ազգային մտածելակերպը եւ բարեպաշտութիւնը։ Այլ կերպ ինչպէ՞ս բացատրել մի բուռ հայրենաբնակներու մէջ կուտակուած այն հսկայածաւալ ատելութիւնը իրար հանդէպ, որ առկայ է ասուլիսներու կամ քաղաքական վիճաբանութիւններու ընթացքին, երբ բարեկրթութիւնը արգիլուած է։ Ի՞նչ ըսել գրաւոր թէ բանաւոր անբարոյ մամուլի մասին, որ բոլոր կարմիր գծերը անցած է, որ ընդունակ է չեղածը եղածի տակ ներկայացնելու եւ հակառակը։ Կա՞յ արդեօք այլ երկիր, ուր բնակիչներու մի կէսը միւսին «թուրք» կոչելով պատրաստ են իրար յօշոտել։ Այս դէպքին զարմանքի տեղ այլեւս չկայ, այլ միայն՝ ողբի։ Երեւոյթը ընդդիմադիր կամ համակիր ըլլալու խնդիր չէ, այլ բարձրաստիճան տխմարութեան, որ խնամքով կը զարգացնեն որոշ քաղաքական գործիչներ։
Երկրի անվտանգութեան խնդիրը, որ ամենակարեւորն է, մեր ուսեալ, ստեղծագործ եւ նորարար երիտասարդներու ուշադրութեան արժանի հարց չէ դարձած, որ գլուխ գլխի գալով նոր զէնք ստեղծեն թէ՚ յարձակողական եւ թէ՚ պաշտպանական բնոյթի։ Ստոյգ է, որ այդպիսի հնարաւորութիւն կայ, միայն թէ բարձր պետական մակարդակով այն պիտի խթանուի եւ հայու պրպտող միտքը, որ բեղուն է տարբեր ոլորտներուն, մանաւանդ դրամաշորթութեան, այդ ասպարէզին եւս արդիւնաւէտ կարող է ըլլալ, քանզի երեւոյթը աննախադէպ չէ։ Ոմանց յաջողուած է նման համարձակ նախաձեռնութեան յաղթող ըլլալ, որեւէ պատճառ չկայ, որ մենք եւս չըլլանք ի՚ զարմանս շատերու։
(Սեն Ռաֆայէլ)