ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ
Մեր ժողովուրդի զոյգ հանճարներ՝ Հայ երգի Մեսրոպ Մաշտոց՝ Կոմիտասի եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի այս տարուայ զոյգ յոբելեաններու համաժողովրդական, համազգային՝ աւելի կամ պակաս յաջող միջոցառումներու պատճառով, ցաւալիօրէն հայրենիքի եւ սփիւռքի պատկան մարմիններու կողմէ անուշադրութեան մատնուեցաւ ամենայն հայոց բանաստեղծուհի (հաւատացէք՝ չափազանցութիւն չէ) Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեայ յոբելեանը։
Իսկապէս լաւ է, որ մեզ հետ չէ այսօր տաղանդաւոր բանաստեղծը ու արձակագիրը, որպէսզի տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս կ՚աղաւաղեն մեր լեզուն, հայոց լեզուն, եւ դեռ հայրենի իշխանութիւնները կը ցանկանան հայերէնի ուսուցումը նուազեցնել եւ կամ ալ հանել բարձրագոյն կրթութեան համակարգէն։ «Լեզուի մասին օրէնք» կը մշակեն անոնք, որոնք կարգին գրական հայերէնով խօսիլ եւ գրել չեն գիտեր։ Իրականին՝ որտեղէ՞ն իմանան խեղճերը, երբ հիմնականին հասակ առած են այս վերջին դժնդակ 30 տարիներու ընթացքին։
Ահա թէ ըստ առակագիր Եզնիկ Բալիկի, ի՞նչ «հայերէն» բառեր կը գործածեն Հայաստանի խորհրդարանը՝ կոնկրետ, մինիմալ, ֆինանսական, կոռուպացուած, օբյէկտներ, էֆեկտիւ, ֆիքսել, ակտիւացնել, էմոցիոնալ, ասպեկտ, մեսըջ, անիմացիա, նեգատիւ, էկոնոմիկա, ադապտացնել, սիտուացիա, պոզիտիւ եւ այսպիսի՝ հիմնականին ռուսերէնէն, անգլօ-ֆրանսերէնէն փոխառնուած բառեր։
Այս ի՞նչ է, սովետական կարգերո՞ւն կը մօտենանք։ Այդ մեր ժամանակ էր, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն հայերէնի, հայոց լեզուի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ժամեր չկային։
Այս օրերուն, հայ լեզուի հետ կապուած այս քաշքշուկներու, վլվլոցներու եւ անձնական հոգեկան ապրումներու արդիւնքին ծնաւ այս յօդուածը, ու միտքս եկաւ չքնաղ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի Աղօթք-պատգամը՝ որպէս հիմն ուղղուած մայր լեզուին՝ «Քո մայր լեզուն չմոռանաս…»։
Ուստի, թող իմ այս յօդուածը աւելի քան յարգանքի տուրք ըլլայ անոր պայծառ յիշատակին ու յիշեցնէ մարդկանց, աւելի ճիշդ Հայաստանի պատկան մարմիններուն, որ մեր մաքուր, անարատ գրական լեզուն է ամուր պատուարը մեր հայրենիքի գոյութեան։ Մշտապէս պէտք է յիշել մեծերու կողմէ Աստծոյ թելադրանքով արուած կոչը՝ «Չկա՜յ մայրենի լեզու, չկա՜յ հայրենիք…»։
Սկիզբէն ըսեմ, որ այս գրութիւնը աղերս չունի գրականագիտական յօդուած համարուելու։ Այն մի հակիրճ ակնարկ է բանաստեղծուհիի եւ արձակագրի գրական մտածողութեան, անմեկնելի վառ հայրենասիրութեան մասին։ Այս յօդուածը ժամանակին, 2007 թուականին իմ կողմէ ընթերցուած է Սիտնէյ, տեղի Համազգայինի մի խումբ երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած երեկոյի ընթացքին, ուր յաւուր պատշաճի ոգեկոչուած է Սիլվա Կապուտիկեանի մահուան միամեայ տարելիցը։
Բանաստեղծուհի, արձակագիր, հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեանը գրիչ-խարազանն ի ձեռին մշտապէս անվախօրէն պայքարեցաւ իրեն ծնող ժողովուրդի արդար պահանջները արհամարող թէ՛ իշխանական եւ թէ իշխանութիւններուն գերի եղող ուժերու դէմ։
Յիշեցէք խնդրեմ 2004-ի Ապրիլեան դէպքերը Երեւանի Բարեկամութեան պողոտայի վրայ, երբ իշխանական բռնի ուժերը ցրեցին խաղաղ ցոյցի մասնակիցները։ Այդ միջադէպի առնչութեամբ որպէս բողոքի նշան, անուանի բանաստեղծուհին ետ վերադարձուց իրեն շնորհուած «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը։
Այստեղ կարող է հարց ծագի՝ ո՞ւր էր Սիլվա Կապուտիկեանը խորհրդային կարգերու օրօք, երբ կը հալածուէր ազատ մտածողութիւնն ու ազատ խօսքը, առաւել եւս՝ ազատ մամուլն ու ազատօրէն գործելու, արարելու, ստեղծելու ամէն մի փորձ։
Փորձէք կրկին ընթերցել գրողի գրականութիւնը եւ, հազիւ թէ դժուար ըլլայ հաստատել մի պարզ հանգամանք, որ է՝ այո՛, Կապուտիկեանը, ինչպէս շատ տեղին նկատած է տոքթոր Գառնիկ Գալստեանը՝ «Հաւասարապէս նուագում էր երկու լարի վրայ՝ ազգային-հայրենասիրական ու համայնավարական-միջազգայնական»։
Առերեւոյթ՝ կարող է թուիլ, թէ Կապուտիկեանը կը կեղծէր ինքն իրեն, սակայն՝ բնաւ երբէք. ան կը հաւատար, որ գրականութեամբ, մշակոյթով հնարաւոր է համերաշխ գործունէութիւն ծաւալել երկու կառոյցներուն ալ։ Բնատուր տաղանդի շնորհիւ ան կը կարողանար ճիշդ գնահատել իրավիճակը եւ վարպետօրէն նոր ու համահունչ միջոցներով ագուցել այդ կառոյցները։
Ժամանակին, խորհրդային տարիներուն, քիչ չէին Կապուտիկեանի նման այն մտաւորականները, մշակոյթի եւ գիտութեան գործիչները, որոնք գրաքննութեան խիստ պայմաններուն անգամ կը կարողանային մեծագոյն արժէքներ երեւան հանել խորհրդային մամլիչի անիւների տակէն։
Խորհրդային օրերուն չէ՞ր, որ Պարոյր Սեւակը երկնեց «Մարդը Ափի Մէջ», «Եղիցի Լոյս», «Եռագոյն Պատարագ» եւ «Անլռելի Զանգակատուն» հանճարեղ պոեմները։
20-րդ դարի, իմ որակումով Խրիմեան Հայրիկ՝ Վազգէն վեհափառը, նորոգութեան անուան տակ, 35 տարիներու ընթացքին կառուցեց եկեղեցիներ, վերաբացաւ անգործութեան մատնուած բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ մատուռներ։ Օգտուելով իր՝ մարդկային եւ անձնական հմայքէն, «լեզու գտնելով» իշխանութիւններու հետ, ան կարողացաւ սփիւռքի մեծահարուստ հայերէն դրամ հայթայթել հայ եկեղեցու յաւերժութիւնը ապահովելու համար։
Այնպէս որ, եթէ Սիլվա Կապուտիկեանը «նուագում» էր երկու լարի վրայ, այդ կ՚ընէր միայն ու միայն մեր ժողովուրդի շահերէն ելլելով։
Այնուհանդերձ, հիմնական լարը՝ բասը, որ իր ժողովուրդի հոգերն ու արժէքներն կը մարմնաւորէր, աւելի հնչեղ էր ու կայուն, հաստատուն ու անբեկ…։ Իսկ միւսը՝ բարակ լարը հնչեղ չէր, տժգոյն էր ու անսիրտ…։
Խորհրդային կարգերուն բարձրաձայն հակադրուելու պէտք չունէր Կապուտիկեանը, ան շատ լաւ գիտէր՝ «Կաթից վառուողը մածունն էլ է փչելով ուտում»։ Ան գտած էր միջին ճամբայ՝ առանց նեղացնելու մէկուն կամ միւսին։ Ազգայինը դարձնելով հիմնական գիծ, իր գրականութեան մէջ հիմնականին կեանքի կը կոչէր արտաքուստ անմեղ թուացող թեմաներ. հայրենիք, սէր, բնութիւն, մայր, երախայ, քաղաքամայր Երեւան։
Առերեւոյթ, Սիլվա Կապուտիկեանը խոշոր, ընդհանրացնող թեմաներ արծարծող բանաստեղծուհի չէ։ Այսինքն՝ կը գրէ կարծես անպատրաստի, պահի, դէպքի անմիջական ազդեցութեան տակ։ Մասամբ ընդունելով հանդերձ, նման բնորոշումը անոր քերթողութեան գնահատման առումով, չենք կրնար չհաստատել, որ Կապուտիկեանը առաջին հայեացքէն անմեղ թուացող թեմաներու շնորհիւ խոշոր, համամարդկային ընդհանրացումներ կ՚ընէր։ Ահա նման գլուխգործոցներէն մէկը՝ «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան վերջին երկու տողը.
«Թէ մօ՜րդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս…»
Որդուն ուղղուած նման մի պատգամ, ընդամէնը երկու տողի մէջ, որպէս հայրենասիրութեան, հայասիրութեան փառայեղ դիմում ու հրամայական, անթեւ թռչնիկի պէս երեկ, այսօր, վաղը եւ յաւերժ պիտի անպայմանօրէն բուն դնէ իւրաքանչիւր հայորդու հոգիին՝ ո՛ւր ալ որ ան ապրած ըլլայ։
Սիլվա Կապուտիկեանի հայերգութեան մէջ ներառնուած են Հայաստանն ու անոր գիւղերը, բնութիւնը՝ մարդկանցով, եւ մանաւանդ Երեւանը՝ իր խենթուխելառ բնաւորութեամբ, անմիջական, մտերմիկ մարդկանցով լի փողոցներով ու հրապարակներով։ Եւ այդ ամէնուն մէջ, իր ողջ կեանքը մեր մայրաքաղաքին սիրահարուած բանաստեղծուհին։
Անձնական սիրոյ հանդէպ կարծես անտարբեր բանաստեղծուհին ահա թէ ինչ նոր գոյնով, նորովի ընկալումով կը բարձրացնէ մարդկային այդ անմեռ զգացումը.
«Ո՜ւր էլ գնաս, ես քեզ հետ եմ, ես կը գամ
Ո՛չ, չե՜ս կարող, ինձ չե՜ս կարող մոռանալ»։
Դժուար չէ հասկնալ, որ բանաստեղծուհիի սէրը հիմնականին անպատասխան սէր է։ Որքան ալ մերժուած, ան պարտաւոր է յորդոր, պատգամ թողուլ մարդկանց.
«Է՜հ, ի՞նչ արած, բախտը խռով
Թող աշխարհում մեզ չյիշի,
Միայն ապրենք մենք սիրելով՝
Թէկուզ ես՝ քեզ, դու՝ ուրիշի…»
Անշուշտ, միայն «Մասիսացաւ»ով տառապող Շիրազը հազիւ թէ երիտասարդ տարիքին կարողանար հասկնալ, թէ ինչպէս իր համար կեանքի ընկեր ընտրած Սիլվա Կապուտիկեանը ի զօրու է բանաստեղծութեան Մասիսը ելնել ու այնտեղէն, Վանէն մինչեւ Երեւան գովերգել հայ մարդուն, հա՛յ գիրը, հա՛յ լեզուն, հա՛յ քնարերգութիւնը ու այդ ամէնը ամբողջացնող Մայր Հայաստանը։
Ժամանակին, Աստծոյ բարի թէ չար կամոք համատեղ կեանքը չստացուեց անոնց մօտ։ Գուցէ բարին այդ էր, որովհետեւ հակառակը ըլլալու պարագային, հազիւ թէ մենք ունենայինք կողք-կողքի երկու յանճարեղ բանաստեղծներ։
Սիլվա Կապուտիկեանի արձակ գործերու մէջ կ՚առանձնանայ ճանապարհորդութիւններու ընթացքին գրի առած այն գործերը, որոնց մէջ կ՚արծարծուին սփիւռքահայ մարդու հոգերն ու հայրենի երկրի կարօտէն օրէօր հիւծուող, բզկտուող հոգին։
Դժբախտաբար, նոյնիսկ այս անկախութեան տարիներուն անգամ դեռ «Քարաւանները քայլում են», սակայն, կ՚ուզենք հաւատալ, որ քարաւաններն այս անգամ կը քայլեն յետադարձ քայլով՝ հանգրուանելու համար Արարատի փէշերուն, ուր անոնք կը հիւսեն իրենց նոր բոյնը։
«Դո՛ւ, իմ ժողովուրդ, դու ապրե՜լ ես, կա՜ս,
Այսպէ՚ս՝ ապրելով…»։
Սեւակեան շնչով գրուած այս երկու տողը բաւարար է Սիլվա Կապուտիկեանի անմեկնելի հայրենասիրութիւնը բնորոշելու համար։