Փերա Երաժշտական Դպրոցը Պոլսոյ երաժշտական ուսման ոլորտի մէջ յայտնի հաստատութիւն մըն է։ Դպրոցի աւարտական հանդէսները շրջանաւարտներու յաջող կատարումներով հետզհետէ դարձեած են երաժշտական վայելք։
Այս տրամադրութեան մէջ Փերայի Երաժշտական Դպրոցը այս տարի 17-20 Մայիս թուականներու միջեւ կազմակերպեց ԺԸ. դաշնամուրի փառատօնը։ Մրցման բնոյթով այս փառատօնի ընթացքին 13-14 տարեկաններու դասաւորման մէջ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու արժանանալով անուանի անուններէ բաղկացած դատակազմի գնահատանքին, նուաճեց առաջնութեան պատուաբեր մրցանակը։
Պարէտի երաժշտական ուսումը սկսած է 9 տարեկանին դաշնակահար Պերիլ Էրենի հսկողութեամբ։ Ան միաժամանակ գեղարուեստական համալսարանի երաժշտանոցի մէջ կ՚աշակերտէ Փրոֆ. Պուրճու Ուրկունին։
Խոստմնալից դաշնակահարը անցեալ տարուայ Յունիս ամիսին ալ նոյն առաջնութեան մրցանակը նուաճած էր IPC միջազգային դաշնամուրի մրցման մէջ։
Այս առթիւ կը շնոհաւորենք երիտասարդ դաշնակահարը, խնդակցելով նաեւ իր ծնողին, մեր բարեկամ Մարալ Չաղլըչուպուքճուի։