Նախորդ շաբաթ Հրանդ Տինք Վարժարանի առաջին դասարանցիները՝ դասվար Դոնարա Բեբուրեանի գլխաւորութեամբ խանդավառութեամբ մասնակցեցան Ընթերցման Տօնին։ Աշակերտները երգ ու բանաստեղծութեամբ փառաբանեցին Մեսրոպեան այբուբենը։ Մեծ էր ծնողներու ոգեւորութիւնը, որովհետեւ իրենց զաւակները օտարութեան մէջ դարձան գրաճանաչ։ Դպրոցի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեան շնորհաւորեց աշակերտները եւ մայրիկները այս հրաշալի իրողութեան առթիւ։
«Դուք հայերէն տառե՛ր սիրուն,
Այսօրուանից իմն էք յաւէտ,
Կեանքի բոլոր ճամբաներում
Միշտ էլ պիտի քայլեմ ձեզ հետ»
Մնաս բարով, մանկապարտէ՛զ
Մայիսի 19-ին տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինք վարժարանի կից «Գարուն» մանկապարտէզի սաներու աւարտական հանդէսը՝ ուսուցիչներ Մարգարիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի, Անժելա Ենգոյեանի նախաձեռնութեամբ։
Միջոցառումը յագեցած էր մանուկներու զիլ ասմունքներով, ուրախ երգ ու պարերով, ծնողներու սիրառատ ներկայութեամբ, որ դպրոցի յարկի տակ ստեղծեց հայաշունչ մթնոլորտ։ Միջոցառման պատուաւոր հիւրերն էին համայնքի յայտնի բարերար պարոն Նազար Պինաթլըն եւ իր ընտանիքի անդամները։ Վերջինս բարձր գնահատեց վարժարանի առաքելութիւնը հայաստանցի երախաներու կեանքին մէջ, որոնք վաղ թէ ուշ կը վերադառնան հայրենիք հիմնաւոր գիտելիքներով եւ կը շարունակեն իրենց ուսումը Հայաստանի տարբեր դպրոցներուն։
Հոգաբարձու տիկին Դալար Հորոզօղլուն վարժարանի անունին պարոն Նազար Պինաթլըին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իբրեւ երախտագիտութիւն յուշանուէր յանձնեց իրենց դպրոցի գոյատեւման աշխատանքին տարիներ ի վեր իր սիրայօժար ջանքերու, բարոյապէս եւ նիւթապէս իր ամբողջ ուժը ի գործ դնելու եւ միշտ իրենց թիկունք կանգնելով՝ դպրոցին նեցուկ կենալուն համար։
Վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանը պարոն Նազարին ուղղուած իր խօսքին մէջ. «Բարեգործութեան դռներէն ներս մտնելը դժուար է, բայց աւելի դժուար է դուրս ելլելը։ Ուրախ ենք, որ այդ բարեգործութեան դուռը այս անգամ Հրանդ Տինք Վարժարանն էր, որով դուք ներս մտաք եւ այլեւս դուրս չեկաք։ Յուսանք՝ միշտ մեզ հետ կ՚ըլլաք»։
Հանդիսութեան վերջաւորութեան երախաներուն յանձնուեցան աւարտական վկայականներ։