14Մայիս կիրակի օր, կատարուեցաւ Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Ընտրութեան մասանակցութիւնը բաւականին բարձր էր, մօտենալով 89 տոկոսի։
Ընտրամասերու մէջ հայրենակիցներ նախ ճշդեցին նախագահական թեկնածու երեք անուններէն մէկը եւ ապա նախընտրութիւն կատարեցին մասանակցող 24 կուսակցութիւններու միջեւ։ Բացի այդ, 151 անձեր ալ անհատաբար առաջադրած էին իրենց թեկնածութիւնը։
Ընտրութեան աւարտին նախագահի թեկնածուներէն ոչ մէկը յաջողեցաւ գերազանցել 50 տոկոսի պատնէշը։ Այսպէսով նախագահական ընտրութիւնը մնաց 28 Մայիսին կայանալիք երկրորդ փուլին։ Առաջին փուլին գործող նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ապահովեց ձայներու 49,50 տոկոսը, որու դիմաց ընդդիմադիր դաշինքի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու ապահոված էր ձայներու 44,89 տոկոսը։ Այժմ հարցական է թէ ընդդիմադիր դաշինքը արդեօք պիտի կրնա՞յ հաւասարակշռել եւ գերազանցել այս տարբերութիւնը։
Խորհրդարանի անդամակցութեան համար եւս կայացաւ խիստ մրցակցութիւն մը, որու հետեւանքով գոյացած արդիւնքը անսպասելի էր զանազաններու համար։ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը նուաճեց ամենաշատ պատգամաւոր, բայց արգելք չի կրցաւ ըլլալ իր ձայներու նահանջին։ Ազգային Շարժում Կուսակցութիւնը եւս անակնկալի մը պատճառ դարձաւ նուաճելով նախատեսուածէն շատ աւելի բարձր քուէներ։ Կանանչներու Ձախ Կուսակցութիւնը ակնկալուածէն աւելի նուազ ձայներով հազիւ 62 պատգամաւոր ղրկեց խորհրդարան, որոնց 30-ը կիներ են։
Այսպէսով ձեւաւորուեցաւ աջակողմեան ծանրութիւնով խորհրդարան մը։