Անպատուաբեր զարգացումներ հայ եկեղեցւոյ դիմաց

Հայ եկե­ղեց­ւոյ նո­ւիրա­պետա­կան չորս աթոռ­նե­րէն Երու­սա­ղէմի Պատ­րիար­քա­րանի հա­­­մար բա­­­ւական աղմկա­­­յարոյց էր նա­­­խորդ շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջը։ Յոր­­­դա­­­­­­­նանի Թա­­­գաւո­­­րու­­­թիւնը եւ Պա­­­ղես­­­տի­­­­­­­նի կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը նոյն օր կը հրա­­­պարա­­­կէին, թէ չեն ճանչնար Նուրհան Մա­­­նու­­­կեան Պատ­­­րիար­­­քի հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը։ Նման որո­­­շու­­­մի ետին կայ հսկա­­­յածա­­­ւալ զեղ­­­ծա­­­­­­­րարու­­­թիւն մը։ Մօտ ան­­­ցեալին ար­­­դէն բա­­­ւակա­­­նին լուրջ քննա­­­դատո­­­ւած էր հա­­­մայնքա­­­պատ­­­կան կա­­­լուա­­­ծի մը իս­­­րա­­­­­­­յէլեան ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան 99 տա­­­րի ժամ­­­կէ­­­­­­­տով վար­­­ձա­­­­­­­կալո­­­ւելու խնդի­­­րը։ Ստո­­­րեւ մեր ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րուն կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նենք Միաբա­­­նական ընդհա­­­նուր ժո­­­ղովի Դի­­­ւանի կող­­­մէ հրա­­­պարա­­­կուած յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնը։

«13 Մա­­­յիս, 2023-ին հրա­­­ւիրո­­­ւած ար­­­տա­­­­­­­հերթ Միաբա­­­նական ժո­­­ղովը, որուն կը մաս­­­նակցէին Սուրբ Երկրի մէջ ծա­­­ռայող միաբան հայ­­­րե­­­­­­­րը, իր խոր մտա­­­հոգու­­­թիւնը յայտնեց Մա­­­յիս 11-ին հրա­­­պարա­­­կուած Յոր­­­դա­­­­­­­նանի Հա­­­շիմա­­­կան Թա­­­գաւո­­­րու­­­թեան եւ Պա­­­ղես­­­տի­­­­­­­նեան կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան որոշ­­­ման առնչու­­­թեամբ, որով սա­­­ռեցուած է Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Հայ Պատ­­­րիարք՝ Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մա­­­նու­­­կեանի պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ճա­­­նաչու­­­մը։

Միաբա­­­նական Ժո­­­ղովը առա­­­ւել մտա­­­հոգ է եւ անակնկա­­­լի եկած այն փաս­­­տէն, որ այս որո­­­շու­­­մը կը յա­­­ջոր­­­դէ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Հայ Պատ­­­րիար­­­քի եւ Տնօ­­­րէն Ժո­­­ղովի երեք կա­­­րեւոր եւ վճռա­­­կան որո­­­շումնե­­­րու.

1) Պատ­­­րիարք Սրբա­­­զանը 11 Յու­­­նո­­­­­­­ւար, 2023-ին Կա­­­լուա­­­ծոց տես­­­չութեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նէն հե­­­ռացուց նախ­­­կին Պա­­­րետ Ծ. Վար­­­դա­­­­­­­պետ Երէ­­­ցեանը,

2) 6 Մա­­­յիս, 2023-ին Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Հայ Պատ­­­րիար­­­քի նա­­­խագա­­­հու­­­թեամբ գու­­­մա­­­­­­­րուած Տնօ­­­րէն Ժո­­­ղովը միաձայն որոշ­­­մամբ կար­­­գա­­­­­­­լոյծ հռչա­­­կեց Պա­­­րետ Ծ. Վար­­­դա­­­­­­­պետ Երէ­­­ցեանը,

3) 10 Մա­­­յիս, 2023-ին անոր ար­­­տաքսեց Սրբոց Յա­­­կոբեանց մայ­­­րա­­­­­­­վան­­­քէն.

Կա­­­րեւոր է շեշ­­­տել, որ Պատ­­­րիարք Սրբա­­­զանը այս որո­­­շումներն առաւ եւ կամ գոր­­­ծադրեց այն բա­­­նէ ետք, երբ հա­­­մոզո­­­ւեցաւ, որ կարգ մը հար­­­ցե­­­­­­­րու մէջ Պա­­­րետ Ծ. Վար­­­դա­­­­­­­պետ Երէ­­­ցեան չա­­­րաչար օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած է անոր վստա­­­հու­­­թիւնը եւ իրա­­­գոր­­­ծած է իր խա­­­բեբայ եւ խար­­­դախ գոր­­­ծընթա­­­ցը։

Նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով վե­­­րոն­­­շեալ բո­­­լոր փաս­­­տե­­­­­­­րը, Միաբա­­­նական ժո­­­ղովը միաձայն կը դի­­­մէ Յոր­­­դա­­­­­­­նանի Հա­­­շիմա­­­կան Թա­­­գաւո­­­րու­­­թեանը եւ Պա­­­ղես­­­տի­­­­­­­նեան կա­­­ռավա­­­րու­­­թեանը կոչ ընե­­­լով վե­­­րանա­­­յիլ իրենց որո­­­շու­­­մը եւ չե­­­ղեալ նկա­­­տել այն, որը մե­­­ծապէս պի­­­տի նպաս­­­տէ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի Հայ Պատ­­­րիար­­­քին՝ առանց խո­­­չըն­­­դո­­­­­­­տի ապա­­­հովե­­­լու Պատ­­­րիար­­­քութեան եւ հայ հա­­­մայնքի շա­­­հերը»։

Դի­­­ւան Միաբա­­­նական
Ընդհա­­­նուր Ժո­ղովոյ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ