«Մտահոգ եմ տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ապագայէն»

Աշխար­հահռչակ տնտե­սագէտ Տա­րոն Աճե­մօղ­լու իր «թո­ւիթըր»եան էջի վրայ մեկ­նա­բանեց վեր­ջին ընտրու­թիւննե­րու ար­դիւնքնե­րը 11 ան­ջատ գրա­ռումնե­րով։

Աճե­մօղ­լո­ւի հա­մաձայն ար­դիւնքը ըն­կա­լելու հա­մար պէտք է ըն­դունինք որ թուրք ընտրող­նե­րը ալ աւե­լի ազ­գայնա­կան դար­ձած են։ Նա­խագա­հը եւ իր գոր­ծընկեր­նե­րը ԶԼՄ-նե­րը ամ­բողջո­վին հսկե­լով հրահ­րե­ցին ազ­գայնա­կանու­թիւնը եւ ընդդի­մադիր­նե­րը մե­ղադ­րե­ցին քիւրտ ան­ջա­տողա­կան­նե­րու հետ հա­մագոր­ծակցե­լով։ Յա­ւելեալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի ալե­ւի ծա­գու­մը իր ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցաւ ար­դիւնքնե­րու վրայ։ Տնտե­սու­թեան սխալ ղե­կավա­րու­մը եւ զեղ­ծա­րարութթիւննե­րը շա­տերուն կար­ծի­քին, մինչ այդ իմ կան­խա­տեսած են աւե­լի նո­ւազ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցան։ Ամե­նացնցիչ երե­ւոյ­թը Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան երկրա­շար­ժէն տու­ժած շրջան­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թիւնն է։ Յայտնի է որ այստեղ բնա­կարա­նաշի­նու­թեան եւ աշ­խա­տանք ապա­հովե­լու մա­սին խոս­տումնե­րը գոր­ծի ծա­ռայե­ցին։

Ան­գամ մը եւս պար­զո­ւեցան որ շա­տերս ար­ժա­նի լրջու­թեամբ չենք գնա­հատած Էր­տո­ղանի քա­ղաքա­կան յատ­կութիւննե­րը եւ ըն­թացքը ճշգրիտ ար­ժե­ւորե­լով հսկե­լու կա­րողու­թիւնը։ Այս բո­լորը թրքա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու ապա­գային հան­դէպ մտա­հոգիչ ազ­դանշան­ներ են։ Դա­տական հա­մակար­գը եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւննե­րը կորսնցու­ցած են իրենց ան­կա­խու­թիւնը։ Կեդ­րո­նին շի­նարա­րական ոլոր­տին գտնո­ւած զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րու ցան­ցը լուրջ սպառ­նա­լիք մը ըլ­լալ կը շա­րու­նա­կէ։ Թէեւ իշ­խող կու­սակցու­թիւնը որոշ չա­փով ու­ժեր կորսնցուց, բայց միւս կող­մէ ընդդի­մու­թիւնը ալ աւե­լի տկա­րացաւ։ Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թիւնը դա­շին­քը պա­հելու հա­մար իր գոր­ծընկեր­նե­րուն աթոռ­ներ տա­լով սխա­լած կրնայ ըլ­լալ։ Ալ աւե­լի մտա­հոգիչ է այն պատ­կե­րը, երբ իշ­խա­նու­թիւնը իր պատսպա­րեալ­նե­րու ցան­ցը ամուր պա­հելու հա­մար երկրի պա­շար­նե­րը սպա­ռեց եւ խոս­տումնե­րով ալ աւե­լի մեծ ծախ­սե­րու պի­տի են­թարկո­ւի։ Ես ալ չեմ գի­տեր թէ եր­կի­րը այս տնտե­սական ան­կումին ինչպէս պի­տի դի­մադ­րէ։ Ես այս մա­սին ազ­դանշան մը չեմ տես­ներ։ Տնտե­սական ճգնա­ժամի դէմ պայ­քա­րը ստանձնե­լու կա­րող շատ քիչ մարդ կայ եւ հա­ւանա­բար զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին։ Մտա­հոգ եմ տնտե­սու­թեան եւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան ապա­գայէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ